Տոքթ. ՍԱՐԳԻՍ ԱՏԱՄ
11 տարի առաջ, 19 Յունուար 2007ի ժամը 15։00 ին, Պոլսոյ «Ակօս» թերթի խմբագրատան դրան առջեւ, թուրք ազգայնամոլներու կողմէ սպաննուեցաւ հայազգի մտաւորական Հրանտ Տինք:
Անոր նահատակութիւնը թուրք եւ հայ հասարակութեան կեանքը բաժնեց երկու ժամանակահատուածներու՝ «Հրանտ Տինքէ առաջ» եւ «Հրանտ Տինքէ յետոյ»:
Հրանտ Տինքի նահատակութիւնը իւրաօրինակ ազդակ մը դարձաւ թուրք հասարակութեան լայնախոհ եւ մտաւորական խաւերուն համար՝ հայ իրականութեան ալ-աւելի մօտէն ծանօթանալու։ Շատեր արդէն գիտակցած էին, որ Հրանտ Տինք ոչ միայն հայերու իրաւունքներու պաշտպանն է, ալ նաեւ բոլոր անոնց, որոնց մարդկային հիմնական իրաւունքները սահմանափակուած են…
Հրանտ Տինքի եղերական նահատակութեան յաջորդ օրն իսկ, հազարաւոր մարդիկ փողոց իջան եւ բողոքաքայլով ու «Մենք բոլորս հայ ենք, բոլորս Հրանտ Տինք ենք» պաստառներով դատապարտեցին այս դառն եղեռնը։
Ըստ էութեան, Թուրքիոյ տարբեր հարթակներու վրայ սկսան մարդկանց իրաւունքներու, ազատութեան եւ արդարութեան մասին խօսիլ, հարցը արծարծել եւ նիւթը օրակարգի բերել:
2008-2009 թուականներէն սկսեալ, Թուրքիոյ մէջ սկսան Հայոց Ցեղասպանութեան մասին խօսիլ եւ զանազան քաղաքներու մէջ տեղի ունեցան նաեւ 24 Ապրիլին եւ 1915ին նահատակուած հայ մտաւորականներու յիշատակութեան օրեր։ Ապրիլ 2016 թուականը թուրք եւ հայ հասարակութեան կեանքին մէջ շրջադարձային տարեթիւ մը եղաւ: Հայազգի պատգամաւոր Կարօ Փայլան Թուրքիոյ խորհրդարանին մէջ հանդէս գալով պահանջեց, որ յանձնաժողով մը ձեւաւորուի, որ քննէ 1908-1915 թուականներուն Օսմանեան Կայսրութեան խորհրդարանի հայազգի 7 պատգամաւորներու՝ Գրիգոր Զօհրապի,Պետրոս Հալաճեանի, Նազարէթ Տաղաւարեանի, Կարապետ Փաշայեանի, Վարդգէս Սէրէնկիւլեանի, Օննիկ Դերձակեանի, Համբարձում Պոյաճեանի ձերբակալութիւնը եւ սպանութեան գործերը.
11 տարի առաջ եւ նախապէս՝ նման բան երեւակայելն իսկ կարելի չէր:
Հրանդ Տինք այնպիսի՜ հայ մտաւորական մըն էր, որ կը հասկնար ու իր սիրտին մէջ կը զգար իր սեփական ժողովուրդին ապրած խոր ցաւը եւ նաեւ իր ուսերուն վրայ կը կրէր այդ բեռը: Ան իր վերջին յօդուածներէն մէկուն մէջ գրած էր, որ «վախցած աղաւնիի հոգեվիճակին մէջ է, աղաւնիները իրենց գոյութիւնը կը շարունակեն քաղաքի խորքերու եւ մարդկանց խիտ բազմութեան մէջ, գուցէ քիչ մը վախկոտ, բայց անկա՜խ»:
Այսօր, բարեբախտաբար, Հրանտ Տինքի գաղափարներուն շարունակողները քիչ չեն: Արդարամտութեան եւ ազատութեան գաղափարակիր Հրանտ Տինք այսօր իսկ իր գաղափարակիցներուն միջոցաւ կը շարունակէ պայքարիլ եւ իրականացնել իր առաքելութիւնը: