Յունիս 15ին յունահայոց թեմակալ Կաթողիկոսական Փոխանորդ Կոմիտաս Արք. Օհանեան այցելեց Հ.Հ. սփիւռքի նախարարութիւն:
Ողջունելով հիւրը` սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան բարձր գնահատեց Կոմիտասի Արքեպիսկոպոսի մատուցած հոգեւոր ծառայութիւնները սփիւռքի տարածքին: «Մարդ, որ ծնած է մեզ համար հոգատարութեան, սիրոյ, ջերմութեան կեդրոն համարուող Սուրիոյ մէջ, ապա՝ մեկնած է Լիբանան եւ ուսանած Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Դպրեվանքի մէջ, ըլլալով տաղանդաւոր անձնաւորութիւն՝ զբաղած է նաեւ երաժշտութեամբ, ուսում ստացած է Լիբանանի եւրոպական երաժշտանոցին մէջ, ապա մասնագիտացած եկեղեցական ծիսագիտութեան եւ եկեղեցական ճարտարապետութեան մէջ, ստացած համալսարանական կրթութեան դոկտորի աստիճան: Համառօտ, այսպէս կրնամ ներկայացնել Կոմիտաս Արքեպիսկոպոս Օհանեանը: Սակայն, նախեւառաջ, ան մտքի եւ հոգիի մարդ է, որ ստանձնած է մարդոց ծառայելու մեծագոյն առաքելութիւնը, եւ ուր ալ տարած են ճանապարհները, ամէնուր յարգանք ու սէր վայելած է»,- ըսաւ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան:
Նախարարը ընդգծեց նաեւ, որ Գերաշնորհ Տէր Կոմիտաս 1997-2005 թթ. եւ 2012-2016թթ. ծառայելով իբրեւ Վենեզուելահայոց հոգեւոր տեսուչ՝ շունչ ու հոգի հաղորդած է վենեզուելահայ համայնքին, իր ներդրումը ունեցած է Վենեզուելայի կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման գործին մէջ: «Այսօր ըլլալով Յունահայոց թեմի կաթողիկոսական փոխանորդ` Կոմիտաս Արք. Օհանեան աւելի ծաղկուն կը դարձնէ յունահայ համայնքը, ստեղծուած դժուարին իրավիճակներու մէջ հաւատ կը ներշնչէ, յոյս կու տայ մեր հայրենակիցներուն, կը նպաստէ հայապահպանութեան, ազգային ինքնութեան գիտակցման»,- նշեց նախարարը:
Սփիւռքի մէջ հայկական արուեստը տարածելու, այդ ոլորտէն ներս ստեղծագործական եւ կատարողական բարձր վարպետութեան եւ իր գործունէութեամբ Հայաստան-Սփիւռք գործակցութեան զարգացման գործին մէջ զգալի ներդրում ունենալուն համար, նախարար Հրանոյշ Յակոբեան Կոմիտաս Արք. Օհանեանը պարգեւատրեց Հ.Հ. սփիւռքի նախարարութեան «Կոմիտաս» շքանշանով:
Յունահայոց թեմի Կաթողիկոսական Փոխանորդը շնորհակալութիւն յայտնեց ջերմ ընդունելութեան եւ պարգեւին համար: «Սրտագին շնորհակալութիւնս կ’ուզեմ արտայայտել այս ազնիւ եւ անմոռանալի արժանաւորութեան՝ Կոմիտասի անուան շքանշանով զիս պատուելու համար։ Առաջին հերթին կ’ուզեմ սրտանց շնորհաւորել սփիւռքի նախարարութեան այս շէնքին նոր կայքը, կ’աղօթեմ, որ այստեղ աւելի ծաղկուն եւ բեղմնառատ գործունէութիւն ունենաք ձեր սրտի կապին հետ, որ հայ Սփիւռքն է։ Հայաստանի իրականութեան մէջ, սփիւռքի նախարարութիւնը այն ոգեղէն կամուրջն է, այն ոգեղէն սրտի երակը, որ Հայրենիքէն դէպի Սփիւռք եւ փոխադարձաբար Սփիւռքէն դէպի Հայրենիք հասնող արիւնը, որ կը շրջի, որովհետեւ Սփիւռքը առանձին գոյութիւն ունենալու իմաստ չունի։ Այո՛ մենք ամէն գնով կը պահենք մեր ազգային դիմագիծը, մեծապէս կարեւորութիւն կու տանք մեր հայ լեզուի գործածութեան եւ մեր զաւակները հայօրէն կրթելու, ուր որ ալ ըլլան, բայց այս արեան հեղումը մայր հայրենիքէն դէպի իր զաւակները այնքան էական է եւ կենսական, որ այս վերջին տասնամեակներուն պէտք է ըսել, թէ յանձին տիկին Հրանոյշ Յակոբեանի, ան իր գործը կը կատարէ ոչ թէ իբրեւ պարտականութիւն, այլ՝ իր ներսէն բխած մղումով։
Հանդիպման աւարտին, Կոմիտաս Սրբազան՝ վերադառնալով իր շնորհակալութեան զգացումներուն՝ ըսաւ սփիւռքի նախարարին.- «Նկատի առնելով, որ դուք Մայր Հայաստանի մայրութիւնը կու տաք Սփիւռքին, ամենամեծ շքանշանը, որ ես կ’ուզեմ տալ Ձեզի` մայր Հայաստանի «մայրութիւն»ն է», եւ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեանին նուիրեց Մարիամ Աստուածածինի սրբապատկերը:
Կոմիտաս Արք. Օհանեան
Կոմիտաս Արք. Օհանեան Մայր Հայաստանի «մայրութիւն»ը խորհրդանշող սրբապատկեր յանձնեց սփիւռքի նախարարին