Ընկ. ­Կա­րօ Ա­ւա­գեա­նի դամ­բա­նա­կան խօս­քը

­Յու­նա­հայ հա­մայն­քի ե­րէց ան­դամ­նե­րէն մէ­կը եւս մեկ­նե­ցաւ մեր մօ­տէն։
Դժ­բախ­տու­թիւ­նը ու­նե­ցանք կորսնց­նե­լու ­Գա­րէա­յի շրջա­նէն ան­բա­սիր եւ հեզ նկա­րագ­րով անձ մը՝ Հ­րանդ ­Մի­քա­յէ­լեա­նը։
Ան ծնած էր ­Կե­սա­րիա­նիի եր­բեմ­նի հա­յա­հոծ շրջա­նին մէջ, ուր եւ կայք հաս­տա­տած էր։ ­Յա­ճա­խած էր ­Ֆիք­սի Ազ­գա­յին վար­ժա­րա­նը։ Ա­պա նե­տո­ւած էր կեան­քի աս­պա­րէզ՝ ոս­կեր­չու­թիւն սոր­վե­լով։ Աշ­խոյժ եւ աշ­խա­տա­սէր տղայ մը ըլ­լա­լով՝ յա­ջո­ղած էր կարճ ժա­մա­նա­կի ըն­թաց­քին սե­փա­կան աշ­խա­տա­նոց ու­նե­նալ։
Շ­նոր­հիւ իր նկա­րագ­րին՝ Հ­րանդ յա­ջո­ղած էր նաեւ յար­գո­ւած դէմք մը ըլ­լալ ոս­կեր­չա­կան շրջա­նակ­նե­րուն մէջ։ Հ­րանդ ին­քնաս­տեղծ մէկն էր։
Ե­րի­տա­սարդ տա­րի­քէն ան­դա­մակ­ցած էր ­Դաշ­նակ­ցու­թեան շար­քե­րուն՝ մնա­լով հա­ւա­տա­րիմ զի­նո­ւո­րը իր տո­ւած ուխ­տին, մին­չեւ կեան­քին վեր­ջը։
Ան միշտ մօտ ե­ղած էր գա­ղու­թա­յին բո­լոր ի­րա­դար­ձու­թիւն­նե­րուն եւ ո՛ւր որ իր ներ­կա­յու­թեան կա­րի­քը զգա­ցո­ւած էր՝ միշտ պատ­րաստ ե­ղած էր ստանձ­նե­լու ի­րեն բա­ժին ին­կած պար­տա­կա­նու­թիւն­նե­րը։
­Մաս­նակ­ցած էր ­Կե­սա­րիա­նիի բո­լոր միու­թե­նա­կան շար­ժում­նե­րուն, նաեւ՝ ե­ղած էր ­Գա­րէա­յի «Ա­զա­տա­մարտ» ա­կում­բի հիմ­նա­դիր ան­դամ­նե­րէն։
­Դու­ռէ-դուռ պտտած էր նո­ւի­րա­հա­ւաք­ման հա­մար, մին­չեւ որ իր ըն­կեր­նե­րու հետ միաս­նա­բար կա­րո­ղա­նա­յին հաս­նիլ ի­րենց նպա­տա­կին։
Ե­ղած էր Հ.Յ.Դ. Ե­րի­տա­սար­դա­ցի ան­դամ, նոյն­պէս եւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի։ ­Տա­րի­նե­րով մաս­նակ­ցած էր «­Հա­մազ­գա­յին»ի երգ­չա­խում­բին։ Ե­ղած է ­Գա­րէա-­Կե­սա­րիա­նիի ­Թա­ղա­յին ­Խոր­հուր­դի ան­դամ, իսկ ա­ւե­լի ետք նաեւ Ա­թէն­քի ­Սուրբ Գ­րի­գոր ­Լու­սա­ւո­րիչ մայր ե­կե­ղեց­ւոյ ­Հո­գա­բար­ձու­թեան ա­տե­նա­պետ։
­Մեր այս հա­կիրճ անդ­րա­դար­ձը, Հ­րան­դի կեան­քի մա­սին, թե­րի պի­տի ըլ­լար, ե­թէ ան­տե­սէինք իր ըն­տա­նե­կան պայ­ման­նե­րը։ ­Փաս­տօ­րէն ի­րեն նման անձ մը պի­տի չկա­րե­նար եր­բեք այս­քան ժա­մա­նակ տրա­մադ­րել հա­մայն­քի ազ­գա­յին կեան­քին, ե­թէ իր կող­քին չու­նե­նար իր հա­մեստ տիկ­նոջ՝ ­Նա­զի­կի նման անձ մը։ Ու եր­կու­քը միա­սին կազ­մե­ցին տի­պար հայ­կա­կան ըն­տա­նիք մը՝ բախ­տա­ւո­րո­ւե­լով եր­կու զա­ւակ­նե­րով։
Ըն­կեր Հ­րան­դը կը մեկ­նի այս աշ­խար­հէն գո­հու­նակ սրտով, ազ­գին եւ ըն­տա­նի­քին հան­դէպ իր պար­տա­կա­նու­թիւն­նե­րը լիո­վին կա­տա­րած ըլ­լա­լու զգա­ցու­մով։
­Սի­րե­լի Հ­րանդ,
Վս­տահ ե­ղիր, որ քու բո­լոր գոր­ծա­կից­ներդ եւ ըն­կեր­ներդ պի­տի չմոռ­նան եր­բեք քու տի­պար անձդ, այլ բախ­տա­ւոր պի­տի զգան՝ քե­զի ծա­նօ­թա­ցած ըլ­լա­լու հա­մար։
­Բո­լոր բա­րե­կամ­ներդ եւ ըն­կեր­ներդ՝ պի­տի ջա­նանք վառ պա­հել հայ­րե­նա­սէր հա­յու եւ ­Դաշ­նակ­ցա­կա­նի քաղցր յի­շա­տակդ։ Այ­սօր սա­կայն բա­ժա­նու­մի պահն է եւ չկայ բա­ժա­նում՝ ա­ռանց յու­զու­մի։
­Յա­նուն ըն­կեր­նե­րուդ եւ բա­րե­կամ­նե­րուդ՝ մեր ցա­ւակ­ցու­թիւ­նը կը յայտ­նենք տի­կին ­Նա­զի­կին, ձեր զա­ւակ­նե­րուն եւ բո­լոր ըն­տա­նե­կան պա­րա­գա­նե­րուն եւ յար­գան­քով կը խո­նար­հինք քու անմո­ռաց յի­շա­տա­կիդ առ­ջեւ։

Եր­թաս բա­րով, սի­րե­լի Հ­րանդ։