Սուրիոյ հայաշատ Հալէպ քաղաքը, ազատագրումէն ետք, հետզհետէ կը վերադառնայ իր բնականոն կեանքին: Ճիշդ է, անիկա գրեթէ ամբողջովին աւերուած է ու կորսնցուցած իր նախկին վիճակը, կան ջուրի, ելեկտրականութեան հետ կապուած դժուարութիւններ, սակայն Հալէպի վերաշինութեան ծրագիրները արդէն պատրաստ են: Այս մասին, ըստ Armenpress.amի, յայտնած է Սուրիոյ խորհրդարանի Հալէպէն ընտրուած պատգամաւոր Ժիրայր Ռէյիսեան։
Ան նշած է, որ քաղաքի վերաշինութեան համար նախ եւ առաջ պէտք է լաւ պատրաստուիլ: «Հալէպի վերաշինութիւնը արդէն իսկ սկսած է, սակայն ատիկա օրերու եւ շաբաթներու հարց չէ»,- ընդգծած է Ռէյիսեան:
Անդրադառնալով քաղաքի օդակայանի վերագործարկման՝ պատգամաւորը յայտնած է, որ անիկա գրեթէ պատրաստ կարելի է համարել, սակայն պետութիւնը ամէն ինչ կ՝ընէ՝ օդակայանի վերագործարկման անվտանգութիւնը երաշխաւորող պայմաններու ստեղծման ուղղութեամբ: Աշխատանքները ընթացքի մէջ են:
Ժիրայր Ռեյիսեան վստահ է, որ քաղաքի ազատագրումէն ետք՝ աշխարհի մէջ սփռուած հալէպահայերը անպայման ետ պիտի դառնան:
Հ.Հ. սփիւռքի նախարարութեան աշխատակազմի ղեկավար Ֆիրտուս Զաքարեան այդ գծով յայտնած էր, թէ քաղաքի ազատագրումէն ետք Հայաստանի մէջ ապաստան գտած հալէպահայերը դեռ չեն շտապեր վերադառնալու: «Անոնք պարբերաբար կ՝այցելեն Հալէպ` իրենց ձգած գոյքի, սեփականութեան մասին տեղեկութիւն ստանալու համար, բայց կրկին կը վերադառնան: Այն, ինչ կը կատարուի Հալէպի մէջ, դեռ հիմք չի տար, որ հալէպահայերը Հայաստանէն երթալու որոշում կայացնեն»,- ըսած էր նախարարութեան աշխատակազմի ղեկավարը՝ աւելցնելով, որ Հայաստանի մէջ, այս պահի դրութեամբ, կը բնակի աւելի քան 20 հազար սուրիահայ: Այդ թիւը չի պակսիր, այլ՝ կ՝աւելնայ:
«Հալէպի վերաշինութիւնը արդէն սկսած է»
Կեանքը՝ ազատագրումէն ետք. «Հալէպի վերաշինութիւնը արդէն սկսած է»,- կը յայտարարէ Ժիրայր Ռէյիսեան