Կիպ­րոս իր զօ­րակ­ցու­թիւ­նը կը յայտ­նէ ­Հա­յաս­տա­նին եւ կը դա­տա­պար­տէ Ատր­պէյ­ճա­նի կող­մէ սան­ձա­զեր­ծո­ւած յար­ձա­կում­նե­րը Ար­ցա­խի վրայ։ ­Կիպ­րո­սի ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար ­Նի­քոս Խ­րիս­թու­տու­լի­տիս կա­տա­րեց հե­տե­ւեալ յայ­տա­րա­րու­թիւ­նը։ «­Կիպ­րո­սի ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րա­րու­թիւ­նը իր խոր մտա­հո­գու­թիւ­նը կը յայտ­նէ հա­կա­մար­տու­թեան սրաց­ման հա­մար, որ ծայր ա­ռած է ­Լեռ­նա­յին ­Ղա­րա­բա­ղի շրջա­նէն ներս եւ կը դա­տա­պար­տէ Ատր­պէյ­ճա­նի կող­մէ հրա­դա­դա­րի խախ­տու­մը, որ ա­ռաջ­նոր­դեց բուռն բա­խում­նե­րու, մարդ­կա­յին կո­րուստ­ներ պատ­ճա­ռե­լով նաեւ խա­ղաղ բնակ­չու­թեան մէջ։ ­Կոչ կ­՚ուղ­ղենք բո­լոր կող­մե­րուն զսպո­ւա­ծու­թիւն ցու­ցա­բե­րե­լու եւ հա­կա­մար­տու­թիւ­նը դադ­րեց­նե­լու հա­մար, որ­պէս­զի ան­մի­ջա­կա­նօ­րէն վերջ տրո­ւի սրաց­ման»։ ­Կի­րա­կի՝ 27 ­Սեպ­տեմ­բե­րի ե­րե­կո­յեան, ­Նի­քոս Խ­րիս­թո­տու­լի­տիս հե­ռա­ձայ­նա­յին խօ­սակ­ցու­թիւն ու­նե­ցաւ ­Հա­յաս­տա­նի ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար ­Զօհ­րապ Մ­նա­ցա­կա­նեա­նին հետ։ ­Կիպ­րա­ցի նա­խա­րա­րը իր կա­ռա­վա­րու­թեան եւ կիպ­րա­ցի ժո­ղո­վուր­դի զօ­րակ­ցու­թիւ­նը յայտ­նեց՝ հայ ժո­ղո­վուր­դի դի­մագ­րա­ւած ատր­պէյ­ճա­նա­կան սադ­րանք­նե­րուն հա­մար։