Լի­բա­նա­նի կա­ռա­վա­րու­թեան ո­րո­շու­մով՝ յա­ռա­ջի­կայ ե­րես­փո­խա­նա­կան ընտ­րու­թիւն­նե­րը տե­ղի պի­տի ու­նե­նան 6 ­Մա­յիս 2018ին:
­Յա­րա­տեւ եւ եր­կար աշ­խա­տան­քէ ետք, ա­ռա­ջին ան­գամ ըլ­լա­լով ո­րո­շում կա­յա­ցած է, որ ար­տա­սահ­ման ապ­րող բո­լոր լի­բա­նան­ցի­նե­րը պի­տի կա­րե­նան ի­րենց քա­ղա­քա­ցիա­կան պար­տա­կա­նու­թիւ­նը կա­տա­րել ի­րենց բնա­կու­թեան վայ­րե­րուն մէջ կամ ա­մէ­նէն մօ­տա­կայ շրջան­նե­րուն մէջ եւ քո­ւէար­կել յա­ռա­ջի­կայ ե­րես­փո­խա­նա­կան ընտ­րու­թիւն­նե­րուն:
Առ այդ, ար­տա­քին գոր­ծոց եւ ար­տերկ­րի լի­բա­նան­ցի­նե­րու նա­խա­րա­րու­թեան ո­րո­շու­մով՝ մին­չեւ 20 ­Նո­յեմ­բեր 2017 պի­տի կա­տա­րո­ւի ե­լեկտ­րո­նա­յին ար­ձա­նագ­րու­թիւն եւ, այդ ճամ­բով, պի­տի ա­պա­հո­վո­ւի ար­տերկ­րի լի­բա­նան­ցի­նե­րու ի­րա­ւուն­քը քո­ւէար­կու­թեան օ­րը:
­Կա­րե­ւո­րու­թեամբ կը նշենք, որ հա­մա­մաս­նա­կան ընտ­րա­կան նոր օ­րէն­քը լայն ա­ռիթ կը ստեղ­ծէ բա­րե­լա­ւե­լու հա­մար ­Լի­բա­նա­նի հա­յու­թեան ի­րաւ ու ճշգրիտ ներ­կա­յա­ցուց­չու­թիւ­նը:
­Լի­բա­նա­նի թէ ար­տա­սահ­մա­նի իւ­րա­քան­չիւր հա­յու քո­ւէն հիմ­նա­կան է յա­ռա­ջի­կայ ընտ­րու­թիւն­նե­րուն մեր յա­ջո­ղու­թիւն­նե­րուն` հա­մայն­քա­յին ի­րա­ւունք­նե­րու պաշտ­պա­նու­թեան ի խնդիր:
­Լի­բա­նա­նի հա­յու­թեան ու­ժը, ո՛ւժն է հա­մայն հա­յու­թեան:
Ինչ­պէս ան­ցեա­լին, այ­սօր եւս ժա­մա­նակն է ցոյց տա­լու այս ու­ժը:
­Մին­չեւ 20 ­Նո­յեմ­բեր ժա­մա­նակ ու­նինք:
Շ­տա­պե­ցէ՛ք եւ ար­ձա­նագ­րո­ւե­ցէ՛ք:

Հ.Յ.Դ. ԼԻԲԱՆԱՆԻ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ԿՈՄԻՏԷ