Ն­ման է Սր­բա­զան ­Խա­չա­փայ­տի խոր­հուր­դին. քրիս­տո­նէա­կան իր երկ­նա­յին մեկ­նա­բա­նու­թեամբ՝ սա ա­րեամբ մաք­րո­ւե­լու խորհր­դա­ւոր հիմ­քը ու­նի, որ եւ ՈՒԽՏն է կեան­քի ու մա­հո­ւան գեր-ի­մա­նա­լի պաշ­տա­մուն­քին Ս­տեղ­ծիչ Աս­տու­ծոյ։ ­Բայց եւ մա­տու­ցո­ղին ան­մի­ջա­կան մաս­նակ­ցու­թեամբ, մա­տուց­մամբ՝ ՈՒԽՏն է ժո­ղո­վուր­դի մը, իր Աս­տու­ծոյ հետ կնքած. եւ ա­րիւ­նը ա­նոր անջն­ջե­լի կնիքն է։
Ք­րիս­տո­սա­պաշտ իմ ժո­ղո­վուրդ, 102 տա­րի­ներ ա­ռաջ զո­հա­բե­րո­ւե­ցար՝ ­Վասն ­Հա­ւա­տոյ եւ ­Վասն ­Հայ­րե­նեաց։ ­Վե­րա­նո­րո­գե­ցիր հին եւ նոյն սրբա­զան ուխտդ՝ ամ­բող­ջա­կան պատ­կե­րովդ, մա­հո­ւան զո­հա­րան բարձ­րա­ցար՝ որ­պէս ան­մեղ գառ­ներ մէ­կու­կէս մի­լիոն հո­գի… որ եւ գրա­ւա­կանն է հաս­տա­տա­կա­մու­թեանդ՝ միեւ­նոյն սրբա­զան ուխ­տին տէ­րը ըլ­լա­լուդ եւ տէ­րը մնա­լուդ՝ որ­պէս ժո­ղո­վուրդ՝ մեր հայ­րե­րու հա­ւատ­քին, վճռա­կա­մու­թեան։
­Վա­հագ­նե­րու եւ Ա­նա­հիտ­նե­րու խո­րա­նը ո­չին­չով կը տար­բե­րի այս ուխ­տէդ, քա­նի նոյն պաշ­տա­մուն­քի խո­րա­նին վրայ բազ­մած էին ա­նոնք՝ մեր նա­խա­հայ­րե­րը, որ­պէս չաս­տո­ւած­ներ՝ պաշ­տա­մուն­քի ա­ռար­կայ, ան­մե­ռու­թեան ան­մա­հու­թեան հա­ւատ­քի վրայ խարսխո­ւած։ Այդ պաշ­տա­մուն­քը ­Հայ­րե­րուդ սէրն էր զա­ւակ­նե­րուն՝ քե­զի, եւ քու զո­հա­բե­րումդ՝ նշան ա­նոնց՝ ­Հայ­րե­րուդ սի­րոյն։
­Մենք այ­սօր ե­կած ենք այս ան­մահ­նե­րու յու­շար­ձա­նին՝ յա­րու­թեանդ ա­ւե­տի­սը շե­փո­րող զան­գիդ ա­ռաջ, կանգ­նե­լու ար­դա­րօ­րէն որ­պէս ժա­ռան­գորդ­ներ, որ­պէս դժո­խա­յին գա­զա­նա­բա­րոյ սպան­դէն վե­րապ­րող­նե­րու զա­ւակ­ներ… Աս­տու­ծոյ սէ­րը՝ մեր սրտե­րուն յար եւ նման մար­դա­ցած Աս­տո­ւա­ծոր­դիին՝ որ մարդ­կու­թեան փո­խա­րէն իր ­Խա­չի մա­հով մա­տոյց մեր սէ­րը՝ ­Հայր Աս­տու­ծոյ։
­Տա­րօ­րի­նակ է այս ժո­ղո­վուր­դին կամ­քը. պաշ­տա­մուն­քի խո­րա­նին հա­զա­րա­մեակ­ներ նոյն ժո­ղո­վուր­դի նա­խա­հայ­րերն էին նստած՝ ե՛ւ ա­ռաջ, ե՛ւ այ­սօր՝ Սր­բա­ցած ­Նա­հա­տակ­ներդ, որ­պէս սրբա­զան աղ­բիւ­րը՝ ա­կո՛ւն­քը մեր ցե­ղին եւ կեան­քին։
­Մի­թէ նոյն սրբա­րա­նը չէ՞ ԿԵՆԱՑ ՓԱՅՏԸ՝ խա­չը ­Գող­գո­թա­յին՝ ո­րուն փա­րե­ցանք 2000 տա­րի­ներ ա­ռաջ… եւ ա­րեան այդ խոր­հուր­դով կնքո­ւած՝ զա­ւակ­նե­րուդ ինք­նա­մա­տու­ցու­մը ա­հա­ւա­սիկ դեռ ե­րէկ, 102 տա­րի­ներ ա­ռաջ, նոյն սրբու­թիւն­նե­րուն պաշ­տա­մուն­քո­վը, ամ­բող­ջա­կան սի­րո­վը, լրիւ հա­ւատ­քով տո­գո­րո­ւած ­Հա­յոց ­Լեռ­նաշ­խար­հի գող­գո­թան բարձ­րա­ցանք՝ խա­չո­ւե­ցանք, վասն հա­ւա­տոյ եւ վասն հայ­րե­նեաց։
­Կանգ­նած ենք պատ­մու­թեան լու­սար­ձա­կին դի­մաց, եւ սա պա­հուն երբ կ­՛ապ­րինք՝ կը վեր­յի­շենք պատ­մու­թեան այս սեւ է­ջը՝ ­Մեծ Ե­ղեռ­նը… ­Միւս կող­մէ կը վե­րա­կեն­դա­նաց­նենք մէկ կող­մէ մեր հայ­րե­րուն սէ­րը ազ­գին եւ մեր ­Հայ­րե­նի­քին ու սրբու­թիւն­նե­րուն հան­դէպ՝ ո­րու սի­րոյն տե­ղի ու­նե­ցաւ զո­հա­բե­րու­մը, բայց եւ միւս կող­մէ այ­սօր կը վե­րա­նո­րո­գենք այն քա­ջա­րի մեր հայ­րե­րու կա՛մ­քին կառ­չած մնա­լու ո­րո­շու­մը, կեան­քի մեր ի­րա­ւուն­քը… գո­յա­տե­ւե­լու, ա­մէն ի­մաս­տուն մի­ջո­ցա­ռում­նե­րով՝ մին­չեւ ինք­նա­զոհ­մամբ՝ մա­հո­ւամբ, որ մեր այ­սօ­րո­ւան գո­յու­թեան ե­րաշ­խիքն ու դեղն է ան­կաս­կած։
Ապ­րի­լի 24ը տխրա­գոյն սոս­կա­լի թուա­կանն է մեր ար­դի պատ­մու­թեան, բայց եւ վստահ ե­ղէք, սեւ էջն է հա­մայն մարդ­կու­թեան պատ­մու­թեան։ ­Վե­րապ­րող­նե­րուդ, անց­նող չորս սե­րունդ­նե­րու ըն­թաց­քին, սեւ սու­գի դրօ­շը սպի­տա­կե­ցաւ. կար­միր ա­րեան գոյ­նը փո­խա­կեր­պո­ւե­ցաւ գար­նա­նա­յին երբ­նե­րանգ ծաղ­կու­մին՝ ջրհե­ղե­ղէն վերջ, ­Ծիա­ծա­նին՝ յաղ­թա­կան ե­ռա­գոյ­նին, եւ բնա­կան ըն­թաց­քով մը ա՛յ­սօր այդ ա­հա­ւոր օրն ու տա­րին կ­՛ըն­դու­նինք որ­պէս մա­նա­նան ապ­րե­լո՛ւ, մա­նա­նան՝ հզօ­րա­նա­լո՛ւ եւ վե­րած­նե­լո՛ւ ­Յա­րու­թեան՝ նոր խորհր­դան­շա­կան նշա­նա­խօս­քով։
Այս հա­ւատ­քով սնած, այս հա­ւատ­քով մեծ­ցած հա­զա­րա­մեակ­նե­րու այս ժո­ղո­վուր­դը չի մեռ­նիր, Կ՛ԱՊՐԻ՛։
­Քա­նի կեան­քի հա­ւա­տա­ցող ժո­ղո­վուրդ է ­Հա­յը, ստեղ­ծա­գործ, Աս­տու­ծոյ շուն­չո­վը սնա­նող, ու­նի եւ Աս­տու­ծոյ պատ­կե­րը, եւ զա­ւակն է՝ Դ­րախ­տա­վայր եր­կիր ­Հա­յաս­տա­նի։
Օ­րեր ա­ռաջ, մեր հայ աղ­բիւր թեր­թը՝ «Ա­զատ Օր» կը յի­շեց­նէր ու որ­պէս լուր կը հա­ղոր­դէր, թէ՝ «հա­րիւր քսան եր­կու տա­րի­ներ ա­ռաջ նոյն Ապ­րի­լին, 19 Ապ­րիլ 1895ին եւ­րո­պա­կան դի­ւա­նա­գի­տու­թիւ­նը ձեռ­նար­կեց հայ­կա­կան վեց նա­հանգ­նե­րու բա­րե­նո­րո­գում­նե­րու ­Մա­յի­սեան ծրագ­րի մշա­կու­մին»… ­Բայց մին­չեւ շար­ժին ի խնդիր այդ ծրագ­րի գոր­ծադ­րու­թեան՝ հա­յու­թեան միջ­նա­բեր­դի, ­Սա­սու­նի ժո­ղո­վուր­դը ջար­դո­ւե­ցաւ ա­ւե­լի քան 300.000 զա­ւակ­նե­րէդ, նենգ դա­հի­ճին ձեռ­քով… Այդ ա­տեն աշ­խարհ սար­սե­ցաւ։
Ին­չո՞ւ չհա­ղոր­դենք բա­րե­նո­րո­գում­նե­րու մեր ի­րա­ւուն­քին այդ լու­րը նոյն այդ պե­տու­թիւն­նե­րուն, վե­հա­ժո­ղով­նե­րու պա­րար­տա­ցած մե­ծե­րուն, թէ՝ ար­դար մեր ի­րա­ւունքն էր եւ է. կը պա­հան­ջենք մեր ար­դար ի­րա­ւուն­քը ոչ միայն այ­սօր՝ 102րդ ­տա­րին, այլ մշտա­պէս, ու յոյ­սով ենք, թէ մին­չեւ 122րդ ­տա­րին ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան՝ ժա­մա­նա­կի ա­նի­ւը կը դադ­րի, ետ կը դառ­նայ ու կը վե­րա­նո­րո­գո­ւի, կրկին տա­րի­ներ ա­ռաջ, այդ վճռա­կան օ­րը։
­Հա­տու­ցէք մեր ար­դար ի­րա­ւո՛ւն­քը. ո՞ւր են վի­շապ­ներ սպան­նող ձեր հե­ծեալ­նե­րը։ Այս­տեղ հրէ­շա­ծին վի­շապ մը կը տո­ւայ­տի ա­զա­տու­թեան մէջ… վե­րա­դար­ձու­ցէք հա­յու­թեան ի­րա­ւուն­քը՝ դուք, որ ջար­դե­րը լռու­թեան մղե­ցիք, ձեր ստա­ցած կա­շառք­նե­րով՝ չքնաղ ­Կիպ­րիան, կամ՝ ու­րիշ­նե­րու ստա­ցած ա­րիւ­նոտ ոս­կի­նե­րով…
­Թու­րա­նա­կան թշնա­մին օ­րեր ա­ռաջ, երբ Ապ­րիլ ա­մի­սը մօ­տե­ցաւ ու ա­մօ­թի պա­տին ա­ռաջ կրկին կան­չո­ւե­լու վա­խը զգաց… եւ զգաց, թէ օ­ղակ­նե­րը սկսան սեղ­մո­ւիլ իր շուրջ… մեղ­սակ­ցու­թեան ու ա­ռա­ւել յան­ցա­գոր­ծու­թեան ա­նարգ պի­տա­կը իր ճակ­տէն ու­զեց հա­նել եւ իր դաշ­նա­կից ­Գեր­մա­նիա­յին եւ ա­նոր գեր­մա­նա­ցի սպա­նե­րու ճակ­տին փոր­ձեց նե­տել, որ­պէս բուն աղ­բիւ­րը հա­յոց դէմ գոր­ծո­ւած ան­մարդ­կա­յին ­Մեծ Ե­ղեռ­նի գա­զա­նու­թեան։
­Շատ սխա­լե­ցար ո՛վ ա­նարգ ու նենգ թշնա­մի՝ խա­ղաղ ու ստեղ­ծա­գործ, հա­ւա­տա­րիմ ու խա­ղա­ղա­սէր քա­ղա­քա­ցի­նե­րուդ հան­դէպ։ ­Կու գայ հա­տուց­մանդ օ­րը եւ չ­՚ու­շա­նար…։
Ո՜վ թան­կա­գին նոր սե­րունդ՝ ­Ցե­ղաս­պա­նու­թե­նէն վե­րապ­րող­նե­րու թոռ­ներ, ­Հայ­կի, Ա­րա­մի, Նժ­դե­հի զա­ւակ­ներ, ո՜վ ա­ռիւ­ծի ձա­գեր… ­Նե­մե­սիս­նե­րու ժա­ռան­գորդ­ներ, ձեր ա­ռաջ ու­նիք քսան տա­րի­ներ՝ վե­րաթ­նու­թեան ու հրա­շաս­տեղծ ի­րա­գոր­ծում­նե­րու տա­րի­ներ։ ­Ժա­մա­նակն է մե­րազն ժո­ղո­վուր­դը ցա­ւազր­կե­լու՝ ցա­ւազր­կե­լու մեր ­Մեծ Ե­ղեռ­նի ցա­ւէն, մեր սրտե­րու, մեր հո­գի­նե­րու խո՜ր ՑԱ­Ւէն. ու ա­նոր դեղն ու դար­մա­նը աշ­խար­հով մէկ դէ­պի եր­կիր՝ դէ­պի եր­կիր նոր զօ­րա­կոչն է, աշ­խար­հաս­փիւռ նժդե­հու­թե­նէն նոր հա­յա­հա­ւա­քի կոչն է… նոր յե­ղա­փո­խա­կան կամ­քով, աշ­խար­հէն դէ­պի դրախ­տա­վայր վե­րա­դար­ձի բա­լա­սա­նը՝ նախ­քան որ օ­տա­րա­ձուլ­ման վատ ու ա­նարգ ախ­տը մեր ներ­կայ աշ­խար­հով մէկ, մեր սե­րունդ­նե­րուն ա­րիւ­նը վա­րա­կէ։
Ին­չու չէ, պրկէ ջի­լերդ ու թող արթննայ ա­րիա­կան ա­րիւնդ, հե­րո­սի կամքդ, նե­մե­սիս­նե­րու ար­դար բա­զուկդ։
Ա­հա՛ ջա­հը քեզ կը յանձ­նենք, ո՜վ պա­տո­ւա­կան մեծ ազ­գին մեծ հո­գի­ներ՝ ­Վա­ղո­ւան մեր յոյսն ու փրկու­թիւ­նը. այ­սօր ձայնդ ա­ւե­լի բա՛րձր թող հնչէ, ա­ւե­լի բա՛րձր, ա­ւե­լի ու­ժե՛ղ թող կան­չէ՛։ ­Սար­սա­փե­ցու՛ր թշնա­մին՝ հա­յու հո­գիէն ժայթ­քող կրա­կո՛վդ, ու թող գիտ­նան, թէ այս նա­հա­տակ ժո­ղո­վուր­դի մար­տա­կան­նե­րը կան, ներ­կա՛յ են… ու գիտ­նան, թէ հա­յը չի՛­մեռ­նիր մին­չեւ ար­դա­րու­թիւն ու կը կանգ­նի ար­դա­րու­թեան սու­րը իր ձեռ­քին։
­Յար­գանք ­Ձեզ՝ հա­յոց սրբա­զան բիւ­րա­ւոր ­Նա­հա­տակ­ներ։