Ատրպէյճանի համընդհանուր յարձակումի առջեւ կը գտնուինք մեր սահմաններէն ներս։ Ազգովին կ’ապրինք աննախադէպ ճգնաժամի այս օրերը, որ իւրաքանչիւր հայ անհատ դէմ յանդիման կը բերէ իր ազգային պարտաւորութիւններուն հանդէպ։
Պատերազմական վիճակը կը շարունակէ մնալ թէժ, աչալուրջ պատրաստակամութիւն պարտադրելով մեր բոլորին։ Հայաստանի հարաւային շրջաններու՝ Գորիսի, Ջերմուկի, Վարդենիսի ու Սոտքի բնակավայրերը թիրախ դարձած են Ատրպէյճանի ռմբակոծումներուն։ Հարուածի ենթարկուած են խաղաղ բնակավայրեր եւ ռազմական դիրքեր, զոհեր ու վիրաւորներ պատճառելով։ Սպառնալիքները շատ են ու վիճակը՝ վտանգաւոր։
Արցախի ու Հայաստանի մեր հայրենակիցներուն զօրավիգ կանգնելու պահն է։ Համայն հայութեան համախմբումը եւ միասնական ջանքերով մեր հայրենիքի պաշտպանութիւնը՝ լարուած ուժեր կը պարտադրեն։
Հ.Յ.Դ. Յունաստանի Հայ դատի յանձնախումբը գործնականօրէն աշխատանքի անցած է, յունական եւ եւրոպական կառոյցներուն մօտ տեղեկատուական արշաւ ծաւալելով։
Թուրքիա եւ Ատրպէյճան պէտք է զգան հայութեան զօրաշարժը, որ միջազգային հանրութեան առջեւ միշտ կը ներկայացնէ իրենց վայրագ յանցագործութեանց մերկ երեսը։
Կիրակի 18 Սեպտեմբեր 2022ին, երեկոյեան ժամը 6.30ին,
համախմբուինք Աթէնքի Սինտաղմայի հրապարակ
եւ Թեսաղոնիկէի հայկական խաչքարին առջեւ,
միասնական եւ ուժեղ պատգամ մը յղելով բոլորին
Հ.Յ.Դ. Յունաստանի Հայ դատի յանձնախումբ