Ազգովին կը գտնուինք Թուրքիոյ կողմէ հայ ժողովուրդին դէմ պետականօրէն գործադրուած Ցեղասպանութեան 102ամեակի սեմին։
24 Ապրիլ 1915ին, ի գործ դնելով հայ ժողովուրդի բնաջնջման իր քաղաքական ծրագիրը, թրքական պետութիւնը կատարեց մարդկութեան դէմ գործուած 20րդ դարու առաջին ցեղասպանական ոճրագործութիւնը, որուն հետեւանքները զգալի են մինչեւ այսօր։
Թուրքիոյ գործադրած ցեղասպանութիւնը տակաւին անպատիժ եւ անհատոյց կը մնայ։ Թուրքիա կը շարունակէ ուրանալ իր յանցապարտութիւնը։ Հայկական Նիւրեմպէրկը դեռ չէ իրականացած։ Արդարութիւնը դեռ չէ յաղթանակած։
Անցնող տասնամեակներուն Սփիւռքը կրցաւ համախմբուիլ Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման եւ քաղաքական արդար հատուցման պահանջներուն շուրջ եւ յաջողութիւններ արձանագրեց:
Պայքարի այդ երկար ճամբուն վրայ մեր ժողովուրդը կրցաւ կազմակերպուած ուժի վերածուիլ՝ հաւատարիմ մնալով մեր ազգային արժէքներուն, Հայրենիքին, իր լեզուին եւ մշակոյթին, Հայ Դատի պահանջատիրութեան: Հայկական գաղութներու մէջ բացուած իւրաքանչիւր դպրոց, եկեղեցի, մշակութային կեդրոն եւ ակումբ՝ յաղթական քայլ մը եղաւ մեր նպատակներուն հասնելու երկար ու դժուարին ճամբուն վրայ:
Հայ ժողովուրդի պայքարին աշխուժացումը, աւելի քան երբեք, հրամայական պահանջ է այսօր, որովհետեւ իրաւատէր հայութիւնը դարձեալ կանգնած է մեծ մարտահրաւէրներու առջեւ: Թուրքիան կը շարունակէ իր հայատեաց քաղաքականութիւնը Հայաստանի ու հայ ժողովուրդի հանդէպ ու չի վարանիր սպառնալիքներ ուղղելու բոլոր այն երկիրներուն եւ միջազգային կազմակերպութիւններուն, որոնք պաշտօնապէս ճանչցած են Հայոց Ցեղասպանութեան անուրանալի իրողութիւնը։
Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի սադրանքներու պատճառով վտանգուած են Արցախի հերոսական ժողովուրդի արիւնով ձեռք բերուած ազատութիւնն ու անկախութիւնը: Հայ ժողովուրդի անկորնչելի արժէքներուն, մեր սերունդներու իրաւունքներուն հաշւոյն օտարի շահերը բաւարարելու փորձը կը շարունակուի։
Մենք համոզուած ենք, որ միմիայն պահանջատիրական վճռակամ քայլերով կը կարենանք աշխարհի մէջ ձեւաւորել հայոց ազգային-պետական շահերը հաշուի առնելու, մեր իրաւունքները յարգելու գիտակցութիւն։
Հայաստանի վերանկախացումով ազգային մեր պահանջատիրութիւնը նաեւ պետական մակարդակով յառաջ մղելու հնարաւորութիւնը ստացաւ: Յատկապէս՝ Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակի Հռչակագիրը ամրապնդեց հայրենի պետութեան, համազգային տարողութեամբ, մեր արդար պահանջներուն ձեռք բերման տէր կանգնելու իրողութիւնը, ինչպէս նաեւ՝ շեշտադրեց, Հայաստանի թէ Սփիւռքի մէջ ապրող հայութեան համար, միասնական կերպով Հայ Դատը հետապնդելու պայքարի զօրաւոր կամքը։
Արտայայտելով Հայ Դատի պահանջատիրական ոգին արծարծ պահելու վճռականութիւնը՝ Հ.Յ.Դաշնակցութիւնը այսու կը յայտարարէ, թէ այս տարի եւս, կազմակերպութեամբ Հ.Յ.Դ. Յունաստանի Հայ Դատի Յանձնախումբին՝ պիտի կատարուին ցեղասպանութեան նուիրուած ոգեկոչական, քաղաքական եւ քարոզչական բնոյթի բոլոր ձեռնարկները:
Առ այդ՝
Հ.Յ.Դ. Յունաստանի Կեդրոնական Կոմիտէն կոչ կ’ուղղէ ազգային եւ կրօնական իշխանութեանց, ուղեկից միութիւններուն ու կազմակերպութեանց, կրթական պատասխանատուներուն, հայ ուսանողութեան ու երիտասարդութեան, ինչպէս նաեւ Յունաստանի տարածքին բնակող ամէն մէկ ազգայինի, որ ընդառաջեն եւ խիտ շարքերով մասնակից դառնան Աթէնքի, Թեսաղոնիկէի եւ Թրակիոյ հայաշատ շրջաններուն մէջ ծրագրուած ձեռնարկներու յաջողութեան։
Մեր խուռներամ ներկայութեամբ եւ պահանջատիրական աննկուն ոգիով ցոյց տանք աշխարհին, որ միայն Ցեղասպանութեան ճանաչումով, թրքական պետութեան դատապարտումով եւ հայ ժողովուրդին տրուած քաղաքական արդար հատուցումով՝ հնարաւոր է խաղաղութիւն եւ կայունութիւն ապահովել աշխարհի այս գօտիէն ներս։
Միայն արդարութեան վերականգնումով հնարաւոր է նոր էջ բանալ հայեւթուրք յարաբերութեանց արիւնալի պատմութեան մէջ։
Ա՛յդ է բիւրաւոր մեր նահատակներուն կտակը։
Ա՛յդ է պատգամը Հայոց Ցեղասպանութեան 102ամեակին։
Հ.Յ.Դ. ՅՈՒՆԱՍՏԱՆԻ ԿԵԴՐ. ԿՈՄԻՏԷ