Յովսէփ Պարազեան
Երկու տարի առաջ, համայն հայութիւնը արժանի շուքով նշեց Հայոց Ցեղասպանութեան հարիւրամեակը։ Տարի մը վերջ՝ պիտի նշէ հարիւրամեակ մը եւս՝ Հայաստանի առաջին Ազատ ու Անկախ Հանրապետութեանը։ Երկրորդը յաջողեցաւ առաջինէն երեք տարի ետք, կամ առաջինը՝ երկրորդէն երեք տարի առաջ միայն։ Այս երկու տարեթուային թուկանները միշտ ալ ընթացած են միասնաբար, ե՛ւ պատմութեան, ե՛ւ հայու կեանքին մէջ, ինչպէս ցաւն ու ուրախութիւնը, կոտորածն ու յաղթանակը, անցեալն ու ապագան, ողբն ու յոյսը, ժամանակն ու վկայութիւնը, աստիճանաբար աճող ու զարգացող հայրենասիրութիւնն ու խիղճին վրայ պարտք դրուած գաղափարները։
Հայու առաջին անկախութիւնը ծնունդ առաւ դիցաբանական դարերուն, երբ առասպելային ժամանակներու Նոյեան Տապանէն դուրս՝ իր խուզարկու թեւերը յանդգնօրէն թափահարող աղաւնին, որոնող թռիչքէ մը ետք դէպի նոր ու անծանօթ լեռնաշխարհը, խաղաղութիւնը խորհրդանշող ձիթենեաց կանաչ ճիւղ մը կտուցին սեղմած, վերադարձաւ տապանի կամրջակին վրայ, նորահնար հայրենիքի մը՝ օդի, հողի, ջուրի եւ լերան իր թրթռուն պատգամը աւետելով, այդ վայրին մէջ ինքնակոչօրէն ոտք կոխող առաջին մարդոց հովուերգական հայրենիքի արենակցական ապագայ կապի հնչեղութեամբ։
Տեսակ մը, այսպէ՛ս ծնունդ առաւ ձիթենիի անմահութեան, հողի ուժին եւ խոստմնալից ապագայի մը ներշնչող պատգամը, հայրենական խոստումը։
Դարեր ետք՝ մեր ազգը՝ սնուցիչ ձիթենին փոխարինեց հատիկ-հատիկ իրար քով սեղմօրէն գիրկընդխառնուած կարմրագոյն նուռի ժառանգականութեան կենսագործումը տեւականացնող խորհուրդի կենդանի պատգամի յենարանով։ Այդ օրէն սկսանք նախատեսել մեր ազգային ապագան։ Որքան մեծցանք՝ Հայաստանը աւելի յայտնաբերեցինք։
Հայոց նուռի խորհուրդը խիղճով ու հաւատքով մրցեցաւ մեր կեանքի լաւ կամ գէշ դարաշրջաններու անէծքներուն հետ, ու հասաւ իր պարզունակ կերպարը նուիրականացնող Սօս Սարգիսեանի «Նահապետ» ժապաւէնի բորբոքած մարտունակութեան ինքնաթելադրութեան, ուր հնամենի պատգամներ միաձուլուեցան ժամանակակից յուշի ու յուշագրական պատմութեան հետ ու ձեռք-ձեռքի տուած անվրէպօրէն քալեցին դէպի յաւերժական տափաստաններ, վերանորոգելով մեր պատմախօսական յանձնառութիւնները եւ վերարժեւորելով հայ ժողովուրդի զարգացող ու բիւրեղացող տեսլականները՝ ապագայ ազգային ժառանգականութեան մը տագնապահար ժամանակացոյցով։
Նուռը՝ կարմիր թէ արիւնոտ, առաջին յոյսը եղաւ, որ կենսագործուեցաւ հայոց կեանքի ու անկախութեան յարատեւման իմաստին հետ։
Քիչ մը խորանալով մեր խորհրդանիշներու ենթահողին մէջ հաստատենք, որ անկախութիւնը ժամանակաւոր ու անցողակի իմաստներու հետ լուրջ կապ չէ ունեցած, այլ յարատեւման տանող գաղափարի տեւականացման խորհուրդի անվրէպ թիրախներու հետ։ Կապ ունեցած է վստահօրէն, ազգային սահման ունենալու ընտրութեան հետ ալ։
Յաճախ հարց տուած եմ, թէ համամարդկային արժէքները ինչո՞ւ սրբացուած չեն։ Դպրոցներուն մէջ սրբացումի իմաստը ինչո՞ւ յստակ բացատրած չեն։ Թերեւս որովհետեւ սրբացումը ինքնին յստակ չի բացատրուիր։
Եւ այսպէս, դարերու ընթացքին իմացանք, սորվեցանք, իւրացուցինք, թէ անկախութիւնը գիտէ ուղիղ նայիլ հոն, ուր անկախ մարդիկ նայիլ գիտեն։ Ոմանք՝ տարբեր նայուածքով, տարբեր հեռանկարով կամ ակնկալութեամբ. այնուամենայնիւ՝ խորքային նոր որոնումով մը անոր էութեան եւ ոչ թէ աւելցուքին տիրանալու եւ տիրապետելու անփառունակ հիասթափութեամբ։
Անկախութեան ուժը՝ ուղղակիօրէն թէ անուղղակիօրէն իր ներշնչած օրինակէն իսկ աւելի խորունկ է։ Հայուն մօտ անոր ներշնչած խանդաղատանքը որդեգրուցեաւ ու իւրացուեցաւ ո՛չ միայն իր հայրենիքը ազատելու, այլ համամարդկային հայրենիքներու գաղափարը ամբողջական արժէքի խորքային էութեամբ ինքնարդարացնելու համար։
Անկախութիւնը ինքնաթելադրելի կեանքի դաս է, որ յաջորդական առիթներ կ’ընձեռէ մեր ազատ ապագան ճշդելու։ Անիկա երկար ժամանակ կ’ուզէ զանազանելու համար աներեւոյթ այն ներդաշնակութիւնը, որ կը միտի պաշտպանելու մեր կեանքի լրիւ տեւողութիւնը, քան թէ՝ երբեմն միայն բնական համարուող իր իսկ լռակեաց նշանակութեան քողարկուած արժէքէն անդին տարամերժօրէն թափառող պատուանդաններ։
Կեանքի կասկածելի, կամ իրենց կիսասկզբունքային ճանապարհը չաւարտած բաները չեն հետագրքրեր անկայուն ու խախուտ անկախութեան։ Այս վերջինը կը սիրէ գործ ունենալ ոչ թէ անշուք ուրուականներու, այլ յստակ ու բացայայտ մարտունակութեան հետ։ Աւելին՝ մայրենի հողը ծանրօրէն կոխող մարդոց հետ, որոնք ապահովութիւն ու երջանկութիւն կը զգան՝ քարի կոշկոռներով կարծրացած ու միախառնուած այդ կարծր հողին վրայ կոխող մարդոց հետ կարծրանալով ու քարանալով։ Այս ձեւով անկախութիւնը իր արժէքը կը տարազաւորէ՝ երբ քիչ մը հոս է, քիչ մըն ալ հոն է։ Բայց՝ ամէ՜ն տեղ է։
Իսկապէս, անկախութիւնը ամէն տեղ պէտք է ըլլայ, որպէսզի իր կոշկոռները զգացնէ։ Կ’ուզեմ հաւատալ, որ հայրենիքը կը կապէ մեզ բոլորս, նոյնիսկ անոնց, որ Հայաստանէն գաղթեցին նոր պատմութիւն մը գրելու համար։
Մեր դաւանած անկախութիւնը անորոշ սահման չունի։ Տատանող սահմանով անկախութիւն մը մեր հասկցած անկախութեան հետ կապ չի կրնար ունենալ։ Փաստօրէն, բռնագրաւուած սահմանով անկախութիւն չ’ըլլար, չի սիրուիր, չ’ապրուիր։ Անկախութիւնը՝ քննական ինքնագիտակցութիւն կ’ուզէ, ինքնամատուցում կ’ուզէ, պատմութեան խիղճի ճանաչողութիւն կ’ուզէ, բաղդատական չափանիշներ կ’ուզէ։
Անկախութեան համար՝ հողի տարիքը սահմանն է, իսկ հայրենիքի սահմանը կը ճշդէ իր իսկ ազգին պատմութիւնը։ Մեր պարագային՝ այդ պատմութիւնը կ’արտացոլայ անվերջանալի հայրենասիրութեան կարօտով, քանի հայը ծնած է հայրենիքով, կամ հայութեամբ, եւ այս երկուքն ալ անծայրածիր ու գրաւիչ իմաստներ եղած են, որ կը յուսամ, արագօրէն չեն վերջանար մօտիկ թէ հեռակայ ապագային մէջ, այնքան ատեն, որ հայու եւ հայրենիքի հոգեմտաւոր մտերմութեան ապրումները կը դիմանան հաւատարմութեան եւ անշահախնդրութեան փորձութիւններուն՝ իմաստութեան մէջ անկախութիւն, անկախութան մէջ ալ իմաստութիւն որոնելով։ Անկախութեան մէջ պատմութիւն կայ։
Հայու անկախութիւնը՝ նոր, փայլուն ու ողորկ էջերու մէջէն չի կարդացուիր, այլ հին, մաշած, դեղնոտած, մագաղաթականացած ու փոշեթաթախ էջերէն դուրս կը ժայթքէ եւ իր սրսկած փոշիի հատիկներու ընդմէջէն լեզու եւ մշակոյթ կը սորվեցնէ մարդոց։ Կը սորվեցնէ նաեւ, որ անկախութեան յաղթանակները ափսէի վրայ չեն հրամցուիր։
Եթէ մենք այդ տեսակի անկախութեան պաշտպաններ չըլլայինք, ոեւէ մէկը պիտի չուզէր ճանչնալ անոր իսկական առաքելութեան արժէքը, որ միայն թուային չէ, այլ մանաւանդ զգաստացնող բարոյական ծանրութիւն ունի։
Զանազանենք սակայն. քողարկուած անկախութիւնը կէս արժէք կ’ունենայ։ Զգուշաւոր, երկընտրող ու համակերպող անկախութիւնը հազիւ թէ կարճ ժամանակ կրնայ բաւարարել իր պահանջները։ Կը նմանի կարծես, պարզ ու սովորական խօսքի մը, որ ժամանակին մէջ պատգամի ու խորհրդանիշի բնոյթ կը ստանայ, արդարօրէն հարց տալով, թէ ինչպէ՞ս կ’ընդունինք այսօր անկախութեան մեր ժառանգած պատգամները։
Եւ այսպէս, «Մահ կամ Ազատութիւն». երբ այս պատգամը հրապարակ նետուեցաւ, մարդ չէր կրնար երեւակայել, թէ որքա՜ն մեծ խորհուրդ մը կը պարունակէր եւ որ այնքան հարազատօրէն պիտի պատշաճէր 1918ի 28 Մայիսին։
«Մահ կամ ազատութիւն».¬ երբ այս պատգամը առաջին անգամ հնչեց պատմական ազատագրութեան առաջին շաչիւնին հետ, մարդ չէր գիտեր, թէ որքա՜ն մեծ խորհուրդ մը պիտի ստանար հետագայ ժամանակներուն մէջ, մեր պարագային՝ Արցախեան հերոսամարտի դիւցազնամարտերուն։
Այո՛, քու մահդ՝ իմ կեանքս է։ Կամ՝ իմ կեանքս՝ քու մահդ է։ Անկախութեան մէջ մնայուն արիւնահեղութիւն կայ։ Ուզենք՝ թէ չուզենք, սիրենք՝ թէ չսիրենք։
Լաւ կամ գէշ, քիչով բաւարարող ու բաւարարուող, լման կամ կէս անկախութիւն կարելի չէ երեւակայել։ Ազգի մը անկախութիւնը իրենց ափին մէջ գրկած ղեկավարութիւնները, անկախութիւնը կը պաշտպանեն իբրեւ թէզ, երբե՛ք իբրեւ հակաթէզ։ Հակաթէզը ժամանակաւոր ստրկութիւն է, որ, ձեւով մը կ’ընդունի իր իրավիճակը անցնող-գացող, մոռցուած կամ չմոռցուած պատերազմներուն, յաղթանակներուն թէ պարտութիւններուն համար։
Գիտենք, որ անկախութիւնը անկանխատեսելի է։ Այս՝ կը հարկադրէ մեզ կարեւորութեամբ վերաբերուելու իր հետ ամէն անգամ, որ կը յայտնաբերենք զայն, անոր չզլանալով գերագոյն ակնածանքի արժէք ու չափանիշ։
Անկախութիւնը երբ պողպատեայ բռունցքով կ’որոշէ հասակ բարձրացնել, այս կը նշանակէ, թէ վճռած է ձերբազատուիլ իր վրայ բեռնաւորուած աւելորդ ծանրութենէն, եւ ոչ թէ որովհետեւ չի կրնար խուսափիլ անոր ճնշող յամառութենէն։
Վերջապէս, անկախութիւնը կը նայի դէպի հոն, ուր անիրաւուած բոլոր ժողովուրդները պէտք է ուղղեն իրենց նայուածքը։ Աւելին, առհասարակ հոն՝ ուր պիտի գտնեն նոյնիսկ աննշան համարուող նշանաւոր այն բանը, որ երբեմն, հայրենասիրական փոխանցիկ հռետորութեամբ աշակերտները իրենց արտասանութիւններու ատեն «հողին ուժը» կ’անուանեն։
Դեռ ճամբայ ունինք կարծես։ Վստահաբար սակայն, լաւ բան մը դուրս պիտի գայ այս գործէն։
***
Շարունակենք սակայն։
Բոլորիս հետ մեծցող անկախութիւնը հոմանիշ է հանրապետականացման հետ։ Մանաւանդ հայու պարագային։ Մանաւանդ 1918ի Մայիս 28ին։ Անկախութեան խորհրդանիշը կը գոյատեւէ դրօշով, քայլերգով, զինանշանով, սահմանադրութեամբ։ Ի հարկին՝ յուշով, պատերազմով, արիւնով, մարտիրոսութեամբ ու միասնականութեամբ։ Կը հաւատանք, որ հայը կը կաշկանդուի իր հայրենասիրական տիպարէն։
Հանրապետականացման համար անկախութիւնը բարձրագոյն թիրախ է։ Անդիմադրելի իր գաղափարախօսական էութեամբ, որովհետեւ զգացնել կուտայ պատասխանատուութիւն, յանձնառութիւն։ Անիկա պարտադրուած անելներու ելք ու պատասխան կուտայ։ Նկարահանումները չեն հետաքրքրեր զինք, այլ վարագոյրի ետին խմորուող հարցերուն ու գործերուն էութիւնը։
Ուսանելի դասեր անպայման որ կան եւ պէտք է ուսումնասիրուին, ճի՛շդ պատմութիւն ունենալու սկզբունքով ու ակնկալութեամբ։
Անկախութեան ժամանակը անպայմանօրէն կուգայ, նոյնիսկ երբ մենք ուղղակի եւ անմիջականօրէն չենք անդրադառնար։ Անկախութիւնը կը մրցի թուականներուն ու պատմութան հետ։
Անկախութիւնը իտէալական ու իտէալականացած ազգային վարակիչ հաւաքականութիւններ կը ստեղծէ։ Ունի իր գնահատումն ու գնահատականը ամէ՛ն ինչի համար։ Կ’ընտրէ առանց ոեւէ մէկուն հարցնելու։ Ժողովուրդը պիտի հետեւի իրեն՝ առա՛նց չափի։ Չափը ի՛նք պիտի ճշդէ։ Հոս՝ կամակատարութիւնները տեղ չունին։ Ան մէկ բան շատ լաւ կը ճանչնայ՝ Ազատութիւն ու Պատերազմ։ Ազատութիւն պատերազմի, աւելին՝ պատերազմ ազատութեան համար։
Եթէ անկախութեան հետ գործ պիտի ունենաս, ամէն ինչ յաւելեալ կերպով պիտի ըսես ու ընես իր հասկցած ոճով։ Միայն այս ձեւով պիտի հասկցուիս իրեն հետ։ Միայն այդ կերպով ան պիտի ընդունի քու դաւանած ազատութիւնդ, առանց նուազագոյն սակարկութեան, առանց դոյզն երկընտրանքի։ Քու «բարեւդ» ու «մնաս բարովդ» իրեն պիտի ծառայէ։ Բացարձակօրէ՛ն, իբրեւ բացարձակ միակ արժէք։ Վերջնականապէ՜ս, սկիզբէն մինչեւ վերջ։
Ինչ որ մօտէն թէ հեռուէն անկախութեան հետ առնչուած է, իր սեփական արտայայտութեան մէջ պիտի ցոլանայ ու դրսեւորուի անոր պատշաճ ոճով։ Հոս՝ ժամանակն ու դրսեւորումը կը ներշնչեն ու կը ներշնչուին ժամանակի կանոններէն, իրենց պարտադրել ուզած կամաւոր մատուցումի դիմագիծը պահպանելու համար։ Իրա՜ւ, մենք ո՞ր երկրի անկախութիւնը կ’արտագրենք։
Պատրա՞ստ ենք մեր տան մէջ ընդունելու զայն։ Յարգանք, հիացում ունի՞նք իրեն հանդէպ։ Քաջութիւն ունի՞նք ընտրելու այն, որ թերեւս ենթագիտակցաբար չգիտցանք որ մեր դարերու պատասխանն է։ Արդեօ՞ք երկրորդ փուլի ռազմավարութիւն մը կը բացուի մեր դիմաց։
Չենք ուզեր, որ մեր պատմութիւնը միայն թանգարաններուն մէջ մնայ։
Չեմ գիտեր, եթէ պետութիւնները պէտք եղած ձեւով ու չափով մտահոգուած են անկախութեան քաղաքական հորիզոնին ու քաղաքական բաղադրութեան վրայ բան մը աւելցնելու։ Չեմ գիտեր նաեւ, եթէ պետութիւններ ու ղեկավարութիւններ բան մը կը սորվին անկախութեան խորհուրդէն։ Առաջին մտահոգութենէն մինչեւ երկրորդի դաստիարակութիւնը լաւ է, որ նախընտրենք երկրորդը։ Աւելի շատ բան չեմ ուզեր ըսել. արդէն՝ այս գործին մասնագէտն ալ չեմ։ Հարցականներ կան, որոնց պատասխանները կան։ Թերեւս՝ ես չեմ գիտեր պատասխանները. նաեւ՝ բուն հարցականները։
Վերջին հարիւր տարիներուն մանաւանդ, երբ ազգային կարեւոր հարցերով հպարտանալու առիթ կը ստեղծուի, փութկոտ խոստովանութեամբ ու նախապատրաստուած դրուատիքներով կը վկայակոչենք մեր պատմութեան անցեալի խրոխտ նուաճումները, այս ձեւով կարծես ա՛լ աւելի անապահով զգալով մեր ներկայով։ Չենք հասկցած, թէ մեր սխալները շահագործուեցան ճիշդ թէ սխալ մարդոցմով, ճիշդ թէ սխալ պարագաներու, ճիշդ թէ սխալ ժամանակի մէջ։ Գացող ու եկող սերունդները հին «թապու»ներ վիժեցնելու ուժը չունեցան, վախնալով որ որակական արժեւորումի վնասը կը հասնի մեր կեանքը ղեկավարող ու մնայունականացնող կառոյցներուն, թէ՝ ռազմավարական զգայուն կորիզներուն։ Տեղ մը սխալեցանք, բայց չենք խօսիր այդ մասին։
Նշենք. անկախութիւնը աւելորդ կամ նուազ տարածուած կամ խտացած տիտղոսներու, մոլեգնած հռետորութիւններու պէտք չունի գոյատեւելու համար։ Ան հին դարերէն երեւցաւ եւ հին դարերէն դիմացաւ դարերուն մէջ։ Ժամանակը միշդ սուղ եղաւ իրեն համար։ Անկախութեան համար արդէն՝ աժան կամ ձրի ժամանակ չկայ։ Ժամանակը անգնահատելի եղած է, որովհետեւ առանձնաբար ոեւէ մէկուն պատկանած սեփականութիւն եղած չէ։ Սակայն, զգո՜յշ. մէյ մը որ կորսնցնես, ետ առնելը դժուար է։ Ա՛յս է իր որակական հնչեղութեան յատկանիշը։ Մարտահրաւէրները մեր դիմացն են, որքան նախատեսելի եւ որքան աննախատեսելի ժողովուրդ ալ ըլլանք։
Անկախութիւնը իր խտացած խելապատիկ իմաստներով այնքան շատ դաստիարակուած է, որ քաղաքական ճանաչողութեան ու իրապաշտութեան դասեր տալու տրամադիր է միայն, թէկուզ արուեստական թէ սփինքսեան լռութեամբ։
Հարց տանք. արդեօ՞ք հայրենիքէն հեռու թէ շատ հեռու կարօտախտի յուզումով ապրողները աւելի առատ ու մաքուր բաղձանքով ազգային թթուածին կը շնչեն դո՜ւրսը, քանի հայրենքէն ներս ապրողները տեսակ մը շնչահեղձ կ’ըլլան։ Այսպիսի հարցականներ կը դնեն մարդիկ- որ յստակ կերպով ալ չեն պարզեր իրենց միտքը՝ երէկ թէ այսօր, այսօր, թէ՝ երէկ։ Հանրային հաղորդակցութեան հնչեղ լռութեամբ մը։
Բայց լաւ գիտնանք. հակառակ բոլոր տարբերութիւններուն ու տարակարծութիւններուն, ժողովուրդին սիրտը չի բաժնուիր, նոյնիսկ եթէ մեր մէջ մարդիկ կան, որ որեւէ՛ տեղը հայրենիք կը համարեն, թէ չեն համարեր։
Տեսէ՛ք, սիրելիներ. կարօտը՝ մանաւանդ բռնկող նկարագիրներու բռնկող հայրենասիրականը՝ խաւարամիտ Միջնադարի հայրենասիրութեան չի վերաբերիր։ Իսկ մենք, այսօրուաններս, եկէ՛ք մեր ուսերուն վրայ չշալկենք նախորդներու կաղապարուած մտայնութիւններու՝ մեր յետնորդներուն փոխանցելիք յեղյեղուկ անորոշութիւնները, որոնք շատ աւելի են, քան ինչ որ կ’երեւան, կամ մենք կ’ուզենք տեսնել մեր ռազմավարական ու մարտավարական անելներուն մէջ։
Ինչպէս որ կը հասկնաք, այս հակադրութիւնները ոչ միայն բաց են, այլ՝ ծայրէ ծայր ալ բաց կը մնան, յատկապէս մեր երէկուան ներկային եւ ներկայի ապագային մէջ, առանց քաշքշուած երազներու զոհ երթալու։
Անկախութեան ժամանակը անկախութեան իրապաշտութիւն կ’ուզէ։ Նաեւ բաղդատական չափանիշ, բաղդատական յստակացում հայրենասիրական տարածքներու քարտէսը ձեւաւորելու համար այսօր ու ասկէ վերջ։
Ի դէպ, անկախութիւնը ի՞նչ է, եթէ ոչ ժողովուրդը, որ կը մրցի իր իսկ պատմութեան թուականներու ծաւալներուն հետ։
Կը հասկնանք ինքնին, որ հայը անկախ ըլլալու գերագոյն պատճառ ունի, ինչպէս զգաստանալու պատճառ ունի՝ յիշելո՜վ…։
Վերջին առիթն է չձախողելու։