Հայկական Հարցի միջազգային տարողութեամբ արծարծման եւ անոր արդար լուծում գտնելու առաջին փորձերուն, այլեւ մեծապետական խմորումներու ակունքին կանգնած մեծահռչակ դէմք է Ցարական Կայսրութեան հայազգի զօրավար Կոմս Լոռիս-Մելիքով, որուն մահուան տարելիցը կ’ոգեկոչենք Դեկտեմբեր 13ի այս օրը։
Ֆրանսայի Նիս քաղաքին մէջ, 129 տարի առաջ, Դեկտեմբեր 1888ի այս օրը, 63 տարեկանին մեր աշխարհէն հեռացաւ հայ ժողովուրդի բացառիկ ծնունդներէն Միքայէլ Տարիէլի Լոռիս-Մելիքով։
Հայ ժողովուրդի ռազմական տաղանդը պատմութեան մէջ խոր արմատներ ունեցող հռչակ ունի։ Եւ հայկական այդ տաղանդը մարմնաւորած գլխաւոր դէմքերու փաղանգին մէջ իր ուրոյն տեղը ունի զօրավար Լոռիս-Մելիքով։
Ճիշդ է եւ ինչպէս որ տարիներ առաջ հայրենի հրապարակագիր մը ցաւով ու ընդվզումով կը նշէր հայազգի մեծահռչակ զօրավարին նուիրուած «Նա եւս անմնացորդ ծառայեց ուրիշին» խորագրով իր յօդուածին մէջ, իրապէս մեծ է թիւը հայազգի այն տաղանդներուն եւ արժէքներուն, որոնք իրենց ժամանակին աշխարհով մէկ հռչակուեցան իբրեւ իրաւ մեծութիւններ, որոնք սակայն փաստօրէն ծառայեցին ուրիշներուն եւ մոռացութեան մատնեցին իրենց հայազգի ծագումը, պատկանելութիւնը եւ ազգային պարտաւորութիւնները։
Սակայն անճիշդ եւ անարդար պիտի ըլլայ միայն «ուրիշին» կամ օտարին ծառայած ըլլալու մեղադրանքը ուղղել նաեւ ու յատկապէս զօրավար Լոռիս-Մելիքովի, որ իրաւամբ բացառութիւններէն մէկն է օտար ածուներու մէջ ճառագայթած հայազգի տաղանդներուն, որովհետեւ թէ՛ իր կազմաւորումով եւ թէ իր գործով՝ Լոռիս-Մելիքովներու տոհմին արժանաւոր այս շառաւիղը ծառայեց նաեւ իր ազգին ու հայրենիքին հայոց պատմութեան դարձակէտային մէկ պահուն, երբ Հայկական Հարցը միջազգայնացման իր առաջին խմորումները կ՛ապրէր։
Զինուորականի մեծ տաղանդով, հերոսի յատուկ քաջութեամբ եւ քաղաքական բարեկարգիչի իմաստութեամբ օժտուած անհատականութիւն էր ռուսահայ ականաւոր գործիչը։ Հայոց նորագոյն պատմութեան մէջ անոր անունը յաւերժացաւ իբրեւ 1877-1878ի ռուս-թրքական պատերազմին ցարական յաղթանակի կերտիչն ու հայկական նահանգներու բարեկարգման պահանջին դրօշակիրներէն մէկը։ Իսկ Ցարական Ռուսաստանի պատմութեան մէջ ան գրաւեց բարձրադիր պատուանդան մը ոչ միայն իբրեւ ռազմական մեծ հերոս, այլեւ իբրեւ սահմանադրական բարեկարգումներու իմաստուն պաշտպան եւ պետական ղեկավար, որ արժանացաւ «Սրտի Դիկտատոր» տիտղոսին։
Ցարական Ռուսաստանի անուանի «Կոմս»ը սերած էր Թիֆլիսի հայ ազնուական (մելիքական) յայտնի՝ Լոռիս-Մելիքովներու տոհմէն։ Կենսագրական աղբիւրները կը հաստատեն, թէ «Պահպանուած աւանդութիւնների համաձայն՝ «Լոռիս-Մելիքովների տոհմը սկիզբ է առնում 16րդ դարի հայ ազնուական մի տոհմից, որն իրանաթուրքական պատերազմների հետեւանքով Հայաստանից փախել է Վրաստան ու ծառայութեան անցել Լուարսաբ Առաջին վրաց թագաւորի մօտ: Հետագայում այն ստացել է Լոռու մարզը` ի տնօրինում, ինչպէս նաեւ մելիքի` այդ տեղանքի պրիստավի ժառանգական պաշտօնը: 1602թ. Մ.Տ. Լոռիս-Մելիքովի նախնիները` Լոռու մելիքներ Նազար եւ Դայ Քալանթարովները («քալանթար» բառից, որ պարսկերէն նշանակում է կառավարիչ) Պարսից շահ Աբասից ֆիրման (հրամանագիր) ստացան, որը հաստատում էր նրանց Լոռու մարզի սեփականատէրներ լինելու ժառանգական իրաւունքները: Հետագայում նրանց յետնորդները տեղափոխուեցին Թիֆլիս, որտեղ ազնուականութեան շարքում ծառայութեան են նշանակւում վրաց (Քարթլի-Կախեթի) արքունիքում` Լոռիս-Մելիքով, այսինքն՝ «Լոռու մելիքներ» ազգանուամբ: Լոռիս-Մելիքով ազգանունը հայկական «Լոռու մելիք»ի վրացականացուած (հետագայում նաեւ ռուսացուած) տարբերակն է»:
Միքայէլ Տարիէլի Լոռիս-Մելիքով ծնած էր Թիֆլիս։ Հայրը՝ Տարիէլը յաջողած առեւտրական էր։ Միքայէլ կրթութիւնը ստացաւ Մոսկուայի եւ Սան Փեթերսպուրկի մէջ՝ հետեւելով նախ Արեւելեան Լեզուների Լազարեան Հիմնարկութեան, ապա՝ Ռազմական Գվարդիայի Կադետական դպրոցին մէջ։ Անմիջապէս զինուորական ծառայութեան անցաւ ռուսաց կայսերական բանակին մէջ եւ 1847ին ուղարկուեցաւ Կովկաս, ուր ծառայեց շուրջ 20 տարի՝ ցուցաբերելով «հիասքանչ հեծելազօրային սպայի եւ մեծակարող վարչարար»ի ուշագրաւ կարողութիւններ։ Իր այդ ընդունակութեանց շնորհիւ ան կրցաւ տեղացի ռազմասէր բնակչութիւնը խաղաղեցնել եւ բոլորին վստահութեան ու համակրանքին արժանանալ։
1877-78 թուականներու ռուս-թրքական պատերազմի ժամանակ, հեծելազօրի զօրավար Լոռիս-Մելիքով հանդիսացաւ առանձին բանակային զօրաբաժինի հրամանատարը, որ Օսմանեան Կայսրութեան զօրքերուն դէմ պատերազմեցաւ Հայկական Լեռնաշխարհի տարածքին, իր հրամանատարութեան տակ համախմբելով նաեւ հայ աշխարհազօրային-կամաւորներ։ Ան մեծ հռչակի տիրացաւ Արտահանի ամրոցին գրաւումէն ետք։ Բայց հայազգի զօրավարին աստղը փայլեցաւ յատկապէս թրքական բանակի առասպելական զօրավար Մուխթար Փաշայի դէմ անոր արձանագրած ջախջախիչ յաղթանակէն ետք, Ալաջայի մերձակայքը։
Զօրավար Լոռիս-Մելիքով ոչ միայն ջախջախեց թրքական բանակն ու անոր անուանի զօրահրամանատարը, այլեւ՝ արագ գրոհով, գրաւեց Կարսը եւ, ապա, պաշարեց Էրզրումը։
Իր այս ծառայութեանց համար էր, որ հայ զօրավարը ստացաւ «Կոմս»ի տիտղոսը։ Իսկ Ալաջայի ճակատամարտին իր ցոյց տուած քաջութեան համար անոր շնորհուեցաւ 2րդ աստիճանի Սուրբ Գէորգի շքանշան։
Պատերազմի աւարտէն ետք Լոռիս-Մելիքով դարձաւ Ստորին Վոլկայի զօրավար-նահանգապետը, ապա՝ իբրեւ պաշտօնի բարձրացում, փոխադրուեցաւ Կեդրոնական Ռուսաստան եւ նշանակուեցաւ Խարքովի նահանգապետ։
Վարչարարական եւ քաղաքական յաջողութիւնները միշտ հետեւեցան քաղաքական ասպարէզ նետուած հայազգի գործիչի պետական վարչամեքենային մէջ վերելքին։ Թէեւ ամէնուր ան հռչակուեցաւ իբրեւ երկրէն ներս թափ առած ահաբեկչութեան դէմ խիստ պայքար մղող կառավարիչ, այդուհանդերձ՝ ան միաժամանակ իր անունին միացուց ցարական վարչամեքենայի սանձարձակութեանց դէմ պայքարողի եւ սահմանադրական կարգերու ջատագովի վարկ։ Իբրեւ այդպիսին՝ ան նշանակուեցաւ ղեկավարը Ռուսական Կայսրութեան «Գերագոյն Գործադիր Յանձնաժողովին», որ ստեղծուեցաւ Ս. Փեթերսպուրիկ մէջ 1880ի Փետրուարէն ետք, երբ ընդյատակեայ յեղափոխական-ահաբեկիչներու կողմէ անյաջող մահափորձը կատարուեցաւ Աղեքսանդր Բ. ցարին դէմ։ Յանձնաժողովը կոչուած էր երկիրը քաղաքականապէս դուրս բերելու ներքին խռովութեանց ոլորապտոյտէն եւ, այդ ուղղութեամբ, Լոռիս-Մելիքով ցուցաբերեց իր վարչարարական մեծ տաղանդը։ Ան Աղեքսանդր Բ. ցարին ներկայացուց վարչական եւ տնտեսական ամբողջական բարեփոխումներու սահմանադրական ընդարձակ ծրագիր մը։ Ռուսաց կայսրը ընդունեց իր հայ զօրավարին առաջարկները։ Լոռիս-Մելիքով նշանակուեցաւ ներքին գործերու նախարար՝ բացառիկ իշխանութեամբ, փաստօրէն դառնալով Ռուսաստանի վարչապետ-դիկտատորը։
Բայց ճիշդ այն օրը (Մարտի 13, 1881), երբ ցարը ստորագրեց ուկազը (հրամանագիրը) Լորիս-Մելիքովի առաջարկած բարեփոխումներուն հաստատման մասին, յեղափոխական-ահաբեկիչները երկրորդ մահափորձ մը կատարեցին եւ այս անգամ յաջողեցան սպաննել ցար Աղեքսանդր Բ.ին։ Յաջորդ ցարը՝ Աղեքսանդր Գ.ը բուռն պայքար յայտարարեց յեղափոխութեան դէմ եւ ձեռնարկեց ուժային բիրտ քայլերու՝ մէկդի նետելով իր նախորդին հաստատած սահմանադրական բարեկարգումներու ծրագիրը։
Կոմս Լոռիս-Մելիքով, Յունիս 1881ին, նախարարական իր բարձրաստիճան պաշտօնէն հրաժարականը ներկայացուց ցարին։ Պաշտօնաթող զօրավարի կարգավիճակով մեկնեցաւ արտասահման։ Շրջան մը ապրեցաւ Գերմանիա, ուրկէ անցաւ Ֆրանսա՝ Նիս, ուր եւ ապրեցաւ մինչեւ մահը, 1888ի Դեկտեմբեր 13ին։
Պատմաբաններու համոզումով՝ Ցարական Ռուսաստանի եւ ամբողջ Եւրոպայի պատմական հոլովոյթը կրնար տարբեր հունով ընթանալ, եթէ բարեկարգչական իր առաջադրանքներուն համար «Սրտի Դիկտատոր» հռչակուած Ռուսաստանի հայազգի պետական գործիչին մշակած Սահմանադրական բարեփոխումներու ծրագիրը գործադրուէր ատենին, Ցարական Ռուսաստանը դուրս բերելով վայրագ ու փտած միապետութեան ճիրաններէն։
Բայց ինչպէս կþըսեն, պատմութիւնը չի սիրեր եւ չÿընդունիր… «եթէ»ներ։
Բարեկարգչական իր առաջադրանքներուն համար «Սրտի Դիկտատոր» հռչակուած Ցարական Ռուսաստանի հայազգի պետական գործիչին յիշատակը ոգեկոչելով՝ հայ մարդը այսօր յատկապէս կþարժեւորէ Լոռիս-Մելիքովի ազգային ծառայութիւնը՝ Հայկական Հարցը արդար լուծում պահանջող միջազգային այժմէական խնդիրներու օրակարգին վրայ բերելու ուղղութեամբ։
Լոռիս-Մելիքով իր ժամանակին միջազգային համբաւի տիրացած եւ ռուս պետական գործիչի փառք նուաճած դէմքը ըլլալով հանդերձ՝ մարմնաւորեց օրինակը օտարի ծառայութեան կոչուած հայազգի այն տաղանդին, որ բնաւ մտահան չըրաւ զինք ծնող ազգին ու հայրենիքին իրաւունքներն ու շահերը։
Կոմս Լոռիս-Մելիքով (1825-1888)
Կոմս Լոռիս-Մելիքով (1825-1888). Ցարական Կայսրութեան հայազգի «Սրտի Դիկտատոր»ը Ն.