­Մա­րիա ­Մար­կո­սեան-­Տա­մա­տեան

­Հայ­կա­կան ե­րաժշ­տու­թիւ­նը աշ­խար­հը ճանչ­ցաւ ­Կո­մի­տա­սով։
­Կո­մի­տա­սի շնոր­հիւ հա­յը պահ­պա­նեց իր մշա­կոյ­թը, ազ­գա­յին-ա­ւան­դա­կան եր­գամ­տա­ծո­ղու­թեան ա­ռանձ­նա­յատ­կու­թիւն­նե­րը, նկա­րա­գի­րը, ազ­գա­յին ինք­նու­թիւ­նը։ ­Կո­մի­տա՛­սը բա­ցա­յայ­տեց հայ ժո­ղովր­դի ստեղ­ծա­գոր­ծա­կան ձիրքն ու ե­րաժշ­տա­կան լե­զո­ւի ինք­նա­տի­պու­թիւ­նը: ­Կո­մի­տա­սը իր կեա՛ն­քը նո­ւի­րեց հայ ազ­գա­յին ե­րաժշ­տու­թեան գի­տա­կան, ստեղ­ծա­գոր­ծա­կան եւ բա­նա­հիւ­սա­կան մա­կար­դա­կի ու­սում­նա­սի­րու­թիւ­նե­րուն։ Ան է գիւ­ղէ գիւղ, քա­ղա­քէ քա­ղաք փնտրե­լով ու բա­ցա­յայ­տե­լով՝ մո­ռա­ցու­մէ փրկած հայ ժո­ղո­վուր­դի կեր­տած մշա­կոյ­թը՝զ­բա­ղո­ւե­լով հայ­կա­կան ժո­ղովր­դա­կան ե­րաժշտու­թեան բա­նա­հա­ւաք­չա­կան եւ նօ­թագր­ման աշ­խա­տանք­նե­րով։
­Կո­մի­տա­սը՝ մարդ, որ ամ­բողջ ժո­ղո­վուր­դի մը հա­մար գի­տա­կան հիմ­քե­րու վրայ ստեղ­ծեց ե­րաժշ­տա­կան հա­յե­ցի մտա­ծո­ղու­թեան նոր հա­մա­կարգ մը՝ հա­յուն բնո­րոշ եւ տի­պա­կան։ Ա­ւե­լին, այն նաեւ ճա­նա­չե­լի ու հաս­կա­նա­լի դար­ձուց զար­գա­ցած մշա­կոյթ ու­նե­ցող աշ­խար­հի՛ հա­մար հայ­կա­կան ե­րաժշ­տու­թիւ­նը։ Եւ ա­հա այ­սօր, աշ­խար­հը, աշ­խար­հաս­փիւռ հայ եւ օ­տար մշա­կու­թա­սէր հա­սա­րա­կու­թիւ­նը կը տօ­նէ հայ դա­սա­կան ե­րաժշ­տու­թեան հիմ­նա­դի­րի՝ ե­րաժշ­տա­գէ­տի ու գիտ­նա­կա­նի, խմբա­վա­րի ու ման­կա­վար­ժի, եր­գա­հա­նի, ե­րա­ժիշտ-բա­նա­հա­ւա­քի՝ մեր յան­ճա­րեղ ­Կո­մի­տաս վար­դա­պե­տի ծննդեան 150ա­մեա­կը։
­Յու­նաս­տա­նի «­Հա­մազ­գա­յին»ը եւս՝ իր յար­գան­քի տուր­քը մա­տու­ցեց ­Վար­դա­պե­տին, իր ծննդեան 150 ա­մեա­կի ա­ռի­թով։ Շր­ջա­նա­յին վար­չու­թեան կազ­մա­կեր­պու­թեամբ, ­Շա­բաթ՝ 25 ­Յու­նո­ւա­րին, «­Հա­մազ­գա­յին»ի «­Յա­կոբ ­Փա­փա­զեան» երկ­սեռ երգ­չա­խում­բը իր ե­լոյ­թով ո­գե­կո­չեց վառ յի­շա­տա­կը յան­ճա­րի՝ ա­նոր թո­ղած ա­ւան­դին եւ գոր­ծու­նէու­թեան։ ­Կո­մի­տաս-150՝ ձեռ­նար­կը տե­ղի ու­նե­ցաւ Ա­թէն­քի կեդ­րո­նը գտնո­ւող յու­նաց Կա­թո­ղի­կէ ­Մայր ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ, ճար­տա­րա­պե­տա­կան շի­նու­թեան հրա­շա­գեղ տա­ճա­րի մը մէջ, որ նաեւ հան­դի­սա­ցաւ ձեռ­նար­կի կազ­մա­կերպ­ման յա­ջո­ղու­թեան գրա­ւա­կան­նե­րէն մէ­կը։ ­Հայ, յոյն եւ օ­տա­րերկ­րեայ քա­ղա­քա­ցի­ներ կա­նու­խէն կը շտա­պէին մուտք գոր­ծել եւ տեղ ա­պա­հո­վել, սա­կայն շա­տե­րը, նոյ­նիսկ ոտ­քի մնա­ցող­նե­րը լեփ-լե­ցուն սրա­հին մէջ (շուրջ 500 հո­գի)՝ ակ­նա­ծան­քով կը սպա­սէին հա­մեր­գի մեկ­նար­կին։
Ե­րե­կո­յի բա­ցու­մը կա­տա­րեց հան­դի­սա­վա­րու­հի ընկ. ­Լի­լիթ ­Վար­դա­նեան. «­Հա­մազ­գա­յին մշա­կու­թա­յին եւ կրթա­կան միու­թիւ­նը ա­ռի­թը կ­‘ըն­ծա­յէ մե­զի եր­կիւ­ղա­ծու­թեամբ խո­նար­հե­լու ­Պա­րոյր ­Սե­ւա­կի ներշնչու­մով, հայ եր­գի «անլ­ռե­լի զան­գա­կա­տուն»՝ ­Կո­մի­տաս վար­դա­պե­տի հան­ճա­րին ա­ռաջ, իր ծննդեան 150ա­մեա­կին նո­ւի­րո­ւած այ­սօ­րո­ւայ ձեռ­նար­կով։ Բ­նա­կան է՝ հնա­րա­ւոր չէ ե­լոյ­թի մը սահ­մա­նա­փակ ժա­մա­նա­կին անդ­րա­դառ­նալ ի­րեն ձօ­նուած հսկա­յա­կան գրա­կա­նու­թեան, յու­շագ­րու­թիւն­նե­րուն կամ բա­նաս­տեղ­ծու­թիւն­նե­րուն։ ­Մեծն ­Կո­մի­տա­սի փա­ռա­հե­ղու­թիւ­նը ար­դէն ոչ մէկ այլ տեղ կը սեղ­մի, բա­ցի մեր հո­գի­նե­րէն ու մտքե­րէն ներս»։ ­Շա­րու­նա­կե­լով՝ ան նշեց, որ ե­րե­կո­յի ըն­թաց­քին պի­տի ըն­թեր­ցո­ւին ­Կո­մի­տա­սի կեան­քէն յատ­կան­շա­կան դրո­ւագ­ներ, ա­պա ծա­նօ­թաց­նե­լով բարձ­րո­րակ մա­կար­դա­կի մեր մշա­կոյ­թը՝ հայ եւ օ­տար ունկն­դիր­նե­րը պի­տի լից­քա­ւո­րո­ւին եւ պի­տի զգան ի­րենց հո­գի­նե­րէն ներս ­Կո­մի­տա­սի գոր­ծը՝ իբ­րեւ հայ­րե­նա­շունչ մա­տեան եւ ­Մեծ ­Վար­դա­պե­տը՝ իբ­րեւ հայ եր­գի ­Մես­րոպ ­Մաշ­տո­ցը։ ­Հա­յե­րէն եւ յու­նա­րէն բաց­ման խօս­քէն վերջ, ան ներ­կա­յա­ցուց ­Կո­մի­տա­սի կեն­սագ­րա­կան հա­կիրճ տե­ղե­կու­թիւն­ներ, որ միա­ժա­մա­նակ յու­նա­րէ­նի թարգ­մա­նո­ւած կը ցու­ցադրո­ւէր ե­կե­ղեց­ւոյ սրա­հին մէջ տե­ղա­կա­յո­ւած պաս­տա­ռին վրայ։ Ողջ ե­րե­կո­յի ըն­թաց­քին ցու­ցադ­րո­ւե­ցան նաեւ պատ­կեր­ներ ­Կո­մի­տա­սի կեան­քէն, այդ­պի­սով ­Վար­դա­պե­տի ան­մահ ներ­կա­յու­թիւ­նը զգա­լի դարձ­նե­լով հան­դի­սա­տե­սին։ ­Յա­ջոր­դա­բար «­Յա­կոբ ­Փա­փա­զեան» երկ­սեռ երգ­չա­խում­բը, մաեսթ­րօ Մկր­տիչ Գ­րի­գո­րեա­նի խմբա­վա­րու­թեամբ կա­տա­րեց՝ «­Հայր ­Մեր»ը։ ­Հար­ցին, թէ որ­քան ժա­մա­նակ է, որ երգ­չա­խում­բը կը նա­խա­պատ­րաս­տո­ւի այս­պի­սի պա­տաս­խա­նա­տու ե­լոյ­թի­մը հա­մար՝ խմբա­վա­րը պա­տաս­խա­նեց. «­Մօ­տա­ւո­րա­պէս չորս ու կէս ա­միս է, որ հե­տե­ւո­ղա­կան փոր­ձե­րով ու աշ­խա­տան­քով ­Կո­մի­տա­սի ծննդեան 150ա­մեա­կին նո­ւի­րո­ւած հա­մեր­գին կը պատ­րաս­տուէինք՝ ըն­թաց­քին կամ­քէ ան­կախ պատ­ճառ­նե­րով ծա­գած դժո­ւա­րու­թիւն­նե­րով հան­դերձ։ ­Մեր խում­բը բաղ­կա­ցած է սի­րո­ղա­կան­նե­րէ, եւ ա­մէն մէ­կը իր անձ­նա­կան ու ըն­տա­նե­կան խնդիր­նե­րով ծան­րա­բեռ­նո­ւած՝ ի վեր­ջոյ դի­մագրա­ւե­ցինք դժո­ւա­րու­թիւն­նե­րը եւ հա­մեր­գը տե­ղի ու­նե­ցաւ մեր ու­զած ո­րա­կով ու ար­դիւն­քով»։
­Յա­ջոր­դա­բար հնչե­ցին ­Կո­մի­տա­սի «Ք­րիս­տոս ի մէջ» եւ «­Սուրբ, ­Սուրբ» հո­գե­ւոր եր­գե­րը։ Ե­լոյ­թի ան­ցու­մա­յին դա­դար­նե­րուն կը ղո­ղան­ջէին ե­րաժշ­տա­կան ձեռ­քի զան­գակ­ներ (hand chime), որ կը կա­տա­րէին ե­րի­տա­սարդ­ներ Ե­րո­ւանդ ­Մա­նու­կեան, ­Վի­գէն ­Բար­դա­մեան եւ ­Սեր­գօ ­Սա­մո­ւէ­լեան՝ ազ­դա­րա­րե­լով յա­ջորդ եր­գի սկիզ­բը։
… ­Վար­դա­պե­տը կ­՚ը­սէ. «­Հայ ժո­ղո­վուրդն ու­նի իր եր­գը: ­Մար­դիկ կան, ո­րոնք յայ­տա­րա­րում են, որ հայ ե­րաժշ­տու­թիւն գո­յու­թիւն չու­նի եւ որ ե­ղա­ծը այլ ժո­ղո­վուրդ­նե­րու մշա­կոյ­թի ազ­դե­ցու­թիւնն է կրում: ­Մինչ­դեռ հայ­կա­կան ե­րաժշ­տու­թիւնն այն­քան ազ­գա­յին է եւ այն­քան ինք­նու­րոյն, որ­չափ նրա լե­զուն ու գրա­կա­նու­թիւ­նը, ո­րով­հետև իւ­րա­քան­չիւր ազ­գի ե­րաժշ­տու­թիւն ազ­գի հնչիւ­նա­կան ե­լե­ւէջ­նե­րից է սնուում», հա­տո­ւած մը հան­դի­սա­վա­րու­հիի խօս­քէն, որ­մէ յե­տոյ հե­զա­սա­հօ­րէն երգ­չա­խում­բը կա­տա­րեց յայ­տա­գի­րին նշո­ւած ընդ­հա­նու­րին 14 եր­գեր, շա­րա­կան­ներ եւ ժո­ղովրդա­կան ստեղ­ծա­գոր­ծու­թիւն­ներ՝ գրա­ւե­լով ունկն­դիր­նե­րու սիր­տը եւ կո­մի­տա­սեան յա­ւի­տե­նա­կան մե­ղե­դիով բարձր հո­գե­ւոր զգա­ցում­ներ հա­ղոր­դե­լով ներ­կա­նե­րուն։ «­Խոր զգա­ցում­նե­րով աշ­խա­տե­ցայ, ­Կո­մի­տաս ներ­կա­յաց­նե­լը դիւ­րին գործ չէ. պէտք է հասկ­նաս իր հո­գին, իր մտա­ծե­լա­կեր­պը եւ մա­նա­ւանդ ե­րաժշ­տու­թիւ­նը։ Որ­քան շատ զբա­ղո­ւիս, այն­քան ա­ւե­լի կ­՚ըն­կա­լես ­Վար­դա­պե­տի նե­րաշ­խարհն ու տա­ղան­դը։ Ան կո­չո­ւե­ցաւ ­Մեծն ­Կո­մի­տաս, յատ­կա­պէս իր բա­ցա­ռիկ ե­րաժշ­տա­գի­տա­կան հմտու­թիւն­նե­րու եւ ուս­մուն­քի շնոր­հիւ (αντίστιξη — ձայ­նա­կար­գու­թիւն՝ բազ­մա­ձայն մե­ղե­դի­նե­րու զու­գակց­ման ներ­դաշ­նակ ամ­բող­ջա­կա­նու­թիւ­նը)։ ­Միշտ զգու­շու­թեամբ կը մօ­տե­նամ ­Կո­մի­տա­սի ստեղ­ծա­գոր­ծու­թիւն­նե­րուն, պէտք է նախ եւ ա­ռաջ գտնել հան­ճա­րի ե­րաժշ­տու­թեան բա­նա­լին, որ եր­կար տա­րի­նե­րու հա­մառ ջանք եւ ու­սում­նա­սի­րու­թիւն կը պա­հան­ջէ», մեր զրոյ­ցի ըն­թաց­քին ը­սաւ խմբա­վար Մկր­տիչ Գ­րի­գո­րեան։ Այն հար­ցին, թէ ար­դեօ՞ք ար­դա­րա­ցան իր սպա­սե­լիք­նե­րը այս ե­լոյ­թէն՝ մաեսթ­րօն նշեց, որ երգ­չա­խում­բի հետ միա­սին ան­չափ հսկա­յա­կան աշ­խա­տանք տա­րած էին եւ կ­՚ու­զէին կա­տա­րեալ ըլ­լայ ա­մէն ինչ. «Ե­լոյ­թէն ըն­դա­մէ­նը հինգ ժամ ա­ռաջ հայրս կորսն­ցու­ցած էի, բայց պատ­րաս­տա­կամ ե­ղայ եւ պէտք էր ձեռ­նար­կը յա­ջո­ղու­թեամբ ի­րա­կա­նա­նար։ ­Ջա­նա­ցինք եւ կար­ծեմ թէ յա­ջո­ղե­ցանք։ Ակն­կա­լիք­ներ ու­նիմ, որ մեր հայ­րե­նա­կից­նե­րը, յատ­կա­պէս ե­րի­տա­սարդ­ներ եւ ա­րա­կան ձայ­ներ դի­մեն եւ մաս կազ­մեն մեր երգ­չա­խում­բին՝ նպաս­տե­լով գա­ղու­թէն ներս հայ եր­գա­րո­ւես­տի զար­գաց­ման։ ­Մեր երգ­չա­խում­բը այն­պի­սի խումբ մըն է, որ կ­՚ար­ժէ հե­տա­մուտ ըլ­լալ նո­րա­նոր ո­րո­նում­նե­րու, իսկ յա­մառ, խի­զախ եւ հե­տե­ւո­ղա­կան աշ­խա­տան­քը յա­ջո­ղու­թեան հաս­նե­լու հիմ­նա­կան պայ­ման­նե­րէն է. խօս­քեր, ո­րոնք յա­ճախ կ­՚ը­սեմ երգ­չա­խում­բի մեր մաս­նա­կից­նե­րուն։ ­Ջերմ շնոր­հա­ւո­րու­թիւն­ներս բո­լո­րին»։
­Հա­մեր­գը ի­րենց ներ­կա­յու­թեամբ պա­տո­ւե­ցին Ա­թէն­քի քա­ղա­քա­պե­տա­րա­նի պաշ­տօ­նէու­թեան նա­խա­գահ Խ­րիս­թոս ­Թեն­տո­մաս, ­Յու­նա­հա­յոց ­Թե­մա­կալ Ա­ռաջ­նորդ ­Գե­ղամ արք. ­Խա­չե­րեան, ­Հայ Կա­թո­ղի­կէ հա­մայն­քի ժո­ղովր­դա­պետ ­Յով­սէփ ծ.վ. ­Պէ­զա­զեան, ­Հայ Ա­ւե­տա­րա­նա­կան հա­մայն­քի հո­վիւ վե­րա­պա­տո­ւե­լի ­Վի­գէն ­Չո­լա­քեան, ­Յու­նաս­տա­նի կա­թո­ղի­կէ Ա­ռաջ­նոր­դա­րա­նի ներ­կա­յա­ցու­ցի­չը՝ ­Հայր Եոր­ղիոս Ալ­թու­վաս, քա­հա­նա­յից դա­սը: ­Ներ­կայ էին նաեւ Ազ­գա­յին վար­չու­թեն, Հ.Յ.Դ. ­Յու­նաս­տա­նի ­Կեդր. կո­մի­տէի, Հ.Յ.Դ. ­Հայ դա­տի յանձ­նա­խում­բի, ազ­գա­յին կա­ռոյց­նե­րու եւ միու­թիւն­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­ներ, հայ եւ օ­տար մշա­կու­թա­սէր, ե­րաժշտա­սէր հան­դի­սա­տես­ներ։
«­Կո­մի­տաս վար­դա­պետ սկիզբ մըն է, որ վախ­ճան չու­նի: Ան պի­տի ապ­րի ժո­ղո­վուր­դով, հայ ժո­ղո­վուր­դը պի­տի ապ­րի իր­մով, ինչ­պէս այ­սօր, այն­պէս ալ յա­ւի­տեան», այս խօս­քե­րով ամ­փո­փեց ե­րե­կոն հա­ղոր­դա­վա­րու­հի ­Լի­լիթ ­Վար­դա­նեան, ա­պա «­Հա­մազ­գա­յին»ի Շր­ջա­նա­յին վար­չու­թեան կող­մէ շնոր­հա­կա­լու­թիւն յայտ­նեց բո­լոր ներ­կա­նե­րուն, յատ­կա­պէս խմբա­վա­րին, երգ­չա­խում­բի ան­դամ­նե­րուն, տի­կին ­Ման­նիկ Աշ­րեա­նին՝ նիւ­թե­րը պատ­րաս­տե­լու հա­մար եւ բո­լոր մաս­նա­կից­նե­րուն, որ ի­րենց ներդ­րու­մը ու­նե­ցած էին ձեռ­նար­կի կազ­մա­կերպ­ման ըն­թաց­քին։
«­Մինչ­դեռ յու­սով» եւ «Ո՜հ ինչ քաղցր բան» եր­գե­րու կա­տա­րում­նե­րով ա­ւար­տին մօ­տե­ցաւ ­Կո­մի­տա­սի 150ա­մեա­կին նո­ւի­րո­ւած հա­մեր­գը՝ ժո­ղո­վուր­դի ոտն­կայս ծա­փա­հա­րու­թին­նե­րու ներ­քոյ՝ գո­հու­նակ հա­յեացք­նե­րով, ­Կո­մի­տա­սեան ո­գիի հո­գե­ւոր բա­ւա­րա­րո­ւա­ծու­թեամբ, շնոր­հա­ւո­րան­քի խօս­քե­րով եւ յա­ջո­ղու­թեան նո­րա­նոր մաղ­թանք­նե­րով։