Հայոց ցեղասպանութեան 106-ամեակի ելոյթներու ծիրէն ներս,
«Համազգային»ի Թեսաղոնիկէի «Ղ. Սարեան» մասնաճիւղի վարչութիւնը կը կազմակերպէ կլոր սեղանի առցանց զրոյց նիւթ ունենալով՝

«Ապրում եւ յիշողութիւն. 1915-ի Հայոց ցեղասպանութեան
թողած հետքը արուեստին վրայ»

Ուրբաթ՝ 23 Ապրիլ 2021, երեկոյեան ժամը 8-ին

Իրենց ներածակով ելոյթ կ՚ունենան

Տոքթ. Եորղոս-Իուլիոս Փափատոփուլոս, երաժշտագէտ եւ դաշնակահար

Էտուարտ Սաքայեան, գծագրող

Տոքթ. Արմէնուհի Գասպարեան-Սարայտարի, արուեստի հետազօտող

Զրոյցին մաս պիտի կազմեն նաեւ՝

Եաննիս Քեսոփուլոս, Թեսաղոնիկէի քաղաքապետարանի
հանրային կապերու պատասխանատու

Յակոբ Ճելալեան, գրող

Կլոր սեղանի զրոյցը պիտի համադրէ ընկ. Յովիկ Գասապեան

Ելոյթը պիտի սփռուի համացանցի վրայ, Թեսաղոնիկէի «Ս. Աստուածածին» եկեղեցւոյ «YouTube»-ի եւ «Αρμενική Κοινότητα Θεσσαλονίκης» Դիմատետրի էջերէն միաժամանակ։

ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ