Շաբաթ՝ 28 Ապրիլի երեկոյեան՝ Գավալայի «Եորղոս Փավլիտիս» համերգասրահէն ներս տեղի ունեցաւ կեդրոնական քաղաքական ձեռնարկ Հայոց Ցեղասպանութեան 103րդ տարելիցին առիթով։
Ձեռնարկը կազմակերպուեցաւ Հ.Յ.Դ. Հայ Դատի Յանձնախումբին եւ Գավալայի Թաղային Խորհուրդին կողմէ, Գավալայի մարզպետարանի գործակցութեամբ։ Ձեռնարկը իրենց ներկայութեամբ պատուեցին երեսփոխան Նիքոս Փանաեոթոփուլոս, Նէա Տիմոքրաթիայի նախկին երեսփոխան Եորղոս Քալածիս, յունական առաջնորդարանի ներկայացուցչը ու զօրաբաժնի ներկայացուցիչը։
Նաեւ Թեսաղոնիկէի եւ Արեւելեան Մակեդոնիոյ եւ Թրակիոյ հոգեւոր հովիւները, Ազգային վարչութեան ներկայացուցիչը, Հ.Յ.Դ. Կեդրոնական Կոմիտէի ներկայացուցիչը, Ա. Մակեդոնիոյ եւ Թրակիոյ Թաղային խորհուրդներու ներկայացուցիչներ, միջ-թաղային Խորհուրդի ներկայացուցիչը եւ այլ կառոյցներու ներկայացուցիչներ, ինչպէս նաեւ հայ եւ յոյն ժողովուրդ։
Հանդիսութիւնը սկսաւ հայկական եւ յունական քայլերգներով։
Բացման խօսքը կատարեց ընկ. Մարի Գալայճեան։ Ան իր խօսքին մէջ կարճ պատմական մը կատարեց այն «Կարմիր Կիրակի» օրուան՝ ինչպէս ըսաւ, երբ 250 մտաւորականներ ձերբակալուեցան, 1.500.000 հոգիներ սպաննուեցան, այրեցան կամ ալ խեղդուեցան Սեւ Ծովի կամ Եփրատ գետին մէջ։ Անդրադարձաւ Հայաստանի անկախութեան 100ամեակին, նաեւ Թուրքիոյ գոռոզային կեցուածքին, որ կը փափաքի մաս կազմել Եւրոպական Միութեան, շեշտելով թէ մեր պայքարը պիտի շարունակուի մինչեւ վերջ։
Ողջոյնի խօսքեր արտասանեցին՝ Հելլէն Խորհրդարանի կողմէ երեսփոխան պրն. Գոսթանտինոս Մորֆիտիս, Յունաստանի մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանի ներկայացուցիչ տիկ. Աննա Խաչատրեան, Գավալայի փոխ-մարզպետ պրն. Թէոտորոս Մարքոփուլոս եւ Գավալայի քաղաքապետ տիկ. Տիմիթրա Ցանաքա։ Օրուան դասախօս, նախկին արտաքին գործոց փոխ-նախարար՝ պրն. Էվրիփիտիս Սթիլիանիտիս, իր փորձառութիւնները արտայայտեց Գոմոթինիի մէջ մեծցած իր հայ ընկերներուն մասին, միասնաբար բաժնելով նոյն մտահոգութիւնները ապագայի համար, ինչպէս նաեւ Հայաստան իր այցելութեան շուրջ՝ փոխ-նախագահի պաշտօնով։
Կատարեց պատմական ուղեւորութիւն մը, անդրադարձաւ Թայիբ Էրտողանի ռազմավարութեան՝ մինչեւ իր շրջապատումը։
Վերջացնելով իր խօսքը շեշտեց, թէ Էրտողանը պէտք է ճանչնայ հայկական եւ յունական ցեղասպանութիւնները ու յարգէ միջազգային օրէնքը։
Գեղարուեստական բաժինը կը պարունակէր երեք երգեր տիկ. Հռիփսիմէ Տանիէլեանի կողմէ, դաշնակի ընկերակցութեամբ տիկ. Վիոլէթա Թօփալիտուի եւ Գավալայի քաղաքապետական լարային նուագախումբի կողմէ 2 դասական կտորներ՝ Մոցարթի եւ Շուպերթի։
Զ. Ա.