ՄԵԼԻՆԷ ԳԱՐԱԳԱՇԵԱՆ
Առաջին անգամ Հալիտէ Էտիպի մասին լսեցի, երբ Թուրքիա իմ ճամբորդութեանս ուղեւորը, լսելէ ետք թէ ինչո՛ւ եկեր եմ Թուրքիա, ըսաւ՝ «Մեր պատմութեան մութ օրերը» եւ աւելցուց, որ ջարդերու մասին իմացեր է Հալիտէ Էտիպի գիրքէն:
Որոշ ժամանակ անց, յօդուած մը կարդացի Էտիպի եւ Կոմիտաս Վարդապետի հանդիպման մասին, զոր պահեցի: Երբ Կոմիտասի հոգեբանական վիճակի վերլուծումը կ՛ընէի, այդ յօդուածը կրկին կարդացի եւ, ապա, գնեցի Էտիպի յուշերը, ուր ո՛չ միայն Կոմիտասի մասին գրուած էր, այլեւ՝ Այնթուրայի որբանոցին մասին:
Էտիպ՝ Թուրքիոյ յայտնի ու յարգուած գրագէտը հրաւիրուեր էր Ճեմալ Փաշայի կողմէ վարելու Այնթուրայի (այդ ատեն՝ Սուրիա, այժմ՝ Լիբանան) որբանոցը եւ թրքացնելու հայ որբերը:
Աւելորդ է ըսել, որ երկու նիւթերն ալ հետաքրքրական էին ինձ համար, երբ կ՛ուսումնասիրէի Ցեղասպանութեան հեռակայ ազդեցութիւնները սերունդներու վրայ:
Հալիտէ Էտիպ Սուլթան Համիտի քարտուղարին աղջիկն էր: Ան յաճախած էր յոյն-քրիստոնեայ դպրոց մը, ուր հանդուրժողական էին այլ ազգերու նկատմամբ: Ըստ յառաջաբանին, ուր Հ. Տաք կը գրէ՝ «Թէեւ ո՛չ առաջինը, Հալիտէ Էտիպ (1882-1964) ամենաբեղուն թուրք օսմանցի կին գրողն է իր 21 վէպերով, չորս պատմուածքներով, երկու թատրերգութեամբ, չորս գիտական ուսումնասիրութեամբ եւ երկու հատոր ինքնակենսագրութեամբ»: (Հ. Էտիպ, 2005/1926, էջ v*)։
Իր Յուշերուն մէջ Էտիպ կը գրէ, որ Կոմիտաս յաճախ կը հրաւիրուէր թուրք Օճախ՝ իր երգարուեստը հրամցնելու: Գիտենք, որ բանտարկութենէն քանի մը շաբաթ առաջ ան հրաւիրուած էր երգելու: Էտիպ կը յիշէ.-
«Այդ սրահին մէջ է, որ ճանչցայ Կումիտաս Վարդապետը՝ հայ կղերականը, երաժիշտը, երգահանը: Ան մէկն էր այն երաժիշտ, դերասան դասախօսներէն, որոնց կը հրաւիրէր Օճախը շաբաթական իր ներկայացումներուն: Կոմիտաս ճանչցուած էր իր Անատոլեան երգերով եւ հին Կրէկորեան երաժշտութեամբ, զորս հաւաքած էր տարիներու համբերատար աշխատանքով՝ Կոստանդնուպոլսոյ եւ Անատոլուի մէջ: Ան մարզած էր հայ երիտասարդներու երգչախումբ մը եւ մեծ ղեկավարի մը հռչակը շահած էր հայերու մօտ»:
Էտիպ ճիշդ կը գրէ, որ Կոմիտաս լաւ գիտէր թրքերէնը. սակայն սխալ է, որ Կոմիտաս երաժշտութիւնը հաւաքած էր Պոլսոյ մէջ. մինչեւ 1910ին Պոլիս փոխադրուիլը, Կոմիտաս արդէն հայկական գաւառներէն հաւաքեր էր հազարաւոր ժողովրդային երգեր:
Էտիպ կը շարունակէ.-
«Երբ երեւցաւ իր կղերականի սեւ, երկար հանդերձով, իր մութ դէմքը՝ ինչպէս ոեւէ պարզ անատոլցուի, եւ իր հոգեյոյզ աչքերը կարօտով լի, ու իր ձայնը հնչեցուց իր զօրաւոր ու մաքուր նոթաներով, իրեն զգացի որպէս Անատոլուի ժողովրդական հեքիաթի եւ երաժշտութեան մարմնացումը: Երաժշտութիւնը յաճախ էի լսեր մեր Քեմահցի եւ Էրզրումցի սպասաւորներէն: Ան պարզապէս բառերը հայերէնի էր վերածած: Սակայն, ես լեզուին ուշադրութիւն չդարձուցի. միայն զգացի այդ փափուկ եւ անյոյս [tender and desolate melody from the lonely wastes of Anatolia.] մեղեդին՝ Անատոլուի միայնակ կորուստներէն եկած» (էջ 371):
Մինչդեռ Կոմիտաս իր 24 Յունիս 1908 թուականի Ինքնակենսագրութեան մէջ գրած էր.-
«Ես ծնուել եմ 1869 Սեպտեմբերի 26ին Փոքր Ասիոյ Կուտինա կամ Քէօթահիա քաղաքում: Երրորդ օրն ինձ մկրտել են եւ անունս դրել Սողոմոն:Հայրս՝ Գէորգ Սողոմոնեանը Քէօթահիաբնակ էր, մինչ մայրս՝ Թագուհի Յովհաննիսեանը Բրուսացի: Երկուսն էլ հայ են: Հօրս եւ մօրս ազգատոհմը ի բնէ ձայնեղ է: …Մօրս ու հօրս տաճիկ լեզուով եւ եղանակներով յօրինած երգերը, որոնցից մի քանիսն արդէն գրել եմ 1893 թուից հայրենիքումս, դեռ երգում են մեծ հիացմունքով մեր քաղաքի ծերերը:
«Քէօթահիայի մէջ հայերը թրքախօս էին: Թագուհին թրքերէնով կը յօրինէր երգեր. ինչպէս ուրիշ հայեր, Թուրքիոյ մէջ, Քէօթահիայի հայերը խստիւ կը պատժուէին թուրք կառավարութեան կողմէ, եթէ հայերէն խօսէին»: Հետեւաբար՝ Կոմիտասի քաջ ծանօթութիւնը թրքերէն լեզուին եւ այն, որ իր մօր յօրինած երգերը ձայնագրեր էր, իրեն թուրք չէի՛ն դարձներ:
Էտիպ կը շարունակէ նկարագրել.-
«Ծանօթութիւնը, որ սկսաւ, շարունակուեցաւ՝ Կոմիտասի յաճախ գալով իմ տունս երգելու: Ան շարունակեց գալ նոյնիսկ հայերու եւ թուրքերու իրարու ջարդելէն ետք: Երկուքս ալ լռելեայն տանջուեցանք դէպքերէն, բայց ո՛չ մէկս այդ մասին չխօսեցանք:
Մուհամմէտ Էմին եւ Եահիա Պէյերը, երկուքն ալ մեծ բանաստեղծներ, որոնք ազգայնականութեան մարդկայնօրէն կը նայէին, կը հետաքրքրուէին իր բնաւորութեամբ եւ եկան իրեն լսելու: Եուսուֆ Ակչուրան եւս եկաւ՝ երաժշտութիւնը սիրելով, բայց յայտարարեց, որ Կումիտասը մեծ վնաս հասցուցած է թուրքին, գողնալով անոր ժողովրդական երաժշտութիւնն ու երգերու մշակոյթը»։
Այս մտքերը յատուկ չէին միայն Էտիպին եւ Աքչուրային. Մարտ 1915ին, Օճախի մէջ, Կոմիտասի երգի ելոյթէն յետոյ, երաժշտասէր հանդիսատեսներու մէջէն լսուեր էր՝ «Աստուած պահէ իրեն չար աչքերէ» (Սիրունի, 1969, էջ 45-47 եւ Գարագաշեան (2014), էջ 93): Օրուան բանախօսը շեշտեր էր, որ Անատոլուի զաւակը՝ հայ հոգեւորականը, իր նուիրումով ու ծանր աշխատանքով թռիչք տուած էր հայ երաժշտութեան եւ իր հաւաքած երգերը ներկայացուցած որպէս հայ ազգային ժառանգութիւնը, մինչ Թուրք կրօնաւորները ատիկա չէին ըրած. նաեւ թէ՝ հայ ժողովուրդը Թուրքիոյ մշակութային կեանքի յառաջատար դիրքերուն վրայ կը մնար: Կոմիտաս նստեր էր դաշնամուրին, երգեր ու նուագեր էր՝ սրահը թնդացնելով ծափահարութիւններով ու գովեստներով: (Նոյն):
Կոմիտաս շարունակեր էր իր աշխատանքը մինչեւ իր բանտարկութիւնը՝ 1915ի Ապրիլ 23ը:
Էտիպ, աւելի վարը, կը գրէ.-
«Կոմիտաս Քէօթահիայէն էր, աղքատ ծնողքէ: ՛Ծնողներէս ժառանգեցի զոյգ մը կարմիր կօշիկ եւ երգ մը…: Կօշիկները հօրմէս էին, բայց երգը մօրմէս… (373)». հայերէն չէին գիտեր եւ Կոմիտաս (հայերէնը) սորված էր վերջը:
Ծնողները հաւանաբար թրքական ծագում ունէին, այն թուրքիստներէն (թուրքադաւաններէն) էր, որոնք Կրեկորեան եկեղեցիին միացեր էին: Բիւզանդացի ղեկավարները թուրք ցեղերը կանչեր էին որպէս պատուար՝ Սարասէնիկ յարձակումներէ, եւ հակառակ որ ասոնք յատկապէս հարաւային սահմաններուն դրուած էին, ոմանք ուրիշ տեղ գացած են…։ Ան հայ ազգային մըն էր, եթէ նոյնիսկ թուրք էր կամ հայ, բայց խառնուածքով ու սրտով իսկական անատոլուցի թուրք էր… Որպէս մարդ եւ արուեստագէտ, Կոմիտասը հազուագիւտ արժէք էր: Այն, ինչ որ ան մաքուր եւ գեղեցիկ պարզութեամբ հայերուն սորվեցուց, կարելի պիտի ըլլար այլ ազգութիւններուն եւս ընդօրինակել: Կ՚արժէր լսել՝ Անատոլուն երգով եւ զգացումով ներկայացնելու անոր ոճը»:
Եւ գրելով Կոմիտասի աքսորէն վերադարձին իրենց հանդիպման մասին, Էտիպ կ՛աւելցնէ.-
«Օր մը, Կոմիտաս հայերէնով երգեց «Աւէ Մարիա»ն, որ վեցերորդ դարու ստեղծագործութիւն էր, հազուագիւտ գեղեցկութիւն։ Կրօնական ու զգացական մթնոլորտը այնքան գրաւեց ինձ, որ հարց տուի, եթէ որեւէ շարական երգի վերածած է: «Այո՛,- ըսաւ,- հարիւր մէկ երրորդը»։ Շատ յոգնա՞ծ ես երգելու համար,- հարցուցի։ Ան ընկողմանած էր ցած աթոռին, դաշնամուրի մօտ եւ դէմքը սպիտակ էր, ցաւի տարօրինակ կնճիռներով: Սկսաւ երգել՝ առանց տեղը փոխելու: Երբ սկսաւ երգել՝ զգացի, որ մթնոլորտը չունէր այն սուրբ եւ համեստ գեղեցկութիւնը, ինչը «Աւէ Մարիա»ն ունի… Երկիւղ զգացի եւ տարօրինակ զգացում մը:
Բնազդաբար գրադարանէն Ս. Գիրքը առի եւ գտայ 101րդ շարականի վերջին տունը՝ պիտի չնչեմ երկրէն բոլոր չարը՝ որ կտրեմ բոլոր չարագործները Տիրոջ քաղաքէն»:
Էտիպ կը հասկնայ իմաստը ու կ՛եզրականացնէ.-
«Իր հոգիին ատելութեան եւ վրիժառութեան ճիչն էր դէպի իմ ժսղովուրդը… 1915ին Օճախը ի գործ դրաւ իր ազդեցութիւնը, որ չաքսորուի, բայց 1916ին լուրջ մտային խանգարում ունեցաւ, ինչը տեղի տուաւ այդ սարսափելի ժամանակներու ճնշմանը: Դոկտ. Ատնանը աղաչեց Թալէաթ Փաշային, որ թոյլ տայ Փարիզ երթալու բուժման համար: Տակաւին ապաստանարանի մէջ է»:
Իմ գիրքը, ուսումնասիրուած այլ աղբիւրներէ, դէպքերը այլ կերպ կը ներկայացնէ, համոզուած ըլլալով որ Կոմիտաս հայ էր՝ ամուսնոյս ազգականը:
Աղբիւրներ՝
— Գարագաշեան, Մ. (2014): «Կոմիտաս՝ Մեծ Եղեռնի Զոհը»: Երեւան՝ ԴԱԼԼ:
— Կոմիտաս Վարդապետ Կուտինացի (Միջին Ասիա, Պրուսայի Մարզ), (Յունիս 24), էջ 2:
— Edibe, H. A. (2005/1926). ‘Memoirs of Halide Edibe’. A. Pankoff (Ed.).
— Karakashian, M. (2014). ‘Komitas: Victim of the Great Crime’. Yerevan: Zangak.