­Սու­րիոյ խորհր­դա­րա­նի պատ­գա­մա­ւոր ­Ժի­րայր ­Ռէ­յի­սեան կը յայտ­նէ, թէ ­Հա­լէ­պի մէջ ընդ­հա­նուր վի­ճա­կը լաւ է եւ քա­ղա­քի վե­րա­կանգն­ման աշ­խա­տանք­նե­րը բնա­կա­նոն հու­նով կ­՛ըն­թա­նան: ­Հա­լէ­պի ա­զա­տագ­րու­մէն ետք մա­նա­ւանդ ի­րա­վի­ճա­կը ա­ւե­լի լաւ է. նախ­կին ա­նա­պա­հո­վու­թեան վի­ճա­կը չկայ: «­Հա­լէ­պի մէջ կրա­կոց­ներ չկան, եր­բեմն փոքր դէպ­քեր, ա­նակն­կալ ընդ­հա­րում­ներ կ­՛ըլ­լան, սա­կայն նախ­կին օ­րե­րու ա­նա­պա­հով վի­ճա­կը չկայ: ­Քա­ղա­քը հան­գիստ է»,- ըստ «Ար­մէնփ­րես»ի՝ կը յայտ­նէ ­Ժի­րայր ­Ռէ­յի­սեան:
­Վեր­ջինս կը տե­ղե­կաց­նէ նաեւ, թէ ջու­րի խնդիր չկայ, բնա­կան ջրա­մա­տա­կա­րա­րում կը կա­տա­ր­ւի: ­Քա­ղա­քի ե­լեկտ­րա­կա­նու­թիւ­նը բա­ւա­կան եր­կար ժա­մա­նակ ան­ջա­տո­ւած էր։ ­Ժո­ղո­վուր­դը այս տա­րի­նե­րուն ըն­թաց­քին հո­սանք կը գնէր՝ լոյս ու­նե­նա­լու, ան­մի­ջա­կան կա­րիք­նե­րը հո­գա­լու հա­մար: Ար­դէն իշ­խա­նու­թիւն­նե­րու ջան­քե­րով օ­րա­կան քա­նի մը ժա­մով հո­սանք կը տրո­ւի, սա­կայն ա­տի­կա բա­ւա­րար չէ, մա­րդիկ դեռ կը շա­րու­նա­կեն ե­լեկտ­րա­կա­նու­թիւն գնել: ­Հա­լէ­պի մէջ ճամ­բա­նե­րը հիմ­նա­կա­նօ­րէն բաց են, յատ­կա­պէս քա­ղա­քին մէջ: ­Քա­ղա­քէն դուրս եւս ճամ­բա­նե­րը բաց են. իսկ խօ­սե­լով անվ­տան­գու­թեան մա­սին՝ ան ը­սաւ, որ եր­բեմն դէպ­քեր կը պա­տա­հին եւ ա­նոնց պատ­ճա­ռով քա­նի մը ժա­մով եր­թե­ւե­կու­թիւ­նը կը դադ­րի։ ­Քա­ղա­քին մէջ սննդամ­թեր­քի պա­կաս չկայ, սա­կայն այս բո­լո­րի կող­քին կան տնտե­սա­կան դժո­ւա­րու­թիւն­ներ, ե­կա­մու­տը սահ­մա­նա­փակ է, իսկ ծախ­սե­րը բազ­մա­պատ­կո­ւած են: ­Պա­տե­րազ­մի ըն­թաց­քին սու­րիա­կան թղթոս­կիին ար­ժեզր­կու­մը դար­ձած է ապ­րանք­նե­րու սղա­ճի հիմ­նա­կան պատ­ճառ­նե­րէն մէ­կը:
«­Դա­սե­րը ար­դէն կ­՛ա­ւար­տին, ա­պա քննու­թիւն­ներն են, ո­րոնց­մէ ետք կը սկսի ար­ձա­կուր­դի շրջա­նը: Ինչ­պէս գի­տէք, կրթա­կան հաս­տա­տու­թիւն­նե­րը նո­րո­գու­թիւն­նե­րու կա­րիք ու­նին, պե­տու­թիւ­նը լծո­ւած է այդ աշ­խա­տան­քին: ­Կը կար­ծեմ, որ հանգ­րո­ւա­նա­յին կեր­պով ի­րա­վի­ճա­կը պի­տի բա­րե­լա­ւո­ւի»,- բա­ցատ­րեց ­Ռէ­յի­սեան՝ ա­ւելց­նե­լով.- «Ա­ռեւ­տու­րի կեդ­րոն­նե­րը բաց են, կ­՛աշ­խա­տին սո­վո­րա­կան կար­գով, իսկ անդ­րա­դառ­նա­լով ար­տադ­րու­թեան, պէտք է ը­սել, որ ա­նի­կա շատ նախ­նա­կան քայ­լեր կ­՛առ­նէ»:
«­Շա­տե­րը կա­րո­ղու­թիւ­նը չու­նին բո­լո­րո­վին վե­րա­կանգ­նե­լու քան­դո­ւած եւ կո­ղոպ­տո­ւած գոր­ծա­րան­նե­րը: ­Շատ ­Քի­չերն են, ո­րոնք հնա­րա­ւո­րու­թիւ­նը ու­նին ար­տադ­րու­թիւ­նը վե­րա­հաս­տա­տե­լու: ­Հե­տե­ւա­բար, կրնանք ը­սել, որ ար­տադ­րո­ղա­կան բա­ժի­նը դեռ վե­րա­կանգ­նած չէ»,- ը­սաւ ան: