­Հա­մազ­գա­յին հայ կրթա­կան եւ մշա­կու­թա­յին միու­թեան ­Կեդ­րո­նա­կան ­Վար­չու­թիւ­նը 22 ­Յու­նո­ւար 2017ի թո­ւա­կիր հա­ղոր­դագ­րու­թեամբ մը կը տե­ղե­կաց­նէ, թէ ­Միա­ցեալ ­Նա­հանգ­նե­րէն 2011ին հան­գու­ցեալ ­Մարգ­րիտ եւ ­Գուր­գէն Ա­սա­տու­րեան­ներ ­Հա­մազ­գա­յի­նի «Նշան ­Փա­լան­ճեան — ներ­կա­յիս Մ. եւ Հ. Արս­լա­նեան» ­Ճե­մա­րա­նին կտա­կած են մէկ մի­լիոն եր­կու հա­րիւր ինն­սու­նի­նը հա­զար եւ քա­ռա­սուն ա­մե­րի­կեան տո­լար:
­Կեդ­րո­նա­կան ­Վար­չու­թեան ո­րո­շու­մով՝ այս գու­մա­րէն մէկ մի­լիոն եր­կու հա­րիւր հա­զար տո­լար պի­տի բար­դո­ւի նա­խա­պէս ար­դէն հաս­տա­տո­ւած «Մ. եւ Հ. Արս­լա­նեան ­Ճե­մա­րա­նի ա­պա­հո­վու­թեան հիմ­նադ­րամ»ին (Endowment Fund) վրայ:
Այս հիմ­նադ­րա­մը կը մի­տի նպաս­տե­լու ­Ճե­մա­րա­նը ա­պա­գա­յին նիւ­թա­պէս ա­պա­հով եւ ինք­նա­բաւ դարձ­նե­լու նպա­տա­կի ի­րա­կա­նաց­ման:
­Հա­մազ­գա­յին հայ կրթա­կան եւ մշա­կու­թա­յին միու­թեան ­Կեդ­րո­նա­կան ­Վար­չու­թիւ­նը շնոր­հա­կա­լա­կան խօսք կ­՛ուղ­ղէ բո­լոր ա­նոնց, ո­րոնք այս կտա­կի յղաց­ման եւ գոր­ծադ­րու­թեան ըն­թաց­քին` ի­րա­ւա­բա­նա­կան եւ գործ­նա­կան ճիգ չխնա­յե­ցին, որ­պէս­զի կտա­կը հաս­նի կտա­կա­ռո­ւին:
­Հա­մազ­գա­յին հայ կրթա­կան եւ մշա­կու­թա­յին միու­թեան ­Կեդ­րո­նա­կան ­Վար­չու­թիւ­նը ե­րախ­տա­պարտ կը մնայ ­Մարգ­րիտ եւ ­Գուր­գէն Ա­սա­տու­րեան քոյր-եղ­բօր:
Ա­նոնց ազ­գա­նո­ւէր գոր­ծու­նէու­թիւ­նը կը հան­դի­սա­նայ ի­րենց ապ­րած կեան­քե­րուն լրու­մը, իսկ ­Հա­մազ­գա­յի­նի «Ն­շան ­Փա­լան­ճեան — ներ­կա­յիս Մ. եւ Հ. Արս­լա­նեան ­Ճե­մա­րան»ի հան­դէպ կտա­կով ար­տա­յայ­տո­ւած ի­րենց հա­ւատ­քը իբ­րեւ ու­ղե­ցոյց պի­տի ծա­ռա­յէ այ­լոց, որ­պէս­զի քա­լեն ­Մարգ­րիտ եւ ­Գուր­գէն Ա­սա­տու­րեան­նե­րու օ­րի­նա­կե­լի ճամ­բէն:
­Մարգ­րիտ Ա­սա­տու­րեան ծնած է ­Պո­լիս 1923 թուա­կա­նին, իսկ եղ­բայ­րը` ­Գուր­գէն Ա­սա­տու­րեան, դար­ձեալ ­Պո­լիս` 1924ին: ­Նոյն տա­րին, թրքա­կան խժդժու­թիւն­նե­րէն փախ­չե­լով՝ Ա­սա­տու­րեան ըն­տա­նի­քը կ­՛ա­պաս­տա­նի նախ ­Հա­յաս­տան, եւ ա­պա կը տե­ղա­փո­խո­ւի Ի­րան` ­Թեհ­րան:
­Հան­գու­ցեալ ­Մարգ­րիտ Ա­սա­տու­րեան յա­ճա­խած է ­Թեհ­րա­նի Forough Girls American Missionary երկ­րոր­դա­կան վար­ժա­րա­նը, ուր ցու­ցա­բե­րած է իւ­րա­յա­տուկ կա­րո­ղու­թիւն լե­զո­ւա­գի­տու­թեան մէջ: Ու­սու­մը ա­ւար­տե­լէ ետք, ան սկսած է աշ­խա­տիլ ­Թեհ­րա­նի ա­մե­րի­կեան դես­պա­նա­տան մէջ` իբ­րեւ թարգ­մա­նիչ. ա­պա՝ ան գոր­ծած է «Ա­մեր­կա­յի ­Ձայն» հաս­տա­տու­թեան մէջ: 1953ին կը տե­ղա­փո­խո­ւի Ա­մե­րի­կա­յի ­Միա­ցեալ ­Նա­հանգ­ներ եւ կը հաս­տա­տո­ւի ­Վըր­ճի­նիա նա­հան­գի ­Մըք­լէյն քա­ղա­քին մէջ: Իբ­րեւ թարգ­մա­նիչ կը սկսի գոր­ծել ա­մե­րի­կեան կա­ռա­վա­րու­թեան Indian Supply Missionին մէջ` միա­ժա­մա­նակ շա­րու­նա­կե­լով իր ու­սու­մը տեղ­ւոյն «­Ճորճ Ո­ւա­շինկ­թըն» հա­մալ­սա­րա­նի լե­զո­ւա­գի­տու­թեան ճիւ­ղին մէջ:
Ան լաւ թարգ­ման ե­ղած է եւ իր աշ­խա­տան­քին բե­րու­մով յա­ճախ ճամ­բոր­դած է զա­նա­զան եր­կիր­ներ եւ մնա­յուն հե­տաքրք­րու­թիւն ու­նե­ցած քա­ղա­քա­կա­նու­թեան ու լրա­տո­ւու­թեան նկատ­մամբ: ­Հան­գու­ցեա­լը վար­չա­կան պաշ­տօն­ներ վա­րած է ­Հա­մազ­գա­յի­նի կա­ռոյ­ցին եւ ազ­գա­յին կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րու մէջ: Իր աս­պա­րէ­զին բե­րու­մով, շա­րու­նակ դի­մած է ­Միա­ցեալ ­Նա­հանգ­նե­րու պե­տա­կան նպաստ­նե­րու` ­Հա­յաս­տա­նի օ­ժան­դա­կու­թեան հա­մար, եւ նա­մակ­նե­րու ու լո­պիիս­տա­կան մի­ջոց­նե­րով մի­ջազ­գա­յին մա­կար­դա­կի վրայ ար­ծար­ծած է ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան ճա­նաչ­ման հար­ցը:
­Հան­գու­ցեալ ­Գուր­գէն Ա­սա­տու­րեան յա­ճա­խած է ­Թեհ­րա­նի հայ­կա­կան տար­րա­կան ու ա­պա պարս­կա­կան միջ­նա­կարգ դպրոց­նե­րը: Ե­ղած է ­Թեհ­րա­նի ­Հայ ­Պա­տա­նե­կան Մ­շա­կու­թա­յին ­Միու­թեան հիմ­նա­դիր ան­դամ­նե­րէն: 1948ին տե­ղա­փո­խո­ւած է Ա­մե­րի­կա­յի ­Միա­ցեալ ­Նա­հանգ­ներ` Ո­ւա­շինկ­թը­նի մէջ ու­սու­մը շա­րու­նա­կե­լու նպա­տա­կով: Ար­ժա­նա­ցած է պսա­կա­ւոր ա­րո­ւես­տից ու մա­գիստ­րո­սի վկա­յա­կան­նե­րուն եւ 1952ին աշ­խա­տան­քի ան­ցած է ­Նիւ Եոր­քի «Ա­մեր­կա­յի ­Ձայն» ձայ­նաս­փիւ­ռի կա­յա­նի նո­րաս­տեղծ հայ­կա­կան բա­ժի­նին մէջ` իբ­րեւ լու­րե­րու խմբա­գիր, խօս­նակ ու վեր­լու­ծող: ­Քա­նի մը տա­րի ետք, նոյն պաշ­տօ­նով տե­ղա­փո­խո­ւած է դար­ձեալ Ո­ւա­շինկ­թըն եւ 35 տա­րի­նե­րէ ա­ւե­լի պաշ­տօ­նա­վա­րե­լէ ետք հանգս­տեան կո­չո­ւած՝ 1987 թո­ւա­կա­նին:
­Գուր­գէն Ա­սա­տու­րեան տա­րի­ներ շա­րու­նակ իր կա­րե­ւոր նպաս­տը բե­րած է տեղ­ւոյն հայ­կա­կան կա­ռոյց­նե­րուն` գոր­ծակ­ցե­լով ­Հա­մազ­գա­յի­նին, Հ.Յ.Դ.ին, Հ.Օ.Մ.ին, մա­մու­լին, ­Հա­յաս­տա­նեայց ա­ռա­քե­լա­կան ե­կե­ղեց­ւոյ եւ այլ կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րու հետ: ­Գուր­գէն Ա­սա­տու­րեան իր ե­տին ձգած է խո­հուն եւ ակ­նա­ռու անձ­նա­ւո­րու­թեան մը յի­շա­տա­կը: Ան ապ­րած է մտա­հո­գո­ւե­լով ազ­գով ու ե­կե­ղե­ցիով, կու­սակ­ցու­թեամբ ու ­Հայ Օգ­նու­թեան ­Միու­թեամբ, ­Հա­մազ­գա­յի­նով ու հայ դպրոց­նե­րով: ­Գուր­գէն Ա­սա­տու­րեան մա­հա­ցած է 21 ­Մարտ 2011ին, իսկ ­Մարգ­րիտ Ա­սա­տու­րեան` 13 ­Դեկ­տեմ­բեր 2011ին, Ո­ւա­շինկ­թը­նի մէջ: ­Քոյր ու եղ­բայր կ­՛ա­ռաջ­նոր­դո­ւէին ու­ղիղ սկզբունք­նե­րով, իսկ ի­րենց կեան­քը ե­ղած է նո­ւի­րու­մի ու հայ­րե­նա­սի­րու­թեան ո­դի­սա­կան մը: