Անցնող շաբաթավերջին, Թեսաղոնիկէի քաղաքը ժամանեցին Հայաստանի սայլակաւորներու կողովագնդակի ֆետերասիոնի մարզիկները, որոնք մասնակցեցան մրցումներու շարքի մը։
Հայ երիտասարդ մարզիկներու խումբը, որ բաղկացած է պատերազմի կամ դժբախտ պատահարի հետեւանքով հաշմանդամ մնացած անձերէ, առաջին անգամ ըլլալով Յունաստան գտնուեցաւ, հրաւէրովը Թեսաղոնիկէի «Մեծն Աղեքսանդր» խումբին, որ այն եւս սահմանափակ ֆիզիքական կարողութիւններու մարզիկներէ կը բաղկանայ եւ կողովագնդակի մրցումներու կը մասնակցի։
Հայկական խումբը դիմաւորուեցաւ թեսաղոնիկահայ մեր ընկերներուն կողմէ, որոնք, հակառակ խումբի սահմանափակ ազատ ժամանակին, առիթը ստեղծեցին շրջագայելու եւ հայրենի մարզիկներուն ծանօթացնելու քաղաքի գեղատեսիլ մասերը, ապա անոնք այցելեցին Թեսաղոնիկէի «Ս. Աստուածածին» եկեղեցին։
Յաջորդ օրը, ծայր առին մրցումները, որոնց ներկայ գտնուեցան մեծ թիւով հայրենակիցներ, քաջալերելու համար հայ մարզիկներու խաղարկութիւնը։
Իսկապէս, յուզիչ եւ միաժամանակ մարզական ջերմ մթնոլորտ մը ստեղծուեցաւ։ Կարելի չէր չգնահատել երկու խումբերու մարզիկներու ջանքերը, որոնք հակառակ իրենց ֆիզիքական սահմանափակումներուն, ներկայ մարզասէր հանրութեան հրամցուցին անակնկալներով լեցուն մրցում մը։
Աւարտին, բոլոր մարզիկները գնահատուեցան ժողովուրդին կողմէ, իսկ յունական խումբի պատասխանատուները եւս դրուատական արտայայտութիւններով քաջալերեցին մեր տղոց մասնակցութիւնը։
Միայն գնահատանքի խօսք կարելի է արտայայտել այն երիտասարդներուն համար, որ կեանքի դժբախտ պատահարներու հետեւանքով կամ ռազմի դաշտին վրայ անբուժելի վիրաւորում ստանալէն ետք, կը շարունակեն հերոսաբար դիմադրել ամէն տեսակի դժուարութիւն, դառնալով մարզիկ եւ կեանքի մարտիկ։ Անոնք լաւագոյն օրինակներն են հայու կամքին ու ապրելու վճռակամութեան։
Վարձքը կատար բոլորին։
ԳԼԽԱՒՈՐ ԷՋ ԳԱՂՈՒԹԱՅԻՆ Գաղութային կեանք Կողովագնդակի իւրայատուկ մրցում մը Թեսաղոնիկէի մէջ