Շաբաթ, 4 Մայիս 2023-ի, կէսօրուան ժամը 3։30-ին, կրթութեան եւ կրօնից նախարարուհի տիկ. Նիքի Քերամէոս այցելեց «Զաւարեան» կեդրոն, Գոքինիա։ Տիկին Քերամէոսին կ՚ընկերանար կրօնից նախարարութեան ընդհանուր քարտուղար պրն. Եորղոս Քալածիս։ Նախարարուհիին այցելութեան ներկայ էին թեմակալ Առաջնորդ Գերշ. Տ. Գեղամ Ս. Արք. Խաչերեան, Կրօնական ժողովի ատենապետ Տ. Պարէտ Քհնյ. Խաչերեան եւ ժողովի անդամ Տ. Նարեկ Քհնյ. Շահինեան, Ազգային վարչութեան դիւանը՝ ատենապետ պրն. Թագւոր Յովակիմեան, փոխ ատենապետ պրն. Ստեփան Փափազեան, ատենադպիր պրն. Նազար Աւագեան եւ Անի Թագւորեան եւ վարչութեան անդամ տիկ. Շողիկ Տատոյեան, Հ.Յ.Դ Յունաստանի Կեդր. կոմիտէի անդամներ, պրն. Սերգօ Մանկոյեան, Յարութիւն Սբարթալեան եւ Տիգրան Չիչէքեան, Հ. Կ. Խաչի Շրջանային վարչութեան ատենապետուհի տիկ. Լիզա Աւագեան, Ուսումնական խորհուրդի ատենապետուհի տիկ. Լիզէթ Շանկայեան, Ազգային առաջնորդարանի դիւանապետուհի տիկ. Ազնիւ Գասպարեան, «Զաւարեան» վարժարանի տնօրէնուհի տիկ. Հայկան Մինասեան, «Սոֆիա Յակոբեան» վարժարանի տնօրէն պրն. Բաբգէն Գասապեան, «Ա. եւ Ժ. Ճէնազեան» միջնակարգի տնօրէնուհի տիկ. Արշալոյս Սափրիչեան։
Տիկին Քերամէոս, առաջին հերթին, շրջեցաւ «Զաւարեան» վարժարանի յարկէն ներս եւ գնահատանքով մատնանշեց վարժարանի միջավայրին կրթական օճախի ջերմ մթնոլորտը ու յատկապէս հայկական մշակութային նկարագիրը։
«Զաւարեան» կեդրոնի սրահին մէջ տեղի ունեցաւ հանդիպումը նախարարուհիին հետ։ Առաջնորդ Սրբազան Հայրը, բոլոր ներկաներուն անունով ողջունեց այցելութիւնը, ներկայացնելով անոնց հանգամանքները։ Սրբազան Հայրը նկատելով կրթական եւ կրօնից նախարարութիւնը կառավարութեան էական մարզերէն մէկը, դրուատիքով անդրադարձաւ տիկին նախարարուհիին պաշտօնավարութեան շրջանին, պատասխանատուութեամբ, աչալրջութեամբ ու մանաւանդ վճռակամութեամբ կատարած իրագործումներուն։ Շնորհակալական խօսքերով անդրադարձաւ յունական պետութեան կրթական նախարարութեան հայ վարժարաններուն ցուցաբերած կարեւոր նեցուկին ու աջակցութեան համար։ Իր խօսքին մէջ նաեւ ողջունեց նախարարութեան ընդհանուր քարտուղար պրն. Եորղոս Քալածիսին ներկայութիւնը, շնորհակալական խօսքերով անդրադառնալով ընդհ. քարտուղարին, որ միշտ պատրաստակամ է, իր հանգամանքին տրամադրած կարելիութեան սահմաններուն մէջ օգտակար հանդիսանալու մեր վարժարաններուն հետ կապուած բոլոր հարցերուն բարւոք կարգաւորման։
Տիկին նախարարուհին, իր կարգին, շնորհակալութիւն յայտնեց ջերմ ընդունելութեան համար, յայտնելով որ նախարարութիւնը միշտ պատրաստ է օրէնքի սահմաններու մէջ ընդառաջելու հայ վարժարաններու կարինքներուն եւ ծրագիրներուն։ Տիկ. Քերամէոս եւ պրն. Քալածիս հիւրասիրուեցան հայկական ճաշատեսակներով։
Հիւրասիրութեան ընթացքին, նախարարուհիին եւ ներկաներուն միջեւ խօսակցութիւնը ընթացաւ կրթական նախարարութեան դիմագրաւած հսկայական դժուարութիւններով եւ մարտահրաւէրներով հանդերձ կատարած իրագործումներուն, ծրագիրներուն ու նաեւ ապագայի հեռանկարներուն։ Քննարկուեցան նաեւ հայ վարժարաններու հետ առնչուած զանազան հարցեր։
Աւարտին, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը նկատելով որ յառաջիկայ երեսփոխանական ընտրութիւններուն տիկ. Քերամէոս վերընտրութեան թեկնածութիւնը առաջադրած է, յաջողութիւն մաղթեց անոր։
ԴԻՒԱՆ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ