Heart framing on woman chest with pink badge

Հոկտեմբեր ամիսը կը յատկանշուի որպէս կուրծքի քաղցկեղի մասին իրազեկման միջազգային ամիս: Իւրաքանչիւր տարի հոկտեմբերին տարբեր երկիրներու մէջ տեղի կ՛ունենան զանազան ձեռնարկներ եւ արշաւներ, որոնց թիրախը կ՛ըլլայ կիներուն իրազեկել կուրծքի քաղցկեղին մասին, ինչպէս նաեւ` մղել զանոնք բժշկական քննութիւններ անցընելու, որպէսզի կարենան կանխարգիլել հաւանական բարդութիւններ այս առնչութեամբ:

Ըստ լիբանանեան տուեալներուն, 2015 թուականին  Լիբանանի մէջ քաղցկեղէ տառապող կիներուն 41 առ հարիւրը ունեցած է կուրծքի քաղցկեղ, իսկ Պէյրութի Ամերիկեան համալսարանի տուեալներուն համաձայն, Լիբանանի մէջ քաղցկեղէ տառապողներուն թիւը մինչեւ անցեալ տարի աւելցած է 8000 նոր պարագաներով:

Կիներու համար կուրծքի քաղցկեղը կը հանդիսանայ ո՛չ միայն քիմիաբուժութեան յառաջացուցած կողմնակի բարդութիւններու կոյտ, այլ ատոր կողքին, կատարուած հաւանական կուրծքի ամբողջական հեռացումի վիրահատութիւն: Կուրծքի այս կորուստը կնոջ մօտ կը յառաջացնէ իր մարմինին հանդէպ անհաշտութիւն, բան մը որ բացասական ձեւով կ՛ազդէ կնոջ հոգեկան աշխարհին եւ ինքնավստահութեան վրայ, մանաւանդ երբ ան կ՛ապրի ընկերութեան մը մէջ, որ կը նսեմացնէ «կնոջական յատկութիւններէ» զուրկ կին-մարմինը. (հակառակ անոր որ «կնոջական յատկութիւնները», այս պարագային կուրծք ունենալ-չունենալը, ընկերութեան կողմէ պարտադրուած յատկութիւններ են եւ որեւէ մէկ ձեւով չեն զրկեր կինը կնոջական յատկութիւններէ, որոնք շատ աւելի խորունկ են, քան` արտաքին տեսքը):

Թէեւ անհանգստութիւններէ դարմանումի համար մեծ մասամբ մեր վստահութիւնը կը դնենք տարրալուծարաններու մէջ պատրաստուած դեղերու, սակայն գոյութիւն ունին բուժման այլընտրանքային մեթոտներ, որոնք անպայմանօրէն ամբողջովին չեն փոխարիներ բուժումի հասարակ ձեւերը: Այս այլընտրանքային ապաքինման ձեւերը առաւելաբար կ՛աշխատին հիւանդին զօրակցելու, անոր հոգեկան աշխարհը զօրացնելու եւ կամքը ամուր պահելու համար, որպէսզի ընդունելով իր վիճակը` ան կարենայ գոյակցիլ հիւանդութեան հետ եւ ըստ այնմ դրականօրէն հակազդելով` վճռէ գիտակցաբար մասնակից դառնալ բուժման ընթացքին: Այս այլընտրանքային ձեւերը զուգահեռաբար կ՛աշխատին հասարակ բուժման միջոցներուն հետ: Այս միջոցներէն մէկն ալ արուեստն է:

Արուեստի միջոցով կազդուրում

cancer_woman_110416

Արուեստի զանազան միջոցներ` գծագրութիւն, թատրոն, պար, նուագ, քանդակագործութիւն եւ այլն կ՛օգտագործուին` օգնելու անհատին դուրս ելլելու հիւանդութեան շառաւիղէն ու արտայայտելու ներքին ապրումները, որոնց մասին անպայմանօրէն կարելի չ՛ըլլար բառերով արտայայտել: Նկատի ունենալով, որ որեւէ ապաքինում կը կարօտի նաեւ աննկուն կամքի եւ պայքարելու ոգիի, արուեստը անհատին կը տրամադրէ իր զգացումները արտայայտելու ապահով եւ ստեղծագործական մթնոլորտը, ուր կարելի կ՛ըլլայ զարգացնել ինքնաճանաչում, իրողութեան հետ հաշտուելու առիթ: Այս վերջինները կը նպաստեն տրամադրելու անհատը իր կենցաղին վրայ իշխելու կարողութիւն եւ չյանձնուելու հիւանդութեան բարդութիւններու ժանիքին: Արուեստը առիթ կ՛ընծայէ անհատին անդրադառնալու իր սովորամոլութիւններուն, որովհետեւ արուեստը կը դառնայ ենթագիտակցութեան մէջ թաղուած հարցերուն հետ առերեսման գործիք:

Որեւէ արուեստի գործի արտադրութիւն կը գրգռէ մարդուս զգայարանքները` ուղեղն ու մարմինը պահելով հաւասարակշռուած յարաբերութեան վրայ: Ասիկա կ՛արտօնէ, որ անհատը արտայայտէ իր մէջ կուտակուած հարցերը, որոնք անուղղակի կերպով բացասական ազդեցութիւն կ՛ունենան անհատին կեանքին մէջ: Անշուշտ մէկ ընդհանուր ձեւեր չկան արուեստի միջոցով ապաքինումի համար. իւրաքանչիւր անհատ ունի իր թափը, ապրումները, փորձառութիւնները, որոնք անպայմանօրէն չեն նմանիր այլ անհատի մը, որ կը հետեւի արուեստի ապաքինման ձեւերուն: Այս պատճառով արուեստի ճամբով ապաքինման համար աշխատող մասնագէտներ ոեւէ արուեստագէտներ չեն կրնար ըլլալ: Մասնագէտներ կ՛աշխատին անհատին հոգեկան ապրումներուն հետ եւ, հետեւաբար, անոնք պէտք է առնուազն ունենան մարդկային զարգացման, հոգեբանական եւ վարքային խանգարումներու, ինչպէս նաեւ խորհրդատուութեան տեսութիւններու գիտութեան պաշար, որովհետեւ արուեստի միջոցով ապաքինման մասնագէտը նաեւ պատասխանատուութիւնը ունի լսելու անհատներուն եւ հարկ եղած ժամանակ` ուղղութիւն տալու: Կարեւոր է, որ մասնագէտը հասկնայ անհատին պէտքերը եւ ապահովէ հանգստաւէտ միջավայր մը, ուր անհատը կրնայ անկաշկանդ արտայայտել իր ապրումները: Ըստ Ամերիկայի արուեստի ճամբով ապաքինման համագործակցութեան չափանիշներուն, մասնագէտը պէտք է առնուազն մագիստրոսի աստիճան ունենայ: Ասոր կողքին, անշուշտ, կարեւոր է, որ ան ունենայ արուեստ մը արտադրելու տաղանդը:

Արուեստն ու կուրծքի քաղցկեղէ տառապողները

Այն կիներուն մօտ, որոնք իրենց քիմիաբուժութեան եւ ռատիօբուժութեան ընթացքին հետեւած են արուեստի միջոցով ապաքինման ծրագիրներու, արձանագրած են բարելաւուած հոգեկան եւ ֆիզիքական առողջութիւն: Այս եզրակացութիւնը յառաջացած է 41 կիներու հետ կատարուած ուսումնասիրութեան մը ընթացքին, որոնք բաժնուած են երկու խումբերու` խումբ մը հետեւած է արուեստի աշխատանոցներու եւ դասընթացքներու, որպէս ապաքինման ծրագիրի մասնիկ, իսկ երկրորդ խումբը չէ մասնակցած նման ծրագիրներու: Արուեստի աշխատանոցներուն ընթացքին մասնագէտներ անոնց տրամադրած են գունաւոր մատիտներ, թուղթեր, կցիչ, մկրատներ եւ այլ գործիքներ` արտօնելով, որ անոնք ստեղծագործեն: Վեց ամիս ետք տուեալ կիները արձանագրած են բարելաւուած հոգեկան եւ ֆիզիքական վիճակ եւ ինքզինք ընդունելու ատակութիւն: Այս ուսումնասիրութիւնը, որ առաջին անգամ լոյս տեսած է 2008 թուականին քաղցկեղի բուժման տրամադրուած բժշկական-ուսումնասիրական հրատարակութեան մը մէջ (Քենսըր քեր) օրինակներէն մէկն է այս առնչութեամբ: Բժշկական եւ արուեստի ապաքինման մասնագէտներ կը հաստատեն, որ ուղեղը կարողութիւնը ունի իշխելու մարդուն մարմինին վրայ, հետեւաբար ինչ որ կը մտածէ անհատը, իր ուղղակի ազդեցութիւնը կը դրսեւորէ մարմինին վրայ զանազան ձեւերով, իսկ արուեստի միջոցով` դրական ազդեցութիւն: Ուսումնասիրութիւններ կը վկայեն, որ արուեստի միջոցով ապաքինումը կը նուազեցնէ անձկութիւնը, ընկճուածութիւնն ու վհատութիւնը, ինչպէս նաեւ կը բարելաւէ հիւանդին հաղորդակցութեան կարողութիւնները եւ աշխատանք տանելու կորովը:

Քաղցկեղի մասին ժապաւէններ

Շարժապատկերի արուեստին մէջ կը գտնենք զանազան ժապաւէններ, որոնց նիւթը կը դառնայ կամ անուղղակի կերպով կ՛անդրադառնայ կուրծքի քաղցկեղէ տառապողի ապրումներուն: Նշենք քանի մը հատը, որ կ՛արժէ տեսնել, թերեւս անոնցմէ կարելի է քաղել պատգամներ.

1.- Decoding Annie Parker

Իսկական դէպքերու վրայ հիմնուած այս ժապաւէնը կ՛արծարծէ Էնի Փարքըրին փորձառութիւնը` կուրծքի քաղցկեղի պայքարին ճամբուն վրայ: Կուրծքի քաղցկեղի պատճառով իր մօր եւ քրոջ մահէն տարիներ ետք Էնի Փարքըր կը տեղեկանայ, որ ինքը եւս կը տառապի նոյն հիւանդութեամբ: Այս պատմութեան զուգահեռ, Պըրքլիի Քալիֆորնիա համալսարանին մէջ հետազօտող Մերի Քլեր Քինկ կ՛աշխատի կուրծքի քաղցկեղի ծինային համակարգի ուսումնասիրութեան մը մէջ, որ ապագային BRCA1 կոչուած ծինային տեղեկութիւնը պիտի  ըլլար: BRCA1-ը այն ծինն է, որ անհատին համակարգին մէջ յայտնուելէ ետք կը հաստատէ անհատին կուրծքի քաղցկեղէ տառապելու հաւանականութեան բարձրացումը: Ժապաւէնը կը խօսի այս երկու դէպքերուն շուքին տակ պատահած Էննի Փարքըրին պայքարին մասին:

2.- Terms of Endearment

Այս ժապաւէնը կը ներկայացնէ հերոսներէն մէկուն` Էմմա Կրինուէյ-Հորթոնին պայքարը քաղցկեղի դէմ, երբ պատահաբար կը տեղեկանայ իր վիճակին մասին: Նիւթը կ՛ընդգրկէ ընկերային եւ ընտանեկան հարցերու ներքեւ, Էմմայի փորձառութիւնը քաղցկեղին հետ, հարցին հետ հաշտուելու եւ գոյակցելու ձեւերուն մասին, ինչպէս նաեւ` ընտանիքին հետ յարաբերութեան մասին:

3.- The Family Stone

Սիպիլ Սթոնը, Սթոն ընտանիքին գլուխը, կուրծքի քաղցկեղէ տառապած ու հիւանդութիւնը յաղթահարած կին մըն է: Այս փորձառութիւնը զինք դրած է հարցերը այլ կերպով տեսնելու եւ քննելու դիրքին մէջ, ինչ որ ի գործ կը դնէ Սթոն ընտանիքին մէջ Կաղանդի գիշերուան մը ընթացքին տեղի ունեցած իրադարձութիւններու ընթացքին ու կը փորձէ ընտանիքը ազատել քայքայումէ ու բաժանումէ: Հետաքրքրական է ժապաւէնին մէջ գերիշխող իր ներկայութիւնը, թէեւ ան մաս չի կազմեր պատմութեան գլխաւոր առանցքին, որ աւելի թեթեւ ընկերային-սիրային հարցեր կը շօշափէ:

4.- Five

Հինգ կարճ ժապաւէններէ բաղկացած այս ժապաւէնը կը խօսի կուրծքի քաղցկեղէ տառապող կիներու կեանքին մասին, ինչպէս նաեւ կը խօսի այն մասին, որ տղամարդիկ ալ կը տառապին կուրծքի քաղցկեղէ: Հոս առկայ է կնոջ ձայնը եւ տառապողը ինքը կը խօսի կուրծքի քաղցկեղի հետ իր ճանապարհորդութեան մասին:

5.- Living Proof

Կը խօսի հռչակաւոր բժիշկ Տենիս Սլամոնին մասին, որ ստեղծագործած է «հերսեփթին» անունով դեղը: «Հերսեփթինը» կը հանդիսանայ քիմիաբուժութեան մէջ թիրախաւորուած դեղ մը, որ կը բուժէ HER2+ տիպի կուրծքի քաղցկեղէ տառապողներուն ախտը: Ժապաւէնը կը ներկայացնէ ստեղծագործութեան ճգնաժամային օրերը, ինչպէս նաեւ` դեղին վաւերացումը ստանալու խնդիրը:

6.- Why I Wore Lipstick to My Mastectomy

Կը ներկայացնէ յաջողած երիտասարդուհիի մը կեանքը, որ մէկ օրէն միւսը կը փոխուի կուրծքի քաղցկեղի պատճառով: Հետաքրքրական է հերոսուհի Ճերալին Լուքասին ապրումներուն ներկայացումը իր մայր ըլլալուն փափաքին եւ կուրծքի անդամահատութեան վիրահատութենէն ետք իր տեսքին հետ հաշտ ըլլալուն պայքարին միջեւ: Հոս կը խօսուի թէ՛ անհատական եւ թէ՛ ընկերային ճնշումներուն մասին:

7.- Pieces of April

Կը խօսի Էփրիլ Պըրնզ անունով երիտասարդուհիին կենցաղի փոփոխութեան մասին, երբ ան կը տեղեկանայ, որ մայրը քաղցկեղէ կը տառապի: Այս առիթով ան իր տան մէջ կը կազմակերպէ Շնորհակալութիւն տօնին (Թենքս կիվինկ) նուիրուած ընթրիք մը, ուր տեղի կ՛ունենայ հարցերը այլ ձեւերով դիտարկելու մարտահրաւէրներ:

8.- Mondays at Racine

Ժապաւէնը կը խօսի երկու վարսայարդար քոյրերու մասին, որոնք իւրաքանչիւր ամսուան երրորդ երկուշաբթին վարսայարդարման իրենց սրահը ձրիաբար կը տրամադրեն կուրծքի քաղցկեղէ տառապող կիներու` այսպիսով անմահ պահելով իրենց մօր յիշատակը: Վարսայարդարման սրահին   մէջ տեղի ունեցած խօսակցութիւնները շատ անգամ ոգեւորիչ են:

9.- My Run

Կը ներկայացնէ Թերի Հիչհոգի կեանքը կուրծքի քաղցկեղէ տառապածիր կնոջ մահէն ետք: Ժապաւէնին մէջ Հիչհոգ 75 օրուան ընթացքին 75 մարաթոններու կը մասնակցի փաստելու համար, որ իւրաքանչիւր անհատ ուժը ունի պայքարելու եւ օգնելու: Այս ժապաւէնը կը հանդիսանայ հիւանդին կեանքէն շիջումէն ետք անոր փորձառութիւնն ու յիշատակը այլոց վիճակին բարելաւման ի գործ դնելու կամքը եւ հաղորդելու, թէ մահը վերջաւորութիւն մը չէ:

10.- The Hot Flashes

Ժապաւէնը կը ներկայացնէ պասքեթպոլի խումբ մը կին  մարզիկներ, որոնք կը մասնակցին Պասքեթպոլի ազգային մրցաշարքին` նպատակ ունենալով իրազեկել կիները կուրծքի քաղցկեղի մասին, ինչպէս նաեւ աշխատանք կը տանին դրամահաւաքի ի գործ դնելու այս ուղղութեամբ:

keepcalm_110416