Երկուշաբթի՝ 11 Դեկտեմբեր 2017ի երեկոյեան, Կիպրոսի նախագահական պալատին մէջ, Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան «Կիլիկեան Իշխան»ի շքանշանով պարգեւատրեց Կիպրոսի Հանրապետութեան նախագահ Նիքոս Անասթասիատեսը:
Պարգեւատրումէն առաջ հանդիպում մը տեղի ունեցաւ Վեհափառ Հայրապետին եւ նախագահին միջեւ` ներկայութեամբ Կիպրոսի հայոց կաթողիկոսական փոխանորդ Խորէն Արք. Տողրամաճեանի, Կիպրոսի հայոց պետական ներկայացուցիչ Վարդգէս Մահտեսեանի, ինչպէս նաեւ Վեհափառ Հայրապետին պատուիրակութեան մաս կազմող ազգային բարերար Հրայր Սարգիսեանի եւ կաթողիկոսարանի տեղեկատուական բաժանմունքի վարիչ Պետրոս Վրդ. Մանուէլեանի:
Հանդիպման ընթացքին արծարծուեցան Կիպրոսի հայութեան, Լիբանան-Կիպրոս յարաբերութեանց, հայ եւ կիպրացի ժողովուրդներու բարեկամութեան եւ ընդհանրապէս Միջին Արեւելքի այժմու կացութեան առնչուած հարցեր:
Ապա` նախագահն ու Վեհափառ Հայրապետը ուղղուեցան դէպի նախագահական ապարանքին կից գտնուող հանդիսասրահը, ուր տեղի ունեցաւ հայկական մշակութային երեկոյ` ներկայութեամբ Կիպրոսի խորհրդարանի նախագահին, Կիպրոսի մէջ զանազան երկիրներու դեսպաններու, երեսփոխաններու, հոգեւոր առաջնորդներու եւ աւելի քան 500 կիպրահայերու:
Կիպրոսի նախագահը իր ունեցած ելոյթի ընթացքին յիշեցուցած է, որ երկու ժողովուրդները զոհուած են նոյն թշնամիին պատճառով` նշելով, որ իրենք չեն յանձնուած, պայքարած են եւ կը շարունակեն պայքարիլ, որպէսզի միջազգային ասպարէզի մէջ գերակշռէ մեծ արդարութեան սկզբունքը։ «Ահա թէ ինչո՛ւ Կիպրոսը առաջին եւրոպական երկիրներէն էր, որ ճանչցաւ Հայոց Ցեղասպանութիւնը, եւ մենք միասին դատապարտեցինք այս յանցագործութեան մեղաւորները»,- ըսած է ան: Դիմելով Կիպրոսի հայ համայնքին՝ նախագահը նշած է,- «Իբրեւ պետութիւն՝ մենք միշտ պիտի հպարտանանք, որ ձեր փոքր համայնքը իր կարողականութեամբ արդիւնաւէտ կերպով կը մասնակցի երկրի բոլոր ոլորտներուն` քաղաքական, հասարակական եւ տնտեսական»:
Կիպրոսի Հանրապետութեան նախագահի պարգեւատրում
Արամ Ա. Կաթողիկոս «Կիլիկեան Իշխան»ի շքանշանով կը պարգեւատրէ Կիպրոսի Հանրապետութեան նախագահը