Կի­րա­կի՝ 2 ­Հոկ­տեմ­բեր 2016ին, ­Գա­րէա-­Կե­սա­րիա­նիի ­Թա­ղա­յին ­Խոր­հուր­դի նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ, մեծ թի­ւով հայ­րե­նա­կից­ներ այ­ցե­լե­ցինք ­Լաւ­րիօ քա­ղա­քը, ուր վայե­լե­ցինք նա­ւա­հան­գիս­տին գե­ղեց­կու­թիւ­նը եւ զա­նա­զան տե­սար­ժան վայ­րեր։
Ա­տի­կէի այս շրջա­նին մէջ, 1922ին յոյն գաղ­թա­կան­նե­րուն հետ ­Լաւ­րիո­յի եւ շրջա­կայ գիւ­ղե­րուն մէջ հաս­տա­տո­ւե­ցան 1200-1300 հա­յեր։

Այս հա­յե­րու մե­ծա­մաս­նու­թիւ­նը հաս­տա­տո­ւե­ցաւ ­Լաւ­րիօ նա­ւա­հան­գիս­տը, ինչ­պէս նաեւ ­Քա­մա­րի­զա (այ­սօ­րո­ւան ա­նու­նը Այ. ­Քոնս­թան­տի­նոս) եւ Փ­լա­քա գիւ­ղե­րուն մէջ։ Եր­կու գիւ­ղեր, ո­րոնք ստեղ­ծո­ւած էին 1860ա­կան թո­ւա­կան­նե­րէն հան­քե­րուն շուրջ, ուր բո­լոր այ­րե­րը կ­՚աշ­խա­տէին։

Քա­մա­րի­զա­յի գե­րեզ­մա­նա­տան մէջ կը պա­հո­ւին 1923էն մին­չեւ 1927 թո­ւա­կան­նե­րէն հինգ հայ­կա­կան տա­պա­նա­քար­ներ, ո­րոնք վեր­ջին շրջա­նին փաս­տա­բան պրն. Եոր­ղոս ­Փե­փա­սի նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ եւ հան­քաերկ­րա­բա­նա­կան թան­գա­րա­նի նա­խա­գահ պրն. ­Տի­միթ­րի ­Լու­քա­սի եւ գիւ­ղա­պե­տու­թեան օ­ժան­դա­կու­թեամբ՝ նո­րո­գո­ւե­ցան, մաքրո­ւե­ցան եւ ամ­փո­փո­ւե­ցան հայ­կա­կան տա­պա­նա­քար­նե­րու շրջա­կայ­քը։

Նո­րո­գու­թեան աշ­խա­տանք­նե­րը դեռ եւս ըն­թաց­քի մէջ են։
Կէ­սօ­րէն ետք, ­Քա­մա­րի­զա­յի գե­րեզ­մա­նա­տան մէջ կա­տա­րո­ւե­ցաւ հո­գե­հանգս­տեան ա­րա­րո­ղու­թիւն՝ ներ­կա­յու­թեամբ յա­րա­նո­ւա­նու­թեանց հո­գե­ւոր հայ­րե­րուն եւ շրջա­նի յոյն հո­գե­ւոր հո­վի­ւին։ ­Ներ­կայ էին նաեւ յու­նա­հայ գա­ղու­թի ներ­կա­յա­ցու­ցի­ներ եւ բազ­մա­թիւ ժո­ղո­վուրդ։

Իս­կա­պէս մեծ յու­զում պատ­ճա­ռեց հայ­կա­կան ա­նու­նե­րու ըն­թեր­ցու­մը տա­պա­նա­քար­նե­րուն վրայ, ուր ամ­փոփուած են ե­րեք ե­րե­խա­նե­րու մար­մին­նե­րը, ո­րոնց­մէ եր­կու­քը կը պատ­կա­նին եր­կո­րեակ ման­չուկ­նե­րու։
Նաեւ՝ Իս­րա­յիլ ­Մա­կո­յեա­նի տա­պա­նա­քա­րը, որ 29 տա­րե­կա­նին աշ­խա­տան­քա­յին ար­կա­ծի պատ­ճա­ռով հան­քե­րուն մէջ նա­հա­տա­կո­ւե­ցաւ։

Պրն. ­Փե­փա­սի բա­ցատ­րու­թեամբ, որ լսած էր իր հօրմէն, որ գիւ­ղին տէր-հայրն էր պա­տե­րազ­մէն ա­ռաջ, «…օր մը ե­կե­ղե­ցա­կան զան­գը՝ ան­հա­ւա­տա­լի դէպ­քը տեղեկացուց բո­լո­րին, քա­նի որ «ե­րի­տա­սարդ հա­յը» մա­հա­ցած էր։ Այն­քան ազ­նիւ ու բա­րի ու հրա­շա­լի ձայ­նով, ան միշտ կ­՚եր­գէր պան­դուխ­տի կո­րուս­տը։ ­Բո­լոր գիւ­ղէն շատ սի­րո­ւած էր, եւ իս­կա­պէս անոր կո­րուս­տը սար­սա­փե­լի վիշտ պատ­ճա­ռեց բո­լո­րին»։
Այս պատ­մու­թիւ­նը պրն. ­Փե­փա­սի ներշն­չեց, որ գրէ «­Թօ Ար­մե­նա­քի» պատ­մո­ւած­քը։

Նոյն օ­րը, ա­ռի­թը ու­նե­ցանք այ­ցե­լե­լու հան­քաերկ­րա­բա­նա­կան թան­գա­րա­նը, որու շրջա­կայ­քին մէջ հան­դի­սու­թիւն մը կա­տա­րո­ւե­ցաւ՝ նուիրուած հայ­կա­կան կար­ճա­տեւ գա­ղու­թի կեանքին։
Խօսք ա­ռին, իբ­րեւ կեդ­րո­նա­կան բա­նա­խօս, պրն. ­Փե­փաս, պրն. ­Տի­միթ­րիս ­Լու­քաս, ­Լաւ­րիո­յի քա­ղա­քա­պե­տը եւ գիւ­ղա­պե­տը։
Յա­տուկ նշո­ւե­ցաւ հայ­կա­կան աշ­խա­տան­քա­յին, բա­րո­յա­կան եւ մշա­կու­թա­յին ազ­դե­ցու­թիւ­նը ­Լաւ­րիո­յի շրջա­նին մէջ։

Պրն. ­Փե­փա­սը իր խօս­քին մէջ նշեց, թէ հա­յե­րը միշտ ան­վախօրէն եւ հե­րո­սա­բար մաս­նակ­ցե­ցան հան­քե­րու աշ­խա­տանք­նե­րուն եւ յատ­կան­շա­կան է, որ մին­չեւ այ­սօր հան­քե­րու պա­տե­րուն վրայ կրնանք կար­դալ այդ ժա­մա­նակ գրո­ւած հայ­կա­կան ա­նուն­ներ՝ հա­յե­րէն տա­ռե­րով. «­Յով­հան­նէս, ­Յա­րու­թիւն, Ար­թին, ­Մա­նուկ, ­Պետ­րոս, ­Սեդ­րակ եւ Ա­րամ»։

Նաեւ՝ այս նա­խա­ձեռ­նու­թիւ­նը պի­տի շա­րու­նա­կո­ւի, որ­պէս­զի այս տա­պա­նա­քար­նե­րը ձե­ւա­ւո­րո­ւին եւ այ­սու­հան­դերձ նկա­տո­ւին իբ­րեւ յու­շա­կո­թող նո­ւի­րո­ւած հայ գաղ­թա­կա­նու­թեան, շրջա­նէն ներս։
Խօ­սակ­ցու­թեան ժա­մա­նակ նաեւ ցու­ցադ­րո­ւե­ցան հա­մա­պա­տաս­խան նկար­ներ։
Պրն. ­Լու­քաս անդ­րա­դար­ձաւ ­Լաւ­րիո­յի հան­քե­րու դե­րա­կա­տա­րու­թեան յու­նա­կան պատ­մու­թեան մէջ, սկսե­լով հի­ն ժա­մա­նակ­նե­րէն մին­չեւ մեր օ­րե­րը, որ շրջա­նի բա­նո­ւոր­նե­րու ապս­տամ­բու­թեամբ կա­րո­ղա­ցան ա­պա­հո­վել ա­րիւ­նի գի­նով, ու­թը ժա­մո­ւայ աշ­խա­տանք բա­նո­ւոր­նե­րուն հա­մար։

Նաեւ նշեց, որ այս հան­դի­սու­թիւ­նը ա­մե­նաշ­քեղ եւ բազ­մա­մարդն է, որ կազ­մա­կեր­պո­ւած է թան­գա­րա­նին մէջ։
Ձեռ­նար­կէն ետք, ա­ռի­թը ու­նե­ցանք այ­ցե­լե­լու հան­քաերկ­րա­բա­նա­կան թան­գա­րա­նը, որ կը նե­րառ­նէ հան­քի մը մուտ­քը իր բո­լոր սար­քա­ւո­րում­նե­րով։
Բազ­մա­թիւ գոյ­ներ հրա­շա­լի ծիա­ծա­նա­փայ­լու­թեամբ եւ բիւ­րեղ­ներ փայ­լուն ինչ­պէս նաեւ աշ­խա­տան­քա­յին հնա­դա­րեան բայց տպա­ւո­րիչ գոր­ծիք­ներ։ ­Թա­փան­ցիկ շքե­ղու­թիւն, զա­նա­զան նմոյշ­նե­րով եւ կեր­պա­րանք­նե­րով։

Օ­ճառ­նե­րու, ամ­պե­րու, ծա­ղիկ­նե­րու նման, ա­պա­ցու­ցա­նե­ցին թէ են­թա­հո­ղին աշ­խար­հը կը ներ­փա­կէ ան­մո­ռա­նա­լի ա­նակն­կալ­ներ եւ իս­կա­պէս կ­’ար­ժէ, որ բո­լոր հայ­րե­նա­կից­նե­րը այ­ցե­լեն այս պատ­մա­կան վայ­րը, յար­գե­լով մեր հան­գու­ցեալ­նե­րը։
Վիշ­տը, ջան­քը եւ ի վեր­ջոյ փա­փա­քը ապ­րե­լու եւ յա­ռաջ­դի­մե­լու։
Աս­տո­ւած լու­սա­ւո­րէ ա­նոնց հո­գին՝ ծա­ռաս­տա­նին մէջ, ուր որ կը բնա­կին այ­լեւս, եւ ջերմ շնոր­հա­կա­լու­թիւն ­Գա­րէա-­Կե­սա­րիա­նիի ­Թա­ղա­կա­նու­թեան, որ կազ­մա­կեր­պեց այս հա­մեստ ուխ­տագ­նա­ցու­թիւ­նը։