Հա­րա­ւա­յին ­Քո­րէա­յի մէջ կա­յա­ցած հնա­մեայ քա­ղաք­նե­րու մի­ջազ­գա­յին ժո­ղո­վի ըն­թաց­քին ­Կորն­թո­սի քա­ղա­քա­պե­տու­թեան եւ Ատր­պէյ­ճա­նի պա­տո­ւի­րա­կու­թեան մի­ջեւ՝ գրա­ւեալ ­Շու­շի քա­ղա­քին հետ ստո­րագ­րո­ւած մտադ­րու­թեան հա­մա­ձայ­նա­գի­րի չե­ղարկ­ման ուղ­ղո­ւած քայ­լե­րուն ծի­րէն ներս, ­Յու­նաս­տա­նի մէջ Հ.Հ. դես­պան ­Տիգ­րան Մկրտ­չեան, իր կար­գին եւս, նա­մակ մը ու­ղար­կած էր ­Կորն­թո­սի քա­ղա­քա­պետ ­Վա­սի­լիոս ­Նա­նո­փու­լո­սին։ Ա­ռա­ւել, դես­պա­նը բո­ղո­քի ազ­դա­րա­րու­թիւն մը կա­տա­րեց ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րա­րու­թեան, պա­հան­ջե­լով չե­ղեալ նկա­տել ո­րե­ւէ հա­մա­ձայ­նա­գիր Ատր­պէյ­ճա­նի կող­մէ ա­պօ­րի­նի գրա­ւո­ւած ­Շու­շիի առն­չու­թեամբ։ ­Մեր ըն­թեր­ցող­նե­րը տե­ղեակ են նաեւ, որ քա­ղա­քա­պե­տը իր պա­տաս­խան նա­մա­կով ­Յու­նաս­տա­նի ­Հայ դա­տի յանձ­նա­խում­բին ան­մի­ջա­պէս չե­ղեալ յայ­տա­րա­րեց դրո­ւած ստո­րագ­րու­թիւ­նը եւ բա­ցա­ռեց ո­րե­ւէ հա­մա­ձայ­նա­գիր այս ուղ­ղու­թեամբ։
­Կորն­թո­սի քա­ղա­քա­պե­տու­թեան կայ­քէ­ջին վրայ հրա­տա­րա­կո­ւած է նաեւ հան­դիպ­ման ար­ձա­գան­գը, որ տե­ղի ու­նե­ցաւ քա­ղա­քա­պե­տին եւ դես­պա­նու­թեան կող­մէ դես­պա­նի փո­խա­նորդ տիկ. ­Յաս­միկ ­Դաշ­տո­յեա­նի եւ խորհր­դա­կան տիկ. Ար­մի­նէ Ա­լեք­սա­նեա­նի մի­ջեւ։
­Քա­ղա­քա­պե­տու­թեան յայ­տա­րա­րու­թեան մէջ կը նշո­ւի, թէ խօ­սակ­ցու­թեան ըն­թաց­քին գլխա­ւոր նիւթ դար­ձաւ եր­կու եր­կիր­նե­րու պատ­մա­կան կա­պե­րու խո­րու­թիւ­նը, ինչ­պէս նաեւ ա­պա­գայ գոր­ծակ­ցու­թեան հնա­րա­ւո­րու­թիւն­նե­րուն մա­սին հա­մա­ձայ­նու­թիւն գո­յա­ցաւ։
«­Շատ ու­րախ եմ այս հան­դի­պու­մին հա­մար։ Ան­գամ մը եւս ցոյց կու տայ մեր քա­ղա­քա­պե­տու­թեան զօ­րա­ւոր կա­պե­րու նշա­նա­կու­թիւ­նը հա­յե­րուն հետ։ ­Մեր կա­պե­րը նաեւ պատ­մա­կան են եւ քա­ղա­քա­պե­տու­թիւ­նը կը յար­գէ պատ­մա­կան ան­ցեա­լը։ ­Միա­ժա­մա­նակ ա­պա­գայ գոր­ծակ­ցու­թեան ճամ­բայ մը կը բա­նայ մեր առ­ջեւ, որ պի­տի ծա­ւա­լի զա­նա­զան ե­լոյթ­նե­րու կազ­մա­կեր­պու­մով՝ գոր­ծակ­ցա­բար ­Յու­նաս­տա­նի հայ հա­մայն­քին», շեշ­տեց ­Կորն­թո­սի քա­ղա­քա­պե­տը հան­դի­պու­մի ա­ւար­տին։