Ն.
Հայ մարդու իմացական ու յուզական աշխարհը՝ Հայու Հոգին խորապէս պեղելու եւ գեղեցկագոյն լեզուով ու ոճով արտայայտելու առինքնող արուեստին մեծ վարպետն է Կոստան Զարեան, որուն ծնունդը կը նշենք Փետրուար 2ին։
Կ. Զարեան գեղարուեստական եւ իմաստասիրական մեծատաղանդ ժառանգութիւն մը կտակեց հայոց սերունդներուն՝ պատգամելով, որ
«Ջղագրգռուած, զգացական հիւանդութիւններով տառապող, վախով, նախանձով, ախտաւոր ատելութիւններով ցնցուած մեր հայ աշխարհում մթագնած է այն քննանիշը, որով գիտակցական մարդիկ ի վիճակի են ազնիւօրէն մօտենալու եւ զննելու կեանքի երեւոյթները։
«Ամէն ինչ ընթանում է գաւառային ճղճիմ մտայնութեան նեղ եւ մթագնած լաբիւրինթոսներում:
«Շատերը կարծում են, որ եթէ կառուցեն հայ կոչուած ոճով շէնքեր եւ գրեն հայերէն բառերով, փրկած կը լինեն հայութեանը բնորոշ արտաքին ձեւը։ Արդ, ինչ որ անուանում են հայ ճարտարապետութիւն, հին եկեղեցիներից պոկած մակերեսային բեկորներ են, որոնք ժամանակին, իրենց ամբողջութեան մէջ, անբաժանելի վիճակում, դրսեւորել են որոշ կրօնական մի աշխարհատեսութիւն, մի տիրական խորհուրդ, ապրելու եւ զգալու մի կերպ:
«Ստեղծագործական անկարողութեան պատճառով վերաձեւել մեծ Տրդատների ոճը եւ մէջը՝ հայ ոգին եւ հաւատքը բնորոշ[ող] աստուածութեան տեղ՝ բնակեցնել օտարի կայսերապաշտութեան բռունցքներով օժտուած բռնակալ ոստիկաններին, դա խաբէութիւն է — կեղծի՛ք։
«Կամ՝ հայերէն լեզուով գրել օտարի պարտադրած գաղափարները, դա հայ գրականութիւն չէ։
«Ժողովրդների ստեղծագործական կեանքը զարգանում է ուրոյն հոգեկան եւ մտային արքետիպների թելադրանքների տակ։ Հայ արուեստը եւ գրականութիւնը հարազատ են ա՛յն ժամանակ, երբ նրանք ներկայանում են իբրեւ անմիջական եւ անփոփոխ արտայայտութիւնը հայ հաւաքական ենթագիտակցութեան։
«Այդ հաւաքական ենթագիտակցութիւնը նման է այն ընդերկրեայ բազմաթիւ հոսանքներին, որոնք, օրինակի համար, յամառօրէն շարունակում են կեանք տալ «գիտականօրէն» եւ անմիտօրէն վատնուող Սեւանին։
«Թող այդ գեղեցիկ լճի ափերը իջնեն, քոսոտեն, բորոտեն՝ մարդկանց անխելքութեան պատճառով։ Այնումենայնիւ նրանք մի օր պիտի վերածնուեն, պիտի վերադառնան իրենց յաւիտենական կերպին եւ երգին, հողերի տակ թաքնուած թարմ, զուլալ ջրերի մղումուվ։
«Այդ պատճառով էլ չկայ այնտեղը կամ այստեղը։
«Այդ քննանիշը յարմարում է մեր կեանքի բոլոր երեւոյթներին։
«Հայ ոգին եւ Հայաստանը ներկայ են այնտեղ, ուր ներկայ է հայ հաւաքական գիտակցութեան փրկարար հրամայականը»։ (Կոստան Զարեան, «Նաւատոմար», Պըրքլի, Քալիֆորնիա, 17 Ապրիլ 1959)։
Հայ ժողովուրդի հաւաքական գիտակցութեան այս աստիճան խորամոյն ընկալումն ու ներշնչանքը ունէր հայ գրականութեան մեծարժէք այս դէմքը։
Բանաստեղծ, արձակագիր, արուեստաբան եւ գրականագէտ է աւազանի անունով Կոստանդին Քրիստափորի Եղիազարեան, որ 1885 թուականի Փետրուար 2ին լոյս աշխարհ եկաւ Շամախի քաղաքին մէջ (այժմ՝ Ատրպէյճանի շրջան)։
Հետաքրքրական է նշել, որ Կոստան Զարեան, Շիրվանզադէն եւ հայ բեմարուեստի մեծ վարպետ Յովհաննէս Աբէլեանը երեք քոյրերու որդիներ եղած են: Կոստանի հայրը՝ Քրիստափոր Եղիազարովը ցարական բանակի զօրավար էր: Կոստան չորս տարեկան էր, երբ մահացաւ հայրը: Փոքրիկին տարին Պաքու, ուր ան յաճախեց ռուսական գիմնազիա։ Աւագ եղբայրը տասը տարեկան Կոստանին տարաւ Փարիզ, ուր ան յաճախեց եւ աւարտեց Սեն-Ժերմէն գոլէճը։ Վերադարձաւ Կովկաս, ուր սակայն կարճ ժամանակ մնաց, որովհետեւ մեկնեցաւ Պելճիքա՝ համալսարանական բարձրագոյն ուսման հետեւելու համար գրականութեան եւ ընկերային գիտութեանց ճիւղերուն մէջ։ Ստացաւ փիլիսոփայութեան դոկտորի աստիճան եւ հաստատուեցաւ Փարիզ, ուր աշխոյժ մասնակցութիւն բերաւ ժամանակի նորարական շարժումներուն՝ գրականութեան եւ գեղարուեստի բնագաւառներուն մէջ։
Իր ողջ էութեամբ հայ մշակոյթին եւ հոգեմտաւոր ժառանգութեան կապուած երիտասարդ Կոստանը առիթ չէր ունեցած հայերէնի իր իմացութիւնը գրական մշակման մակարդակին բարձրացնելու։ Իր սկզբնական գործերը գրած էր ֆրանսերէնով եւ իտալերէնով. կը տիրապետէր նաեւ անգլերէնին։ Իր առաջին գիրքը՝ «Երեք երգեր»ը գրած էր իտալերէնով (նոյնը հայերէն լեզուով լոյս ընծայեց 1931 թուին: Այդ երկարաշունչ բանաստեղծութեանց հիման վրայ, հետագային, երաժիշտ Օթթորինօ Ռեսպիգին ստեղծեց սիմֆոնիա):
Հետեւաբար, հայերէնի չիմացութեան այդ մեծ բացը գոցելու մտադրութեամբ՝ 1910էն 1912 Կոստան Զարեան հայերէն սորուելու համար ապրեցաւ Վենետիկի «Ս. Ղազար» վանքին մէջ։ Երբ արդէն հայերէնին ալ տիրապետած էր, Կոստան Զարեան որոշեց հաստատուիլ Պոլիս, ուր 1908ի Սահմանադրութեան հռչակումէն ետք գրական-մշակութային կեանքը աննախընթաց թափով ծաղկում կ’ապրէր։
Դանիէլ Վարուժանի, Յակոբ Օշականի, Գեղամ Բարսեղեանի եւ Ահարոն Տատուրեանի հետ միասին՝ Կոստան Զարեան գլխաւոր դեր ունեցաւ գրականութեան ու գեղարուեստի նորարարական հանդէսին՝ «Մեհեան»ի հիմնադրութեան մէջ, որուն առաջին համարը լոյս տեսաւ 1914ի Յունուարին: «Մեհեան»ը միայն եօթը համար լոյս տեսաւ եւ փակուեցաւ Առաջին Աշխարհամարտի բռնկումին հետեւանքով։
1914ի Դեկտեմբերին, գրական-գեղարուեստական աշխատանքի ազատ բեմ գտնելու հեռանկարով, Կոստան Զարեան հեռացաւ Պոլիսէն, անցաւ Պուլկարիա եւ հոնկէ ալ Ֆլորենցիա, ուր ապրեցաւ եւ ստեղծագործեց մինչեւ Աշխարհամարտի աւարտը։ 1919-22ին Կ. Զարեան վերստին Կ. Պոլիս է, ուր Գ. Գալֆայեանի, Վահան Թեքէյեանի եւ Շահան Պէրպէրեանի հետ կը հրատարակէ «Բարձրավանք» հանդէսը: 1922-24ին, համեմատական գրականութեան պատմութիւն կը դասաւանդէ Երեւանի Պետական Համալսարանին մէջ: 1925ին, խորհրդային կարգերուն եւ կաշկանդումներուն չդիմանալով, Կոստան Զարեան դարձեալ Փարիզ է: Կը հիմնէ եւ կը խմբագրէ արուեստի, գրականութեան եւ փիլիսոփայութեան «Բաբելոնի Աշտարակ» ամսագիրը (ֆրանսերէն):
Այնուհետեւ՝ Կ. Զարեան մեկնեցաւ Մ. Նահանգներ, ուր Պոսթընի «Հայրենիք» ամսագրի էջերուն լոյս ընծայեց իր «Անցորդը եւ իր ճամբան» (1927), «Բանկօօպը եւ մամութի ոսկորները» (1931-34), «Երկիրներ եւ աստուածներ» (1935-38), «Կղզին եւ մի մարդ» (1955) գործերը, ինչպէս եւ հռչակաւոր «Տատրագոմի հարսը» երկարաշունչ բանաստեղծութիւնը։
Մ. Նահանգներու տարածքին Կոստան Զարեան վարեց դասախօսական պաշտօններ։ 1930ականներուն դասաւանդեց Պըրքլիի (Քալիֆորնիա) համալսարաին մէջ։ 1944-46ին հայագիտութիւն դասաւանդեց Նիւ Եորքի Քոլումպիա համալսարանին մէջ։ 1946ին Նիւ Եորքի մէջ հիմնեց եւ խմբագրեց «Հայկական Քառամսեակ» անգլերէն հանդէսը: 1952-54ին արուեստի պատմութիւն դասաւանդելու համար Պէյրութի Ամերիկեան համալսարանին մէջ՝ Կոստան Զարեան հաստատուեցաւ Լիբանան։ Այդ շրջանին էր, որ երջանկայիշատակ Ամենայն Հայոց Վազգէն Ա. Կաթողիկոսէն Հայաստան հաստատուելու հրաւէր ստացաւ։ 1961ին ներգաղթեց Հայաստան եւ 1962էն մինչեւ 1969ի Դեկտեմբեր 11ի իր վախճանումը, աւագ գիտաշխատողի աշխատանք կատարեց Եղիշէ Չարենցի անուան գրականութեան եւ արուեստի թանգարանին մէջ։
Կոստան Զարեանի գլուխ-գործոցը կը համարուի Մեծ Եղեռնի, Հայաստանի անկախութեան եւ հուսկ խորհրդայնացման նուիրուած «Նաւը լերան վրայ» ծաւալուն վէպը, որ Մ. Նահանգներու մէջ 1943ին իր առաջին հրատարակութիւնը ունենալէ ետք, գաղափարախօսական աղճատումներով 1963ին իր երկրորդ հրատարակութեան արժանացաւ Խորհրդային Հայաստանի մէջ՝ ընդհանուր դժգոհութեան ալիք բարձրացնելով սփիւռքի տարածքին։
Աւելի քան 84 տարի ապրեցաւ Կոստան Զարեան, պատկառելի վաստակ մը ստեղծեց թէ՛ որակի, թէ՛ քանակի առումով եւ սերունդներու յիշողութեան մէջ անմահացաւ իբրեւ հայ գրականութեան մեծ իմաստասէրն ու գեղապաշտ արուեստագէտը։
Անմահացաւ՝ շնչաւորելով Հայու Հոգին իր խորութեամբ եւ խռովքով.-
«Պէտք է զանազանել. գաղթականը եւ տարագիրը. երկու իրարամերժ վիճակներ են։
«Գաղթականը՝ անողոք պարագաներից մղուած՝ տեղափոխւում է մի որեւէ օտար երկիր եւ ճիգ անում զետեղուելու ուրիշների կեանքում։ Տնտեսականի հրամայականի տակ՝ նա պարտադրուած է յարմարուելու, նորաձեւուելու, կապիկանալու, թութականալու։ Լինելու ո՛չ թէ ինքը, այլ ուրիշ։
«Նա ստուեր է, որ որոնում է նոր բարոյական մարմին, նոր լեզու, գոյանալու եւ ապրելու նոր կերպ ու ձեւ։
«Եւ երբ նա գտնում է այդ նոր մարմինը՝ անհետանում է։
«Ուրիշ է տարագիրը։
«Նա ժամանակաւոր այցելու է, անցորդ, որի անհատականութիւնը յաւիտենապէս խարրսխուած է իր իսկութեան մէջ, իր դարաւոր հաւաքական ուրոյն կազմում, իր ցեղային ենթագիտակցութիւնում։
«Տարագիրը հոգեպէս, մտաւորապէս շարունակում է ապրել մտայնական եւ ժառանգական այն ծովում, որի թաքնուած հոսանքները, կրակով եւ երկաթով ծեծուած փոթորիկները ներկայ են իր արիւնի, մկանունքների եւ ուղեղի ծալքերում։ Նա մշտնջենական նաւարկող է, որի Ոդիսականը մի՛ նպատակ ունի միայն՝ հասնել եւ լիովին դրսեւորել իր իսկութիւնը։
«Իսկական ստեղծագործը,- եւ խօսքս նրանց մասին է եւ միայն նրանց մասին,- միշտ տարագիր է։ Այստեղ թէ այնտեղ։ Նա մշտնջենական որոնողն է, բաղձողը եւ չգտնողը, հոգու ծարաւով եւ անօթութիւնով տառապողը։
«Ասեմ նաեւ, որ այնտեղ, շղթայուած մեր հայրենիքում ապրող տարագիրներր աւելի յուսահատական վիճակի են մատնուած, քան մենք, որովհետեւ եթէ նրանց մարմնական սնունդը առատ է, [ապա] նրանց միտքը եւ թռիչքը կաշկանդուած է, եւ նրանց արժանապատուութիւնը ամէն մի վայրկեան ենթարկուած է գռեհիկների եւ բթամիտների վիրաւորանքներին։
«Մի բանաստեղծ,- ասում է Գէօթէն, 1832ի Մարտ ամսին, էկկերմանին,- որ ուզում է քաղաքականութեան ծառայել, ստիպուած է ամբողջովին նետուել մի կուսակցութեան մէջ, եւ այդ անելով՝ նա կորցնում է բանաստեղծի իր անհատականութիւնը եւ պէտք է հրաժեշտ տայ աշխարհին նայելու իր բնածին անկողմնակալութեան եւ գլխին անցընի տխմարութեան եւ կոյր ատելութեան գլխանոցը»։
«Աւա՜ղ, այդ գլխանոցի բոժոժները զրնգում են հայ կեանքի բոլոր անկիւններում»։ (Կոստան Զարեան, «Գաղթականը եւ Տարագիրը», «Նաւատոմար»)։
Այսպէ՛ս, Տարագիր Հայուն ձայնը յաւերժացնող հեղինակն է Կ. Զարեան։ Ո՛չ «Թափառական Հայ»ուն, ոչ ալ «Գաղթական Հայ»ուն։ Հայու Զարեանական մտապատկերին ամէնէն հոգեհարազատ յղացքը կրնայ նկատուիլ «Պանդուխտ Հայ»ը, որուն ձայնը յաւերժացնող հայ գրողներու փաղանգին վերջին դրօշակիրը եղաւ Զարեան։
Կոստան Զարեան նոր հորիզոններու բացաւ հայրենի հողէն հեռու ապրելու «դատապարտուած» հայ մարդոց հայրենասիրական ներաշխարհը, անոնց հոգերն ու սէրերը, երջանկութեան եւ վիշտի արցունքները, յաղթանակի փառքն ու պարտութեան արհաւիրքը։