Ժագ Տամատեան
Տարիներ առաջ, կողովագնդակի Թեսաղոնիկէի «Արիս» խումբը կարեւոր մրցում մը ունէր Գերմանիոյ մէջ, տեղական խումբի մը դէմ, Եւրոպայի առաջնութեան համար: Մրցումէն առաջ, Եաննիս Իոանիտիս հռչակաւոր մարզիչը կ’ըսէր իր մարզիկներուն,- «Վաղը Գերմանիոյ յոյն պատանիները, որոնք դպրոց պիտի երթան, պէտք է հպարտութեամբ իրենց գերմանացի դասընկերներու աչքերուն մէջ նային»: Յունական խումբը յաղթեց եւ յոյն աշակերտները հպարտութեան զգացումով գացին դպրոց:
Հոկտեմբեր 2002: «Զաւարեան» կեդրոնին մէջ հաւաքուած՝ անհամբեր կը սպասենք Հայաստանի ոտնագնդակի ազգային խումբին: Երբ որ մարզիկները կը յայտնուին, կը յայտարարուի թէ՝ երազ չէ՛, Հայաստանն է: Եւ իսկապէս երազ չէր. մեր ազգային հաւաքականը պիտի ունենար պաշտօնական մրցում մեր յոյն եղբայրներուն հետ՝ եւրոպական առաջնութեան նախաւարտական հանգրուանին համար: Յունահայ մարզասէր սերունդներուն համար պիտի իրականանար հին երազանք մը:
Նոյն ամսուան 16ի երեկոյեան ,«Լէոֆորոս» դաշտին մէջ, հարիւրաւոր հայեր արդէն գրաւուած ենք մեր դիրքերը…։
Եւ սպասուած պահը կու գայ. խումբերը դաշտ կը մտնեն ու կը դիմաւորենք եռագոյներով եւ «Մեր Հայրենիք»ը երգելով, առաջին անգամ ըլլալով երկու ազգային խումբերու մրցումի մը առթիւ: Յունաստանին համար խաղը ամէնէն կարեւորն էր, քանի որ ան արդէն կրած էր երկու անարդար պարտութիւններ՝ Սպանիայէն եւ Ուքրանիայէն: Կը յաջորդէ 90 վայրկեանի տեւողութեամբ «խնճոյք» մը մեզի համար, ուր կը հնչէ անդադար «Հայաստա՜ն-Հայաստա՜ն» լոզունգը:
Հայ մարզիկները ազնիւ ու տիպար մրցում մը տուին, սակայն յոյները ակնյայտօրէն աւելի փորձառու, քիչ մըն ալ բախտաւոր՝ արդար յաղթանակ տարին՝ 2-0 հաշիւով: Մեր հաւաքականի արժանավայել ներկայութեան շնորհիւ յոյն բարեկամները մեզ ըսին.- «Պրաւօ, լաւ խաղցաք»:
Յունաստանը, մօտաւորապէս մէկուկէս տարի ետք, հրաշքով պիտի դառնար Եւրոպայի ախոյեան: Յոյներն ալ յիշեցին, որ երբ իրենց ազգային հաւաքականը առաջին անգամ ըլլալով ներկայացաւ բարձր մակարդակի միջազգային առաջնութեան մը, 1980ի եւրոպական բաժակին, նախաւարտական հանգրուանին դարձեալ մրցում ունեցած էին Հայաստանի մէջ, Երեւանի պատմական «Հրազդան» դաշտին վրայ, այն ժամանակուայ Խ.Ս.Հ.Մ.ի խումբին դէմ: Այսպէս՝ նկատեցին, որ Հայաստան բախտ կը բերէ իրենց, ապա որոշեցին, որ երկու խումբերը ընկերական խաղեր ունենան իրար դէմ՝ ամէն անգամ, որ Յունաստան պիտի մասնակցէր միջազգային առաջնութեան աւարտական հանգրուանի մը:
17 տարի վերջ, մեր զաւակները՝ նոր սերունդը, որ չհասաւ դիտելու այդ առաջին մրցումը, նոյն անհամբերութեամբ կը սպասէ Յունաստան-Հայաստան հանդիպումը՝ Յունիս 11ին, Աթէնքի մէջ:
Մեր խումբը ունի միջազգային համբաւի տիրացած աստղ մը՝ Հենրիկ Մխիթարեան: Յաղթանակը պայման չէ, ի վերջոյ մարզական մրցում մըն է եւ ամէն տեսակի արդիւնք հնարաւոր է: Սակայն, Հայաստանը պէտք է ունենայ այնպիսի ներկայութիւն մը, որ մենք՝ Յունաստանի հայերս, յաջորդ օրը հպարտ հայեացքով մեր յոյն ընկերներու աչքերուն մէջ նայինք: