Հա­յաս­տա­նի ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րա­րու­թիւ­նը կը հա­ղոր­դէ, թէ 21 Մար­տին նա­խա­րար Է­դո­ւարդ Նալ­բան­դեան ըն­դու­նեց Եւ­րո­պա­կան Ար­տա­քին Գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րու Ծա­ռա­յու­թեան ա­րե­ւե­լեան գոր­ծըն­կե­րու­թեան, Ռու­սիոյ, Կեդ­րո­նա­կան Ա­սիոյ, շրջա­նա­յին հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան եւ Ե.Ա.Հ.Կ.ի հար­ցե­րով տնօ­րէն Լիւք Տե­ւի­նը եւ Եւ­րո­պա­կան Յանձ­նա­ժո­ղո­վի ա­ռեւ­տու­րի գլխա­ւոր տնօ­րէ­նու­թեան ստո­րա­բա­ժան­ման ղե­կա­վար Փեթ­րոս Սուր­մե­լի­սը:
Նա­խա­րար Նալ­բան­դեան ող­ջու­նեց հա­մա­պար­փակ եւ ընդ­լայ­նո­ւած գոր­ծըն­կե­րու­թեան հա­մա­ձայ­նա­գի­րը նա­խաս­տո­րագ­րե­լու նպա­տա­կով Եւ­րո­պա­կան Միու­թեան պաշ­տօ­նա­տար­նե­րու այ­ցե­լու­թիւ­նը եւ վստա­հու­թիւն յայտ­նեց, որ փաս­տա­թուղ­թը նոր էջ կը բա­նայ Հա­յաս­տա­նի ու Եւ­րո­պա­կան Միու­թեան եւ ա­նոր ան­դամ եր­կիր­նե­րու հետ յա­րա­բե­րու­թեանց մէջ:
Է­դո­ւարդ Նալ­բան­դեան շեշ­տեց, որ հա­մա­ձայ­նա­գի­րը պի­տի ստո­րագ­րո­ւի այս տա­րո­ւան ըն­թաց­քին եւ ա­ւել­ցուց, որ ա­նի­կա կ­՛ար­տա­ցո­լայ Հա­յաս­տա­նի եւ Եւ­րո­պա­կան Միու­թեան մի­ջեւ յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու խո­րու­թիւ­նը, մա­կար­դա­կը եւ ծա­ւա­լը: Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րա­րը ընդգ­ծեց, որ փաս­տա­թուղ­թով կը շեշ­տո­ւի այն կա­րե­ւո­րու­թիւ­նը, զոր Հա­յաս­տան կու տայ Եւ­րո­պա­կան Միու­թեան հետ իր հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան:
Հան­դի­պու­մին յա­ջոր­դեց Հա­յաս­տա­նի եւ Եւ­րո­պա­կան Միու­թեան մի­ջեւ հա­մա­պար­փակ եւ ընդ­լայ­նո­ւած գոր­ծըն­կե­րու­թեան հա­մա­ձայ­նա­գի­րի նա­խաս­տո­րագ­րու­մը:
Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան ա­նու­նով հա­մա­ձայ­նա­գի­րը նա­խաս­տո­րագ­րե­ցին գլխա­ւոր բա­նակ­ցող, ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րա­րի տե­ղա­կալ Կա­րէն Նա­զա­րեան, ինչ­պէս նաեւ՝ ա­ռեւտ­րա­կան հար­ցե­րով բա­նակ­ցող, տնտե­սա­կան զար­գաց­ման եւ ներդ­րում­նե­րու նա­խա­րա­րի ա­ռա­ջին տե­ղա­կալ Գա­րե­գին Մել­քո­նեան: Եւ­րո­պա­կան Միու­թեան ա­նու­նով նա­խաս­տո­րագ­րե­ցին գլխա­ւոր բա­նակ­ցող, Եւ­րո­պա­կան Ար­տա­քին Գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րու Ծա­ռա­յու­թեան ա­րե­ւե­լեան գոր­ծըն­կե­րու­թեան, Ռու­սիոյ, Կեդ­րո­նա­կան Ա­սիոյ, շրջա­նա­յին հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան եւ Ե.Ա.Հ.Կ.ի հար­ցե­րով տնօ­րէն Լիւք Տե­ւի, ինչ­պէս նաեւ Եւ­րո­պա­կան Միու­թեան կող­մէ ա­ռեւ­տու­րի հար­ցե­րով բա­նակ­ցող, Եւ­րո­պա­կան Յանձ­նա­ժո­ղո­վի ա­ռեւ­տու­րի գլխա­ւոր տնօ­րէ­նու­թեան ստո­րա­բա­ժան­ման ղե­կա­վար Փեթ­րոս Սուր­մե­լիս:

Հա­յաս­տան-Եւ­րո­պա­կան Միու­թիւն միա­ցեալ յայ­տա­րա­րու­թիւն

«­Հա­մա­ձայ­նա­գի­րը Եւ­րո­պա­կան Միու­թեան եւ Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան մի­ջեւ երկ­կողմ յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու շրջա­գի­ծը ընդ­լայ­նե­լու կա­րե­ւոր քայլ կը հան­դի­սա­նայ»: Այս մա­սին նշուած է Հա­յաս­տան-Եւ­րո­պա­կան Միու­թիւն միա­ցեալ յայ­տա­րա­րու­թեան մէջ, որ հրա­պա­րա­կո­ւած է Հա­յաս­տան-Եւ­րո­պա­կան Միու­թիւն հա­մա­պար­փակ եւ ընդ­լայ­նո­ւած գոր­ծըն­կե­րու­թեան հա­մա­ձայ­նա­գի­րի նա­խաս­տո­րագր­ման ա­ռի­թով:
«­Հա­մա­ձայ­նա­գի­րը կ­՛ամ­րապնդէ քա­ղա­քա­կան երկ­խօ­սու­թիւ­նը եւ ա­մուր հիմք կը ստեղ­ծէ տնտե­սա­կան եւ ըն­կե­րա­յին բա­րե­փո­խում­նե­րը շա­րու­նա­կե­լու հա­մար: Ժո­ղովր­դա­վա­րու­թեան, մար­դու ի­րա­ւունք­նե­րու եւ օ­րէն­քի գե­րա­կա­յու­թեան նկատ­մամբ ա­մուր յանձ­նա­ռու­թիւ­նը կը հան­դի­սա­նայ նոր հա­մա­ձայ­նա­գի­րի եւ Եւ­րո­պա­կան Միու­թիւն-­Հա­յաս­տան հե­տա­գայ հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան հիմ­քը: Հա­մա­պար­փակ եւ ընդ­լայ­նո­ւած գոր­ծըն­կե­րու­թեան հա­մա­ձայ­նա­գի­րը նաեւ կը ստեղ­ծէ ա­ւե­լի ա­մուր հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թիւն ու­ժա­նիւ­թի, փո­խադ­րու­թեան, նոր կա­րե­լիու­թիւն­ներ ա­ռեւ­տու­րի եւ ներդ­րում­նե­րու մար­զե­րուն մէջ, եւ դիւ­րա­ցո­ւած շար­ժու­նա­կու­թիւն` ի շահ քա­ղա­քա­ցի­նե­րուն: Եւ­րո­պա­կան Միու­թեան եւ Հա­յաս­տա­նի մի­ջեւ յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րը զգա­լիօ­րէն ամ­րապն­դո­ւած են վեր­ջին տա­րի­նե­րուն: Հա­մա­պար­փակ եւ ընդ­լայ­նուած գոր­ծըն­կե­րու­թեան հա­մա­ձայ­նա­գի­րը միա­ցեալ ջան­քե­րու ար­դիւնք է, որ ա­ւե­լի կը խո­րաց­նէ կող­մե­րու յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րը եւ­րո­պա­կան դրաց­նու­թեան վե­րա­նա­յո­ւած քա­ղա­քա­կա­նու­թեան եւ ա­րե­ւե­լեան գոր­ծըն­կե­րու­թեան շրջա­գի­ծին մէջ: Հա­մա­ձայ­նա­գի­րը կա­րե­լիու­թիւն կ­՛ըն­ձե­ռէ Եւ­րո­պա­կան Միու­թեան եւ Հա­յաս­տա­նին՝ ի­րենց յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րը ո­րա­կա­կան նոր, ա­ւե­լի բարձր մա­կար­դա­կի հասց­նե­լու հա­մար»,- նշո­ւած է յայ­տա­րա­րու­թեան մէջ: