Բոլորս հայոց բանակն ենք
«Հայոց բանակին ու Արցախի հզօրացման
մասնակցութիւնը իւրաքանչիւր հայու
սրբազան պարտաւորութիւնն է»
ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ
ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ
Հայաստանի ու Արցախի պաշտպանութեան հերոսական նոր սխրագործութիւններ արձանագրող հայոց բանակին շուրջ հաւաքուելու եւ բոլոր միջոցներով զօրակցելու Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս՝ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ հայրապետի կոչին ընդառաջելով, կոչ կ՚ուղղենք համայն յունահայութեան անվերապահ եւ անյապաղ զօրակցութեան օժանդակութիւններ հասցնելու ատրպէյճանական ու թրքական բանակներուն դէմ հայրենի հողը քաջաբար պաշտպանող հայոց բանակին:
Հայոց բանակի զօրակցութեան արագագոյն եւ ճիշդ օժանդակութեան միջոցը դրամական օգնութիւն հասցնելն է: Բոլոր օժանդակութիւնները կը կատարուին Հայաստան Համահայկական Հիմնադրամի ճամբով, դրամատնային հետեւեալ հաշիւին՝
Hayastan All-Armenian Fund Greece:
Bank Name: ΤΡΑΠΕΖΑ ΠΕΙΡΑΙΩΣ
Bank Acc.: 5195-050350-189
IBAN: GR 410172195000 — 5195-050350-189
փոխանցման ժամանակ նշել
փոխանցողի անուն/ազգանունը
նուիրատուութեան նպատակը անգլերէնով
We Are Our Borders; All for Artsakh
Այն հայրենակիցները որոնք դրամատնային գործողութիւններ ընելու յարմարութիւնը չունին,
կրնան Թեմիս եկեղեցիներուն գրասենեակները ներկայանալ եւ Թաղական Խորհուրդի կնիքով
փոխան ստացագրի գումարը յանձնել:
Հայոց քաջարի բանակին զօրութիւնը մենք ենք:
Բոլորս կոչուած ենք հայրենիքի պաշտպանութեան մեր սրբազան պարտականութիւնը կատարելու:
Ամբողջ աշխարհի հայութեան զօրակցութեամբ պիտի յաղթենք:
ԴԻՒԱՆ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ