ԳՐԻԳՈՐ ԴԱՒԻԹԵԱՆ
Արդէն 10 տարի անցաւ Հրանդ Տինքի սպանութենէն։ Հակառակ 10 տարի տեւող դատական քաշքշուքներուն, տակաւին կարելի չեղաւ արդարութիւնը բացայայտել, երկրորդական եւ երրորդական դերակատարներ բանտարկուեցան, իսկ բուն յանցագործները կը վայելեն ազատութիւնը։
Հրանդ Տինք եղաւ այն հերոսը, որ քաջաբար պաշտպանեց իր գաղափարները Հայոց Ցեղասպանութեան եւ Հայ Դատի մասին, փորձեց միշտ «ներսէն» գրաւել բերդը, թուրք ժողովուրդին մէջ արթնցնել ճշմարտութեան գիտակցութիւնը՝ անոնց ցոյց տալով, որ իրականութիւնը բոլորովին տարբեր է թրքական պետութեան տասնամեակներ ամբողջ հրամցուցած թեզէն։
Ան կը փորձէր թուրք հասարակութիւնը աւելի մօտեցնել ժողովրդավարութեան, ժողովրդավար Թուրքիոյ մէջ տեսնելով ճշմարտութեան բացայայտումը եւ արդարութեան վերահաստատումը։ Թուրք ծայրայեղականութիւնը եւ խորքային պետութիւնը չկրցան հանդուրժել իրականութեան բացայայտումը, որովհետեւ ամբողջութեամբ փուլ պիտի գար իրենց կառուցած առասպելը եւ հասարակութիւնը պիտի անդրադառնար, որ իրենց այսպէս ասած Հանրապետութիւնը հիմնուած է Հայոց Ցեղասպանութեան զոհ գացած մէկուկէս միլիոն անմեղներու ոսկորներուն վրայ։
Հրանդ Տինք եղաւ Աւետարանի այն ցորենի հատիկը, որ հողին մէջ մտնելով եւ ինքզինք զոհելով՝ բազմապատիկ բերք տուաւ, ծնունդ տուաւ ատոք հասկերու, մէկի փոխարէն երեսուն, վաթսուն եւ հարիւր։
Եւ զոհուած ցորենի հատիկի ծնած սերունդի ներկայացուցիչներէն մէկն է Թուրքիոյ խորհրդարանի անդամ Կարօ Փայլանը։
Կարօ Փայլան բազմաթիւ անգամներ խորհրդարանի ամպիոնէն ելոյթ ունեցած է, քննադատած է Թուրքիոյ պետական մեքենայի հայամերժ քաղաքականութիւնը եւ պատմութեան նենգափոխումը։ Ո՞վ չի յիշեր անցեալ տարի իր ունեցած ելոյթը, երբ մէկիկ-մէկիկ ցոյց տուաւ օսմանեան խորհրդարանի բոլոր հայ երեսփոխաններու նկարները՝ իրենց անուններով հանդերձ, ըսելով որ անոնք մէկ գիշերուան մէջ ձերբակալուեցան, աքսորուեցան եւ գազանաբար սպաննուեցան՝ առանց դատի։
Թուրքիոյ Հանրապետութեան պատմութեան մէջ առաջին անգամն էր, որ խորհրդարանին մէջ կը լսուէր Գրիգոր Զօհրապի եւ իր ընկերներուն անունները, այն Զօհրապին, որ իր ճարտասանական բացառիկ կարողութիւններով՝ նախանձը կը գրգռէր իր թուրք պաշտօնակիցներուն։ Առաջին անգամն էր, որ կը բարձրացուէին անոնց նկարները խորհրդարանին մէջ։ Առաջին անգամն էր, որ հայ մը կը պարտադրէր, որպէսզի թրքական պետութիւնը յարգէ հայոց Ս. Ծնունդը եւ Թուրքիոյ խորհրդարանին մէջ բարձրաղաղակ կը յայտարարէր.- «Քրիստոս ծնաւ եւ յայտնեցաւ, ձեզի եւ մեզի մեծ աւետիս»…։
Բայց Կարօ Փայլանի վերջին ելոյթը բաժակը յորդեցուց եւ պատճառ դարձաւ թուրք երեսփոխաններու բուռն յարձակումներուն, մինչեւ իսկ պատժական քայլով իրեն արգիլեցին յաջորդ 3 նիստերուն մասնակցիլ, ու տակաւին՝ կարգ մը անձեր պահանջեցին վերջնականապէս զինք հեռացնել խորհրդարանէն։ Որովհետեւ ան ըսած էր, թէ հայերը, ասորիները, յոյներն ու հրեաները մեծ կոտորածներու եւ ցեղասպանութեան պատճառով այս հողերէն արտաքսուած կամ տանջանքներու ենթարկուած են։ Թուրքիոյ խորհրդարանին մէջ արտասանուած Ցեղասպանութիւն բառը փաստօրէն գրգռեց թրքական բնազդը։
Կարօ Փայլան փորձեց շարունակել իր խօսքը, ըսելով. «Ժամանակին մենք բնակչութեան 20 տոկոսն էինք, այսօր 1000-է մէկն ենք։ Բան մը եկած է հայ ժողովուրդի գլխուն, ես ատոր ցեղասպանութիւն կ՚ըսեմ, դուք ինչպէս կ՚ուզէք անուանեցէք։ Դուք անուն տուէք, ես ալ ընդունիմ։ Ես նախնիներուս, պապերուս գլխուն ինչ եկած է շատ լաւ գիտեմ։ Եկէք դուք անոր անունը տուէք, ու միասին խօսինք այդ մասին»…։
Սակայն պէտք է գիտակցինք, որ Թուրքիան այն երկիրը չէ, ուր ճշմարտութիւնը իրենց որջին մէջ բարձրաձայն յայտարարելով կարելի է տեղ հասնիլ։ Կարօ Փայլան շատ տրամաբանական բացատրութիւններով խօսած էր նախորդ անգամներուն, եւ իր իւրաքանչիւր ելոյթը դրական ազդեցութիւն գործած էր թուրք հասարակութեան մէկ մասին վրայ, զանոնք մղելով այդ հարցադրումներուն մասին մտածելու, պրպտելու թէ իսկապէս ի՞նչ եղած էր 1915-ին, ցեղասպանութիւն չէր, բայց ի՞նչ էր։ Հաւանաբար խոհեմութիւն պիտի ըլլար առայժմ խուսափիլ հրապարակային կերպով ցեղասպանութիւն բառի յաճախակի կրկնութենէն Թուրքիոյ մէջ, աւելի նպատակայարմար պիտի ըլլար նոյն բաները ըսել առանց այդ բառը գործածելու, որովհետեւ ծայրայեղ ազգայնականները անօթի գայլերու նման կը սպասեն առիթի, իսկ մենք այսօր պէտք չունինք նահատակ Կարօ Փայլանի, պէտք չունինք 1.500.000+2-ի։ Պէտք է առանց գրգռելու կարենալ «ներսէն» պատրաստել թուրք հասարակութիւնը, տրամաբանական եւ համոզիչ բացատրութիւններով զանոնք մղելով պրպտելու իրենց պատմութեան մութ էջերը։