­Սեպ­տեմ­բեր 26ի այս օ­րը կը լրա­նայ ծննդեան 148րդ ­տա­րե­դար­ձը հայ ժո­ղո­վուր­դի հան­ճա­րեղ զա­ւակ­նե­րէն ա­մէ­նէն հո­գե­հա­րա­զա­տին` ­Հա­յու ­Հո­գին եր­գով ու ե­րաժշ­տու­թեամբ վեր­ծա­նած, վե­րա­թար­մա­ցու­ցած ու իւ­րո­վի շնչա­ւո­րած, այ­լեւ՝ աշ­խար­հով մէկ հնչե­ցու­ցած ու տա­րա­ծած ան­զու­գա­կան, անկրկ­նե­լի՛ ­Կո­մի­տաս ­Վար­դա­պե­տին։
­Հայ ազ­գա­յին ե­րաժշ­տու­թեան աշ­խար­հահռ­չակ հիմ­նա­դիրն ու յա­ռա­ջա­պա­հը ոչ միայն սե­փա­կան երգ տո­ւաւ ­Հա­յուն, այ­լեւ իր ան­ձին օ­րի­նա­կով, բարձ­րար­ժէք ստեղ­ծա­գոր­ծու­թեանց յոր­դա­ռատ կեան­քով ու խե­լա­գար­ման ե­ղե­րա­կան վախ­ճա­նով` ինք­նին եր­գը դար­ձաւ մեր ժո­ղո­վուր­դի ճա­կա­տագ­րին։
­Մարմ­նա­ւո­րեց ու շնչա­ւո­րեց եր­գը` բա­րու­թեամբ ու ա­րա­րու­մով մարդ­կա­յին քա­ղա­քակր­թու­թիւ­նը հարս­տաց­նող ՀԱՅՈՒԹԵԱՆ փառ­քին, բայց նաեւ եր­գը` թրքա­կան պե­տու­թեան կող­մէ ցե­ղաս­պա­նա­կան ոճ­րա­գոր­ծու­թեամբ ան­ճի­տո­ւած, հայ­րե­նա­հա­նո­ւած ու աշ­խար­հաս­փիւռ ցրիւ դար­ձած ­Հայ Ազ­գի Ող­բեր­գու­թեան։
Ա­ւա­զա­նի ա­նու­նով ­Սո­ղո­մոն ­Գէոր­գի ­Սո­ղո­մա­նեան ծնաւ ­Քէօ­թա­հիա, 26 ­Սեպ­տեմ­բեր 1869ին։ 11 տա­րե­կա­նին որ­բա­ցաւ եւ յանձ­նո­ւե­ցաւ Ս. Էջ­միած­նի ­Գէոր­գեան ­Ճե­մա­րա­նի խնա­մա­տա­րու­թեան։
Իր բա­ցա­ռիկ գե­ղե­ցիկ ձայ­նով` ­Սո­ղո­մոն ան­մի­ջա­պէս գրա­ւեց ու­շադ­րու­թիւ­նը իր ու­սու­ցիչ­նե­րուն, ո­րոնք ո­չինչ խնա­յե­ցին ի վե­րուստ ե­րաժշ­տա­կան եւ բա­նաս­տեղ­ծա­կան մեծ տա­ղան­դով օժ­տո­ւած պա­տա­նիին գե­ղա­րուես­տա­կան մշակ­ման ու կա­տա­րե­լա­գործ­ման հա­մար։
Ա­պա­գայ ­Մեծն ­Կո­մի­տա­սի ե­րաժշտա­կան դաս­տիա­րա­կու­թեան մէջ հիմ­նա­կան դե­րա­կա­տա­րու­թիւն ու­նե­ցաւ իր ու­սու­ցի­չը` ­Սա­հակ Ա­մա­տու­նի, ո­րուն ղե­կա­վա­րու­թեամբ պա­տա­նի ­Սո­ղո­մոն նո­ւի­րո­ւե­ցաւ հայ հո­գե­ւոր ե­րաժշ­տու­թեան ու­սում­նա­սի­րու­թեան, հմտա­ցաւ հայ­կա­կան խա­զե­րուն եւ ա­շա­կեր­տա­կան իր տա­րի­նե­րը ան­ցուց Ա­րա­րա­տեան դաշ­տի հա­յու­թեան պահ­պա­նած հո­գե­ւոր թէ ժո­ղովր­դա­կան եր­գե­րը հա­ւա­քե­լով, գրի առ­նե­լով եւ մշա­կե­լով։
Ս­տեղ­ծա­գոր­ծա­կան իր մշա­կում­նե­րուն ձեռ­նար­կեց 1890ին, ­Խա­չա­տուր Ա­բո­վեա­նի, բա­նաս­տեղծ ­Յով­հան­նէս ­Յով­հան­նի­սեա­նի եւ իր կրտսեր դա­սըն­կեր Ա­ւե­տիք Ի­սա­հա­կեա­նի գոր­ծե­րը դաշ­նա­ւո­րե­լով։ 1891ին, «Ա­րա­րատ» հան­դէ­սը լոյս ըն­ծա­յեց ­Կո­մի­տա­սի «Ազ­գա­յին Օր­ներգ»ը` երկ­ձայն, ինչ­պէս նաեւ ե­ռա­ձայն ու խմբա­յին կա­տա­րում­նե­րու հա­մար նա­խա­տե­սո­ւած ստեղ­ծա­գոր­ծու­թիւ­նը, ո­րուն բա­ռե­րը ­Ճե­մա­րա­նի ա­շա­կերտ Ա. ­Թաշ­ճեա­նին կը պատ­կա­նէին։
1893ին, ­Ճե­մա­րա­նի ու­սում­նա­կան շրջա­նը ա­ւար­տե­լով, ան­մի­ջա­պէս կո­չո­ւե­ցաւ ­Ճե­մա­րա­նէն ներս ու­սուց­չու­թեան` երգ ու ե­րաժշ­տու­թիւն սոր­վեց­նե­լու, ինչ­պէս եւ ­Մայր ­Տա­ճա­րի երգ­չա­խում­բին խմբա­վա­րու­թիւ­նը ստանձ­նե­լու հա­մար։
1894ին կու­սակ­րօն քա­հա­նա­յի իր ուխ­տը կա­տա­րեց, ի­րեն շնոր­հո­ւե­ցաւ 7րդ ­դա­րու բա­նաս­տեղծ ու ե­րա­ժիշտ ­Կո­մի­տաս ­Կա­թո­ղի­կո­սի ա­նու­նը։ 1895ին ար­ժա­նա­ցաւ ­Վար­դա­պե­տի աս­տի­ճա­նին եւ այ­նու­հե­տեւ մեր ժո­ղո­վուր­դին ու աշ­խար­հին կող­մէ ճանչ­ցո­ւե­ցաւ՝ ­Կո­մի­տաս ­Վար­դա­պետ ան­մահ ա­նու­նով։
1896ին, կարճ ժա­մա­նա­կով, ­Թիֆ­լի­սի մէջ ա­շա­կեր­տեց Մ. Եկ­մա­լեա­նի` եր­գե­հո­նի դա­սեր առ­նե­լով եւ այ­նու­հե­տեւ ու­ղար­կո­ւե­ցաւ ­Պեր­լին, Ռ. Շ­մի­թի ա­նո­ւան մաս­նա­ւոր ե­րաժշ­տա­նո­ցին եւ, ա­պա, Ար­քու­նա­կան հա­մալ­սա­րա­նին մէջ ե­րաժշ­տա­կան իր բարձ­րա­գոյն ու­սու­մը ստա­նա­լու նպա­տա­կով։
1896էն 1899 ­Կո­մի­տաս ­Վար­դա­պետ ապ­րե­ցաւ ­Պեր­լին, ուր ոչ միայն մե­ծահռ­չակ ու­սու­ցիչ­նե­րու հո­գա­ծու­թեան տակ կա­տա­րե­լա­գոր­ծեց իր ձայ­նա­մար­զումն ու ե­րաժշ­տա­կան գի­տե­լիք­նե­րը, այ­լեւ` հա­մեր­գա­յին ե­լոյթ­նե­րով ու ե­րաժշ­տա­կան կա­տա­րում­նե­րով հայ ազ­գա­յին ե­րաժշ­տու­թիւ­նը ծա­նօ­թա­ցուց եւ սի­րե­լի դար­ձուց օ­տար հա­սա­րա­կու­թեան։
­Նոյն շրջա­նին ա­րա­րեց նաեւ գեր­ման մեծ բա­նաս­տեղծ­նե­րու գոր­ծե­րուն վրայ հիմ­նո­ւած եր­գեր, ռո­մանս­ներ եւ խմբերգ­ներ, ո­րոնք մի­ջազ­գա­յին համ­բա­ւի ար­ժա­նա­ցու­ցին հայ հան­ճա­րեղ ե­րա­ժիշ­տին։ Իբ­րեւ այդ­պի­սին` ­Կո­մի­տաս ­Վար­դա­պետ հիմ­նա­դիր ան­դամ­նե­րէն մէ­կը ե­ղաւ նո­րաս­տեղծ ­Մի­ջազ­գա­յին Ե­րաժշտա­կան Ըն­կե­րու­թեան, ո­րուն ­Պեր­լի­նի բա­ժան­մուն­քին հրա­պա­րա­կա­յին ձեռ­նարկ­նե­րուն ե­լոյթ ու­նե­ցաւ հայ ազ­գա­յին ե­րաժշ­տու­թիւ­նը ներ­կա­յաց­նող բա­նա­խօ­սու­թիւն­նե­րով ու կա­տա­րում­նե­րով։
­Վե­րա­դառ­նա­լով Էջ­միա­ծին` ­Կո­մի­տաս ­Վար­դա­պետ ե­ռան­դով ըծո­ւե­ցաւ մէկ կող­մէ ման­կա­վար­ժա­կան գոր­ծու­նէու­թեան, ար­ժէ­քա­ւոր ե­րա­ժիշտ­նե­րու սե­րունդ հասց­նե­լով, իսկ միւս կող­մէ ստեղ­ծա­գոր­ծա­կան բե­ղուն աշ­խա­տան­քի՝ ժո­ղովր­դա­կան եւ գեղջ­կա­կան մեր եր­գե­րու հա­ւաք­ման ու մշակ­ման իր հե­տա­զօ­տու­թիւն­նե­րը ամ­բող­ջաց­նե­լով։
1906ին հրա­ւի­րո­ւե­ցաւ փա­րիզ` իր յօ­րի­նում­ներն ու կա­տա­րում­նե­րը ներ­կա­յաց­նե­լու ճոխ յայ­տագ­րով, նաեւ դա­սա­խօ­սու­թիւն­ներ կար­դա­լով հայ ժո­ղո­վուր­դի ազ­գա­յին` հո­գե­ւոր եւ ժո­ղովր­դա­կան ե­րաժշ­տու­թեան վե­րա­բե­րեալ։ ­Նոյ­նօ­րի­նակ ե­լոյթ­նե­րու հրա­ւի­րո­ւե­ցաւ նաեւ ­Զո­ւի­ցե­րիա, ­Վե­նե­տիկ եւ ­Վիեն­նա` ա­մէ­նուր բարձ­րա­գոյն գնա­հա­տան­քի ար­ժա­նա­նա­լով։
Աշ­խար­հահռ­չակ ե­րա­ժիշտ­նե­րու վկա­յու­թեամբ` ­Կո­մի­տաս ­Վար­դա­պետ ար­ժա­նա­ցաւ ե­րաժշ­տա­կան աշ­խար­հի մէջ ­Ներ­դաշ­նա­կու­թեան եւ ­Բազ­մա­ձայ­նու­թեան ­Հա­զո­ւա­գիւտ ­Վար­պե­տի կո­չու­մին։
1910ին սկսաւ մեծ վար­դա­պե­տին կեան­քի բախ­տո­րոշ շրջա­նը։ Էջ­միա­ծի­նէն տե­ղա­փո­խո­ւե­ցաւ ­Պո­լիս, ուր ման­կա­վար­ժա­կան ծա­ւա­լուն գոր­ծու­նէու­թեան զու­գա­հեռ` հա­մեր­գա­յին եւ կա­տա­րո­ղա­կան նա­խան­ձե­լի ե­լոյթ­ներ ղե­կա­վա­րեց։
Շր­ջե­ցաւ Օս­մա­նեան ­Կայս­րու­թեան հա­յա­շատ բո­լոր քա­ղաք­ներն ու օս­մա­նեան տի­րա­պե­տու­թեան են­թա­կայ եր­կիր­նե­րու հա­յա­շատ գա­ղութ­նե­րը` ա­մէ­նուր տա­րա­ծե­լով եւ պաշ­տա­մուն­քի ար­ժա­նաց­նե­լով հայ հո­գե­ւոր ու ժո­ղովր­դա­կան երգն ու ե­րաժշ­տու­թիւ­նը։
Այդ շրջա­նի իր մե­ծա­գոյն ի­րա­գոր­ծում­նե­րէն մէ­կը ե­ղաւ «­Գու­սան» (հե­տա­գա­յին` «­Հայ ­Գու­սան») երգ­չա­խում­բին կազ­մու­թիւ­նը, ո­րուն մի­ջո­ցաւ ­Կո­մի­տաս ­Վար­դա­պետ լծո­ւե­ցաւ իր ար­ժա­նա­ւոր յա­ջորդ­նե­րու ե­րաժշտա­կան պատ­րաս­տու­թեան։ Այդ աշ­խա­տան­քին ար­գա­սի­քը ե­ղան «­Կո­մի­տա­սեան հինգ սա­ներ» ա­նու­նով` հե­տա­գա­յին ի­րենց կար­գին հռչա­կո­ւած հայ մեծ ե­րա­ժիշտ­նե­րը.- Բ. ­Կա­նա­չեան, Մ. ­Թու­մա­ճան, Վ. ­Սար­գի­սեան, Վ. Ս­րո­ւանձ­տեան եւ Յ. ­Սե­մէր­ճեան։
­Կո­մի­տաս ­Վար­դա­պետ չբա­ւա­րա­րո­ւե­ցաւ հայ ազ­գա­յին ե­րաժշ­տու­թեան սահ­ման­նե­րով։ Ե­ռան­դով լծուե­ցաւ նաեւ թրքա­կան ժո­ղովր­դա­յին ե­րաժշ­տու­թեան, ինչ­պէս եւ ընդ­հան­րա­պէս ա­րե­ւե­լեան ժո­ղո­վուրդ­նե­րու եր­գա­րո­ւես­տին ու­սում­նա­սի­րու­թեան ու մշա­կու­մին։ ­Յատ­կա­պէս թուրք հա­սա­րա­կու­թիւ­նը մե­ծա­պէս գնա­հա­տեց հա­յոց մեծ վար­դա­պե­տին ներդրու­մը, բայց ա­տի­կա բա­ւա­րար չե­ղաւ թրքա­կան պե­տու­թեան վա­րիչ­նե­րուն հա­մար, որ­պէս­զի խնա­յեն կեան­քը ար­դէն ամ­բողջ մարդ­կու­թեան եւ հա­մայն աշ­խար­հին պատ­կա­նող հան­ճա­րեղ ե­րա­ժիշ­տին։
­Կո­մի­տաս ­Վար­դա­պետ, իր կար­գին, 24 Ապ­րիլ 1915ին են­թար­կո­ւե­ցաւ հայ մտա­ւո­րա­կա­նու­թիւ­նը հա­րո­ւա­ծած ցե­ղաս­պա­նա­կան ա­հա­ւոր ո­ճի­րին, ինք եւս ապ­րե­ցաւ աք­սո­րի ու տա­րագ­րու­թեան մղձա­ւան­ջը, ու թէեւ մարմ­նա­պէս փրկո­ւե­ցաւ սպան­դէն, բայց վերջ­նա­կա­նա­պէս կորսն­ցուց իր հո­գեմ­տա­ւոր հա­ւա­սա­րակշ­ռու­թիւ­նը…
Ինչ­պէս որ տաս­նա­մեակ­ներ ետք մե­ծա­նուն ­Սե­ւակ պի­տի գո­ռար` «­Դէ եկ վար­դա­պետ ու մի խե­լա­գա­րիր»…
Ինչ­պէ՜ս չխե­լա­գա­րէր ­Մեծն ­Կո­մի­տաս` ի տես այն ա­նա­սե­լի ցե­ղաս­պա­նու­թեան, ո­րուն բար­բա­րո­սա­կան գոր­ծադ­րու­թեամբ թրքա­կան պե­տու­թիւ­նը իր «ե­րախ­տա­գի­տու­թիւն»ը յայտ­նեց դա­րե­րով թրքա­կան հա­սա­րա­կու­թիւնն ու մշա­կոյ­թը հարստա­ցու­ցած հայ ժո­ղո­վուր­դին նկատ­մամբ։
1919ին, ար­դէն ծան­րօ­րէն հի­ւանդ` ­Կո­մի­տաս ­Վար­դա­պետ տե­ղա­փո­խո­ւե­ցաւ ­Փա­րիզ, ուր ա­ւե­լի քան 15 տա­րի հո­գե­բու­ժա­կան խնամ­քի ար­ժա­նա­ցաւ, բայց եր­բեք… չա­պա­քի­նե­ցաւ։
Եւ 22 ­Հոկ­տեմ­բեր 1935ին, իր ամ­բողջ ազ­գին խա­չե­լու­թիւ­նը սե­փա­կան աչ­քե­րով տե­սած ու զար­հու­րան­քով ապ­րած ­Մեծն ­Կո­մի­տա­սը նաեւ մարմ­նա­պէս հե­ռա­ցաւ մեր աշ­խար­հէն։
­Հայ­կեան ­Հան­ճա­րին ե­րաժշ­տա­կան դափ­նեպ­սա­կը հան­դի­սա­ցող ­Մեծն ­Կո­մի­տա­սի ա­ճիւն­նե­րը տա­րուե­ցան ­Հա­յաս­տան, ուր իր վերջ­նա­կան հան­գիս­տը գտաւ հայ ազ­գա­յին ե­րաժշ­տու­թեան ե­ղե­րա­բախտ հիմ­նա­դիրն ու ան­զու­գա­կան ­Վար­պե­տը։
­Հա­յոց եր­գի ու ե­րաժշ­տու­թեան հան­ճա­րեղ վար­դա­պե­տին ծնուն­դը ող­ջու­նենք ու նշենք՝ մեր մե­ծե­րուն վա­ռած վա­ւե­րա­կան վկա­յու­թեան մո­մե­րով.

— ԱՒԵՏԻՔ ԻՍԱՀԱԿԵԱՆ.- ­Կո­մի­տա­սը մեր ժո­ղովր­դի հպար­տու­թիւնն է, նրա գոր­ծը՝ մեր ազ­գա­յին անս­պառ հարս­տու­թիւ­նը… ­Նա յայտ­նա­գոր­ծել է մեր ազ­գա­յին եր­գը, հայ­կա­կան ե­րաժշ­տու­թիւ­նը, ազ­գա­յին մե­լո­սը՝ ինք­նու­րոյն եւ ա­նա­ղարտ:
­Նա հիմն է դրել ազ­գա­յին ե­րաժշ­տա­կան կուլ­տու­րա­յին… ­Կո­մի­տա­սը հայ եր­գով լոյս աշ­խարհ հա­նեց դա­րե­րի խա­ւա­րի մէջ կե­ղե­քո­ւած ժո­ղովր­դի խուլ բո­ղոքն ու ցա­սու­մը բռնու­թեան, ստրկու­թեան դէմ. նրա խեղ­դո­ւած վիշ­տը, ի­րա­ւա­զուրկ կեան­քը եւ պայ­ծառ ա­պա­գա­յի հան­դէպ տա­ծած հա­ւա­տը:

— ՄԱՐՏԻՐՈՍ ՍԱՐԵԱՆ.- Ն­րա մե­ծու­թիւնն իր մէջ է, ոչ ոք չի սո­վո­րեց­րել, բայց նա զգա­ցել է, մտել բնու­թեան մէջ: Այս ե­րաժշ­տու­թիւնն իր կա­նոն­ներն ու­նի, ո­րը թե­լադ­րո­ւած է մեր երկ­րի ու ժո­ղովր­դի ո­գով…