Հայաստանի մէջ կը նախատեսուի կառուցել «Նոյեան Տապան» պատմամշակութային, գիտակրթական համալիր: Այդ նպատակով ստեղծուած է հիմնադրամ, որ կը կրէ «Կառուցենք ազգովին» խորագիրը:
Հիմնադրամի հասարակութեան հետ կապերու բաժինէն կը յայտնեն, որ կ՛առաջարկուի մէկտեղել «հայութեան հնարաւորութիւնները համաշխարհային նշանակութեան այս ձեռնարկը իրականութիւն դարձնելու համար»:
Տապանը պիտի կառուցուի Արարատին դիմահայեաց բարձունքին վրայ: Պիտի ունենայ այն տեսքն ու այն չափերը, ինչ որ նկարագրուած է Աստուածաշունչին մէջ. երկարութիւնը 300 կանգուն (132 մեթր), լայնութիւնը 50 կանգուն (22 մեթր), բարձրութիւնը 30 կանգուն (13,2 մեթր): Պիտի կառուցուի երկաթ-կրաձոյլէ, երեսը պիտի պատուի փայտով:
«Տապանը պիտի յիշեցնէ, որ մարդկութեան նախահայրենիքը Հայաստանն է: Համաշխարհային ջրհեղեղէն ետք հայոց աշխարհէն սկիզբ առաւ անոր փրկութիւնը: Ուստի պատմամշակութային, գիտակրթական այս համալիրը պիտի ունենայ համամարդկային նշանակութիւն: Անիկա փաստացի պիտի ըլլայ մարդկութեան իր տեսակին մէջ աշխարհի մէջ եղած միակ սրբավայրը, որ չ՛ենթադրեր կրօնական խտրականութիւն, ուր կ’իշխեն խաղաղութիւնն ու հանդուրժողականութիւնը:
«Գտնուելով Հայաստան՝ իբրեւ համամարդկային արժէք, անիկա պիտի պատկանի ամբողջ մարդկութեան, պիտի դառնայ ուխտատեղի բոլոր ազգութիւններու համար»,- ըստ «Փանարմինըն»ի՝ ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ:
Տապանին մէջ պիտի կառուցուին 200 տաղաւարներ, որոնցմէ իւրաքանչիւրին մէջ պիտի տեղադրուին առանձին ազգերու, ժողովուրդներու կամ պետութիւններու դրօշներն ու զինանշանները, անոնց ազգային մշակոյթն արժեւորող տարբեր ցուցանմոյշներ:
Համալիրը պիտի ունենայ նաեւ գործառական նշանակութիւն. իր 40 առանձնասենեակը պիտի առաջարկէ ուխտաւորներուն ու զբօսաշրջիկներուն: Անոր մէջ պիտի ըլլան թանգարան, պատկերասրահ, գրադարան: Միաժամանակ պիտի ապահովէ պետական-պաշտօնական գործառոյթ. Պիտի ունենայ համաժողովներու դահլիճներ, կառավարութեան ընդունելութիւններու, ինչպէս նաեւ պետական նշանակութեան հանդիսութիւններու սրահներ:
Արդէն ձեւաւորուած է հիմնադրամի հոգաբարձուներու խորհուրդը: Ծրագիրը պիտի ներկայացուի կառավարութեան: Համապատասխան հողատարածքը յատկացուելէ ետք, պիտի սկսին կառոյցի նախագծման եւ շինարարական աշխատանքները: