ՆՈՒՊԱՐ ՏԷՄԻՐՃԵԱՆ


Ինչպէս գիտենք, կը լսենք ու կը կարդանք, Ցեղասպանութեան հարիւրամեակի ձեռնարկները նոր կեանք մը բերին, նոր զարթօնք բերին մեր համայն հայութեան, ու այդ բոլորին կողքին՝ նաեւ պահանջատիրութեան հարց մը, որուն համար արդէն իսկ շուրջ երկու տարիներէ ի վեր Մեծի Տանն Կիլիկիոյ վեհափառ հայրապետ Արամ Ա. նախաձեռնած էր դատական աշխատանքներու՝ պահանջելով Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան դարաւոր Սիսի կաթողիկոսարանն ու կալուածները. հարցը վերջերս ներկայացուած է թրքական ատեաններուն, իսկ մերժումի պարագային՝ անշուշտ պիտի ներկայացուի նաեւ միջազգային ատեաններու:
Այս առիթով կը ներկայացնենք պատմական ակնարկ մը՝ քաղուած ու համադրուած զանազան պատմական աղբիւրներէ, որոշ չափով թարմացնելու համար միտքերը ու քայլ պահելու մեր անցեալի պատմութեան հետ, Կիլիկիոյ թագաւորներուն մասին:
Կիլիկիոյ հարստութեանց ինքնակալներուն մասին — «Վեհապետ, միակ իշխող, միահեծան թագաւոր», 1080էն մինչեւ 1375 թուականներ — գտած ենք միայն հակիրճ ու սահմանափակ տեղեկութիւններ «Սիս Մատեան»ին մէջ:
Երբ Հայաստան արեան մէջ կը լողար, Բագրատունեաց ցեղէն Ռուբէն իշխան, զգալով եւ տրամաբանելով, թէ հայաստանի աշխարհագրական դիրքը աննպաստ է հայութեան ապագային համար, ամէն միջոցներով կը ջանայ իջնել դէպի ծով: Անցնելով Կապադովկիայէն՝ նախ գացած է Կոպիտար (Կէօսթէրէ) եւ ապա Կոլոմոզոլ (Կիւրիւմզէ), ուրկէ իջնելով գրաւած է 1080ին Վահկայ բերդը (Ֆեքէ):
Հոս 15 տարուան պարապութիւն մը կայ, 1080 մինչեւ 1095 թուականները, Ռուբէն իշխանի գործունէութեան մասին: Իր որդւոյն՝ Կոստանդինի (1095-1100) իշխանութեան միջոցին, առաջին խաչակրութիւնը անցած է արեւմուտքէն արեւելք եւ հայութեան կողմէ ստացած է կարեւոր օժանդակութիւն՝ բարոյապէս եւ նիւթապէս: Անոր օրով է, որ Արեւմուտքը ճանչցած է հայութիւնը, եւ Կոստանդին այս ձեւով ընդարձակած է իր հօր ժառանգութիւնը:
Թորոս Ա. (1100-1123) եղած է դիւցազնաբարոյ իշխան մը, որ յոյներուն դիմաց տանելով բազմաթիւ յաղթանակներ՝ գրաւած է Սիս, Անաբարզա, Ատանա եւ Տարսոն քաղաքները, իջնելով մինչեւ Միջերկրական ծով: Իր անունով երկիրը՝ Կիլիկեան կը կոչուի Թորոսի Երկիր:
Լեւոն Ա. (1123-1136), հակառակ իր վեհանձն դիրքին, կը պարտուի Արեւելքի կայսրէն, գերի կը տարուի Պոլիս ու պատճառ կը դառնայ իշխանութեան տկարացման՝ կարճ ժամանակաշրջան մը: Հոս եւս 9 տարուան անբացատրելի պարապութիւն մը գոյութիւն ունի (1136-1145):
Թորոս Բ. (1145-1168) եղած է խիզախ եւ քաջարի իշխան մը, որ բոլոր յոյներն ու թշնամիները կը վանէ Կիլիկիայէն, փառաւոր յաղթանակներէ ետք. ան եղած է անպարտելի զօրավար մը:
Մլեհ (1170-1175) կը յափշտակէ իշխանութիւնը, կը միանայ իսլամ սուլթաններուն եւ կը հարուածէ յոյներն ու եւրոպացի իշխանները:
Ռուբէն Բ. (1175-1185) իր տասը տարուան իշխանութեան շրջանին խաղաղութեամբ կը վարէ երկիրը:
Մեծն Լեւոն Բ. (1185-1219) եղած է առաջին թագաւորը, Սիսի հիմնադիրը, ճարպիկ դիւանագէտ մը եւ քաջ զօրավար:
Զապէլ թագուհի եւ Փիլիպոս թագաւոր (1222- 1225). եղած է անմիտ թագաւոր մը՝ լատին ցեղէ. մահացած է բանտին մէջ:
Հեթում Ա. (1226-1270) իր 44 տարուան թագաւորութեան ընթացքին կը շօշափէ բախտի բոլոր աստիճանները: Իր թագուհին՝ Զապէլը, նմանապէս բարութեան ու միութեան ախոյեան հանդիսացած է: Կիլիկեան հայ իշխաններուն մէջ, Հեթումը ամէնէն աւելի զբաղած է վերին Հայաստանի իր արիւնակիցներուն վիճակով: Կը քաջալերէ գաղթը դէպի Սիսուան: Ան ժամանակակիցն ու բարեկամը եղած է Ֆրանսայի թագաւոր Լուդովիկոս Թ.ի: Եղած է նաեւ մեծ դիւանագէտ ու կազմակերպող: Հեթումի ամենամեծ խելացութիւնը եղած է թաթարներու հետ տեւական խաղաղութիւն մը կնքելը, ինչ որ հայկական պետութեան պատկառանքը աւելցուցած է: Հեթում թագաւոր թաղուած է Դրազարկ:
Լեւոն Գ. (1270-1289) եղած է իմաստուն, ուսեալ եւ քաջ թագաւոր մը, որ մղած է յաղթական կռիւներ Եգիպտոսի սուլթանին դէմ: 1281ին, Հոմսի (Սուրիա) ճակատամարտին, հայկական բանակին կողքին եղած են նաեւ ֆրանսական եւ վրացական զօրքեր: Հայկական հին մատենագրութեան ձեռագիրներէն շատերուն պահպանումը կը պարտինք այս լուսաւորեալ թագաւորի խնամքին: Ան եւրոպական շատ երկիրներու հետ կնքած է առեւտրական դաշինքներ ու մեծապէս զարգացուցած Այաս նաւահանգիստի վաճառականութիւնը:
Հեթում Բ. (1289-1294) զուրկ եղած է կորովէ եւ դիւանագիտական ձիրքերէ. ան Ֆրանսիսքեն կրօնաւոր մըն էր եւ ունէր որոշ գրական ճաշակ:
Թորոս, Սմբատ, Կոստանդին եւ Լեւոն՝ 1294-1308 թուականներուն. Լեւոն կը փորձէ կազմել դաշնակցութիւն մը Անգլիոյ Եդուարդ Բ. թագաւորին հետ՝ ընդդէմ արեւելքի մահմետական պետութիւններուն:
Օշին (1308-1320) եղած է քաջ, շինարար եւ գործունեայ իշխան մը:
1320էն 1342՝ դարձեալ պարապութիւն մը:
Գուիտօն (Կըտը Լուսինեան, 1342-1344) եւս ի զուր ջանացած է կնքել դաշնագիրներ Արեւմուտքի հետ:
Կոստանդին Գ. եւ Կոստանդին Դ. (1344-1373). ականատես եւ անկարող վկաները եղած են հայկական Կիլիկիոյ թագաւորութեան հիւծումին:
Լեւոն Զ. Լուսինեան եղած է արի, հանճարեղ բայց կրօնամոլ թագաւոր մը, որ զոհը դարձած է աննպաստ պայմաններու ներքեւ ստեղծուած դաժան ճակատագիրին: Մեծն Լեւոնի երկիրը 20.000 մղոն (52.000 քառ. քլմ.) տարածութիւն ունեցած է եւ հաւանաբար 4-5 միլիոն ժողովուրդ կը պարփակէր: Անոր սահմանը եղած է արեւմուտքէն՝ Քոնիա, արեւելքէն՝ Եփրատ գետ, հարաւէն՝ Միջերկրական ծով, իսկ հիւսիսէն՝ Տաւրոսի միւս կողմը: Մեծ ռազմիկ, մեծ դիւանագէտ եւ մեծ կազմակերպող մը եղած է Լեւոն մեծագործ՝ օժտուած ամենաբարձր ձիրքերով։ Հայոց պատմութեան մէջ ան կը ձգէ ամենապանծալի անունը: Կը կարծուի նոյնիսկ, թէ մեր ազգային պատմութեան ամենափայլուն լուսապսակին արժանի է ան, նոյնիսկ՝ Մեծն Տիգրանէն աւելի, որովհետեւ վերջինս, հակառակ իր ունեցած հսկայ միջոցներուն, վերջ ի վերջոյ պարտուեցաւ, մինչդեռ Լեւոն Զ. երբե՛ք չճաշակեց պարտութեան դառն պտուղը:
Իր 33 տարիներու իշխանութեան ընթացքին (12 տարի իշխան, 21 տարի թագաւոր) ան կազմեց անքակտելի յաջողութիւններու ոսկի շղթայ մը: Լեւոն Զ. եւրոպական գրեթէ բոլոր արքունիքներուն հետ յիսունէ աւելի խնամիական կապեր հաստատած էր, այնպէս որ Երուսաղէմի լատին թագուհիներուն գրեթէ բոլորը հայազգի էին, իսկ միւս կողմէ՝ շատ հայ թագաւորներ ամուսնացած էին եւրոպացի իշխանուհիներու հետ:
Լեւոն Զ. իր կեանքի վերջաւորութեան, յուսահատելով կեանքի ալեկոծումներէն՝ կրօնաւորուելով կը քաշուի Կեղեստինեաց վանքը, Փարիզ: Ան կը մահանայ 1393ի Նոյեմբեր 29ին, Թունելի պալատին մէջ, Սենթ Անթուան փողոցը, որ Ֆրանսայի թագաւորներու սովորական բնակարանն էր: Լեւոն Զ. կը թաղուի վանքին մէջ, ուր կը մնայ մինչեւ Ֆրանսական յեղափոխութիւնը՝ 1789ին, երբ իր աճիւնները հովին կը նետուին, ուրիշ շատ մը վեհապետներու աճիւններուն հետ: Իր շիրիմը նախ կը փոխադրուի «Փըթի Օկիւսթէն»ներու ֆրանսական յիշատակարաններու թանգարանը, իսկ վերահաստատութեան ժամանակ կը դրուի Սեն Տընիի արքայական գերեզմաններու նկուղին մէջ, ուր կը գտնուի մինչեւ այսօր: Տապանաքարին վրայ կը տեսնուի Լեւոն Զ.՝ պառկած, գլուխը արքայական թագ, ձեռքը թագաւորական մական, իսկ ոտքերուն տակ՝ առիւծ: Տապանաքարին վրայ գրուած է լատիներէնով՝ «Աստ հանգչի գերազնիւ եւ սքանչելի իշխան Լեւոն Լուսինեան վեցերորդ՝ Լատին թագաւոր Հայաստանի թագաւորութեան, որ հոգին աւանդեց առ Աստուած 1393 շնորհած տարուան Նոյեմբեր 29ին. աղօթեցէք իրեն համար»:


Օգտագործուած աղբիւրը Մ. Քէլէշեանի «Սիս Մատեան»ն է։ Քէլէշեան իր կարգին օգտագործած է զանազան աղբիւրներ: Կատարած ենք լեզուական որոշ փոփոխութիւններ, սակայն՝ առանց իմաստի փոփոխութեան: