Արցախի մեր քոյրերն ու եղբայրները աւելի քան 8 ամիսներէ ի վեր կը շարունակեն մնալ անմարդկային պաշարման մէջ։ Արցախահայութեան վիճակը ահռելի ծանր է եւ հետզհետէ աւելի կը դժուարանայ։
Այս վիճակին մէջ՝ իւրաքանչիւրիս պարտքն է համախմբուիլ, նախ որպէսզի արցախահայութիւնը տեսնէ թէ աշխարհատարած հայութիւնը միշտ իր կողքին է, եւ որպէսզի միջազգային հանրութեան ուշադրութիւնը աւելի կեդրոնացնենք տեղի ունեցող աղէտը կանխելու անհրաժեշտութեան վրայ։
Այս նպատակով՝ կոչ կ’ուղղենք յունահայութեան, միասնականօրէն եւ խուռներամ շարքերով մասնակցելու հաւաքին, որ տեղի պիտի ունենայ 1 Հոկտեմբերի երեկոյեան ժամը 6-ին, Աթէնքի Սինտաղմա հրապարակին վրայ։
Աթէնք, 15 Սեպտեմբեր 2023
Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան
Շրջանային Վարչութիւն
Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան
Կեդրոնական Կոմիտէ