Ապ­րի­լի 1ի այս օ­րը, 110րդ­ ան­գա­մը ըլ­լա­լով՝ կը բա­նայ հայ ժո­ղո­վուր­դի պատ­մու­թեան յու­շա­տետ­րին ա­մէ­նէն սեւ ու ար­նա­ներկ է­ջե­րէն մէ­կը։
­Ճիշդ հա­րիւ­րեւ­տա­սը տա­րի ա­ռաջ, Ապ­րի­լի ա­ռա­ջին օ­րը մո­լեգ­նե­ցաւ թրքա­կան պե­տու­թեան ար­նա­խում բար­բա­րո­սու­թիւ­նը։ Չք­նաղ Ա­տա­նա քա­ղաքն ու ­Կի­լի­կիոյ հա­յաբ­նակ քա­ղաք­ներն ու գիւ­ղե­րը ե­րե­սուն հա­զար ան­մեղ հա­յե­րու ա­րեամբ ներ­կո­ւե­ցան, հա­յե­րու տու­նե­րը, խա­նութ­նե­րը եւ ինչ­քե­րը քա­րու­քանդ ե­ղան ու հրոյ ճա­րակ դար­ձան։
­Հայ­կա­կան շքեղ ­Կի­լի­կիան վե­րա­ծո­ւե­ցաւ մեծ մոխ­րա­կոյ­տի մը՝ ­Դա­նիէլ ­Վա­րու­ժա­նի բա­ռե­րով։
Եւ ­Կի­լի­կիոյ հա­յու­թեան կո­տո­րա­ծը նա­խա­տի­պը հան­դի­սա­ցաւ հայ ժո­ղո­վուր­դին դէմ թրքա­կան պե­տու­թեան կող­մէ վեց տա­րի ետք գոր­ծադ­րու­թեան դրո­ւած 1915ի ցե­ղաս­պա­նա­կան ­Մեծ Ե­ղեռ­նին։
­Սա­կայն Ա­տա­նա­յի կո­տո­րա­ծը ե­ղաւ ամ­բո­խա­յին մո­լեգ­նու­թեամբ յատ­կանշո­ւող նա­խա­տիպ մը, ո­րուն դա­սե­րը ի չարս օգ­տա­գոր­ծե­ցին թրքա­կան իշ­խա­նու­թիւն­նե­րը՝ ա­ռա­ւե­լա­գոյնս կա­տա­րե­լա­գոր­ծե­լու հա­մար հայ ժո­ղո­վուր­դի ցե­ղաս­պա­նու­թեան ի­րենց հրէ­շա­յին ծրա­գի­րը եւ զայն պե­տա­կա­նօ­րէն գոր­ծադ­րե­լու մի­ջոց­ներն ու ե­ղա­նակ­նե­րը։
­Հա­յեւ­թուրք յա­րա­բե­րու­թեանց ա­ռու­մով 1909ին ո­րե­ւէ ուղ­ղա­կի շար­ժա­ռիթ կամ մի­ջա­դէպ չկար, որ­պէս­զի հա­յու­թեան դէմ այդ­պէս յան­կար­ծա­կի բոր­բո­քէր թրքա­կան ե­ղեռ­նա­գոր­ծու­թիւ­նը։ Ընդ­հա­կա­ռակն՝ 1908ի 3 ­Յու­լի­սին Ե­րի­տա­սարդ ­Թուր­քե­րու պա­րագ­լուխ­նե­րուն ղե­կա­վա­րու­թեամբ բա­նա­կի ըմ­բոս­տա­ցու­մով եւ ա­նա­րիւն յե­ղա­փո­խու­թեամբ, կա­րե­լի ե­ղած էր պար­տադ­րել սուլ­թան Ապ­տիւլ ­Հա­մի­տին, որ­պէս­զի վե­րա­հաս­տա­տէ 1876ին իր իսկ կող­մէ առ­կա­խո­ւած ­Սահ­մա­նադ­րու­թիւ­նը եւ վերս­տին կեան­քի կո­չէ օս­մա­նեան խորհր­դա­րա­նը։
Ա­զա­տու­թեան, ար­դա­րու­թեան եւ եղ­բայ­րու­թեան կար­գա­խօս­նե­րով ու խոս­տում­նե­րով խան­դա­վա­ռո­ւե­լու ընդ­հա­նուր գի­նո­վու­թեան օ­րեր էին։ Ա­ռա­ջին ան­գամ ըլ­լա­լով թուրքն ու հա­յը, ա­րաբն ու յոյ­նը, հրեան եւ պուլ­կա­րա­ցին ի վի­ճա­կի էին ի­րա­րու կող­քին կանգ­նե­լու՝ միաս­նա­բար լծո­ւե­լու հա­մար «Օս­մա­նեան Ընդ­հա­նուր ­Տան» բա­րե­կար­գու­մին եւ յա­ռաջ­դի­մու­թեան։
­Յոյ­սե­րու եւ խան­դա­վա­ռու­թեան այդ ա­լի­քը խա­բու­սիկ էր սա­կայն։ Ոչ միայն այն պատ­ճա­ռով, որ բռնա­տէր սուլ­թա­նը տա­կա­ւին բազ­մած կը մնար գա­հին վրայ եւ իր ձեռ­քը ու­նէր դա­րա­ւոր բռնիշ­խա­նու­թեան ա­հա­ւոր վար­չա­մե­քե­նան՝ իր լրտես­նե­րով ու սադ­րիչ­նե­րով։ Այլ նաեւ ու ո­րո­շա­պէս այն պատ­ճա­ռով, որ նոյ­նինքն իթ­թի­հա­տա­կան պա­րագ­լուխ­նե­րու ու­ղե­ղին մէջ կը խմո­րո­ւէին Օս­մա­նեան ­Կայս­րու­թիւ­նը ա­մէն գնով, ի հար­կին՝ կո­տո­րած­նե­րու ճամ­բով, ԹՐՔԱՑՆԵԼՈՒ հի­ւան­դա­գին ծրա­գիր­ներ, ա­նոնց հա­մաթր­քա­կան ազ­գայ­նա­մո­լու­թեան յա­գուրդ տո­ւող «ցե­ղա­յին մաք­րա­գործ­ման» սադ­րանք­ներ։
­Պատ­մա­կան փաս­տե­րը, նոյ­նինքն թրքա­կան պե­տա­կան ար­խիւ­նե­րը կը հաս­տա­տեն, որ Ապ­տիւլ ­Հա­միտ ձեռ­նա­ծալ չմնաց եւ, մու­թին մէջ ան­դուլ դա­ւադ­րե­լով, սպա­սեց իթ­թի­հա­տա­կան ըմ­բոս­տաց­ման իր հա­կա­հա­րո­ւած պա­տաս­խա­նը տա­լու յար­մար պա­հուն։ 1909ի ­Մարտ 31ին ներ­կա­յա­ցաւ այդ յար­մար պա­հը եւ իթ­թի­հա­տա­կան­նե­րէն դժգոհ բա­նա­կա­յին զօ­րա­մա­սեր ապս­տամ­բե­ցան նոր իշ­խա­նու­թեանց դէմ եւ մայ­րա­քա­ղաք ­Պո­լի­սը ի­րենց հա­կակշ­ռին են­թար­կե­ցին։
­Միայն տա­սը օ­րո­ւան կեանք ու­նե­ցաւ այդ հա­կա­հա­րո­ւա­ծը եւ իթ­թի­հա­տա­կան­նե­րը կրցան, ա­ւե­լիով ամ­րապն­դո­ւած դիր­քե­րէ, վե­րա­հաս­տա­տել ի­րենց իշ­խա­նու­թիւ­նը՝ գա­հազր­կե­լով ու աք­սո­րե­լով ­Հա­մի­տը եւ ա­նոր կրտսեր եղ­բայ­րը բազ­մեց­նե­լով սուլ­թա­նի գա­հին։
­Բայց Ապ­րիլ 1909ի սկզբնա­ւո­րութեան խռո­վա­յոյզ այդ օ­րե­րուն ­Պոլ­սոյ մէջ հա­յու ա­րիւն չհո­սե­ցաւ, ոչ ալ հա­յե­րու տու­ներն ու ինչ­քե­րը թի­րախ դար­ձան թրքա­կան մո­լեգ­նու­թեան։
­Մինչ­դեռ ­Մարտ 31ի հա­կա­հա­րո­ւա­ծին յա­ջորդ օրն իսկ, Օս­մա­նեան ­Կայս­րու­թեան չոր­րորդ մեծ նա­հան­գը հան­դի­սա­ցող Ա­տա­նա­յի ­Վի­լա­յէ­թին (նա­հան­գին) մէջ, իշ­խա­նու­թեանց կող­մէ զի­նո­ւած թուրք բազ­մա­հա­զա­րա­նոց խու­ժա­նը, ղե­կա­վար ու­նե­նա­լով թրքա­կան բան­տե­րէն յա­տուկ ա­ռա­քե­լու­թեամբ ա­զատ ար­ձա­կո­ւած ա­ւե­լի քան 500 ոճ­րա­գործ­ներ, սկսե­լով Ա­տա­նա քա­ղա­քէն եւ ան­մի­ջա­պէս տա­րա­ծուե­լով դէ­պի ­Տէօրթ Եոլ, ­Հա­ճըն, ­Սիս, ­Զէյ­թուն եւ ­Կի­լի­կիոյ հայ­կա­կան միւս ա­ւան­նե­րը, չորս օր ա­նընդ­մէջ ջար­դեց ու կո­տո­րեց, հրկի­զեց եւ փո­շիա­ցուց հայ­կա­կան ա­մէն շունչ, ի­րե­ղէն կամ հարս­տու­թիւն, որ ձեռ­քը ին­կաւ…
Թր­քա­կան մո­լեգ­նու­թիւ­նը չխնա­յեց մին­չեւ իսկ եւ­րո­պա­ցի եւ ա­մե­րի­կա­ցի մի­սիո­նար­նե­րուն եւ կրթա­կան մշակ­նե­րուն, ո­րոնք հա­յե­րու հետ առն­չու­թիւն ու­նէին։
Իսկ Ապ­րիլ 12ին, իբր թէ խռո­վու­թեանց վերջ տա­լու նպա­տա­կով, իթ­թի­հա­տա­կան կա­ռա­վա­րու­թիւ­նը կա­նո­նա­ւոր զօր­քեր ու­ղար­կեց Ա­տա­նա­յի եւ ­Հա­լէ­պի ­Վի­լա­յէթ­նե­րը, ուր գոր­ծո­ւած էին հա­յե­րու դէմ ջար­դերն ու քան­դում­նե­րը։ ­Կա­նո­նա­ւոր զօր­քե­րու ե­րե­ւու­մը ոչ միայն չօգ­նեց ջար­դա­րա­րու­թեան դադ­րե­ցու­մին, այ­լեւ նո­րո­վի թափ տուաւ թուրք խու­ժա­նի մո­լեգ­նու­թեան, մա­նա­ւանդ որ բա­նա­կա­յին­նե­րը ի­րենք եւս միա­ցան ջար­դա­րար ամ­բո­խին։
Այս բո­լո­րը ա­կա­նա­տես­նե­րու վկա­յու­թեամբ հաս­տա­տագ­րո­ւած են ա­տե­նի թրքա­կան, ա­րա­բա­կան, եւ­րո­պա­կան թէ ա­մե­րի­կեան մա­մու­լի է­ջե­րուն, դի­ւա­նա­գի­տա­կան ար­խիւ­նե­րու մէջ պահ դրո­ւած զե­կու­ցագ­րե­րով։
Եւ ան­հիմն ու ան­հե­թեթ են ինչ­պէս օ­րին նոյ­նինքն իթ­թի­հա­տա­կան պա­րագ­լուխ­նե­րուն կող­մէ հնչած, այն­պէս ալ մեր օ­րե­րու թրքա­կան պաշ­տօ­նա­կան նեն­գա­փո­խու­թեան հնա­րած այն «չքմե­ղանք»նե­րը, թէ թրքա­կան կա­ռա­վա­րու­թիւ­նը «մեղք չու­նի» թուրք ամ­բո­խի գոր­ծած ջար­դին մէջ, թէ իբր Օս­մա­նեան ­Սահ­մա­նադ­րու­թեան հռչա­կու­մէն եւ «­Հիւր­րիէթ»էն դժգոհ թուրք ամ­բո­խի աչ­քին՝ հայ յե­ղա­փո­խա­կան­ներն են նկա­տո­ւած Օս­մա­նեան ­Կայս­րու­թեան «փլուզ­ման» պա­տաս­խա­նա­տու­նե­րը եւ թէ, մա­նա­ւանդ, իբր թուր­քե­րու ի­րա­ւազրկ­ման հաշ­ւոյն հա­յե­րու հարս­տա­ցու­մը ե­ղած է թրքա­կան զայ­րոյ­թին խոր­քա­յին՝ հա­սա­րա­կա­կա՛ն պատ­ճա­ռը։
­Պատ­մա­կան դառն ու դա­ժան ի­րո­ղու­թիւ­նը այն է, սա­կայն, որ քա­նի մը շաբ­թո­ւան ըն­թաց­քին ա­ւե­լի քան ե­րե­սուն հա­զար ան­մեղ հա­յեր զոհ գա­ցին թրքա­կան ար­նա­խում մո­լեգ­նու­թեան եւ սե­րունդ­նե­րու ծով քրտին­քով ձեռք բե­րո­ւած տուն ու հարս­տու­թիւն փճա­ցան։
Ապ­րիլ 1 է դար­ձեալ եւ ­Կի­լի­կիոյ Ա­ղէ­տին վեր­յի­շու­մը խո­րա­գոյն կսկի­ծով կը հա­մա­կէ սրտե­րը ողջ հա­յու­թեան։
­Կը վե­րա­նո­րո­գէ նաեւ հայ քա­ղա­քա­կան մտքին այն խոր հա­մո­զու­մը, ա­րեան դա­ժա­նա­գոյն հե­ղու­մով ձեռք բե­րո­ւած այն դառն ի­մաս­տու­թիւ­նը, որ այս­պէս կո­չո­ւած հա­յեւ­թուրք երկ­խօ­սու­թիւ­նը՝ ե­րէկ, այ­սօր թէ վա­ղը, բնաւ պէտք չէ մտա­հան ը­նէ պատ­մա­կան այն դառն ճշմար­տու­թիւ­նը, որ գործ ու­նինք ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան ժա­ռան­գորդ, բայց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան փաստն իսկ ու­րա­ցող ­Թուր­քիոյ պե­տու­թեան հետ, որ ե­թէ ան­հա­ւա­տա­լի օր մը մէկ ձեռ­քով ող­ջու­նէ ­Հա­յաս­տանն ու հա­յու­թիւ­նը, միւս ձեռ­քով վստա­հա­բար պի­տի փոր­ձէ կռնա­կէն դա­շու­նա­հա­րել հայ­կա­կան ի­րա­ւա­տի­րու­թիւնն ու պա­հան­ջա­տի­րու­թիւ­նը։
Ու­րաց­ման վար­քա­գիծ որ­դեգ­րած եւ ար­դար հա­տու­ցու­մէ ա­մէն գնով խու­սա­փող ոճ­րա­գոր­ծէ մը ու­րիշ բան կա­րե­լի չէ սպա­սել։
Վ­կայ Ողբն ու Եր­գը Ա­տա­նա­յի կո­տո­րած­նե­րուն.

«­Կո­տո­րածն ան­գութ, հա­յե­րը թող լան,
Ա­նա­պատ դար­ձաւ շքեղ Ա­տա­նան:
Կ­րա­կը, սու­րը ու ան­խիղճ թա­լան,
­Ռու­բէ­նեաց տու­նը, ա՜խ, ը­րաւ վրան:

Ալ մի՛ տար լոյսդ, պայ­ծառ ա­րե­գակ,
­Լու­սին, շուրջ կա­պէ դուն սու­գի մա­նեակ,
Ան­ցաւ մեր երկ­րէն հա­րա­ւի խոր­շակ,
­Չոր­ցուց, թոռ­մե­ցուց ծառ-ծա­ղիկ հա­մակ:

­Րո­պէ մը չան­ցաւ ու հա­յոց խեղ­ճեր,
Ին­կան սու­րին տակ խու­ժա­նին ա­հեղ:
­Ժա­մեր ու դպրոց բո­ցի մեջ կո­րան,
­Բիւ­րա­ւոր հա­յեր անխ­նայ մե­ռան:

­Պա­րապ է ա­ւա՜ղ, հա­րուստ Ա­տա­նան,
­Մո­խիր է դար­ձեր ամ­բողջ ­Կի­լի­կիան,
­Միայն ապ­րե­ցաւ ­Հա­ճը­նը սի­րուն,
Ին­չո՞ւ չի շար­ժիր ա­պա­ռաժ ­Զէյ­թուն:

Ե­րեք օր գի­շեր կրա­կը մէ­ջէն,
Թշ­նամ­ւոյն սու­րը, գնդա­կը դրսէն,
Ջն­ջե­ցին հա­յը երկ­րին ե­րե­սէն,
Ա­րիւն կը վա­զէ մեր ջինջ գե­տե­րէն:

Ալ բաւ է որ­քան վա­տե­րուն լու­ծը
Կ­րե­ցինք, թո­ղունք մեր լացն ու կո­ծը,
Օ­տա­րին տու­նը ալ չէ ա­պա­հով,
­Հայ հո­ղի վրայ մեռ­նինք մենք փառ­քով»:

­Կի­լի­կիոյ Ա­ղէ­տին 110ա­մեա­կը ի վեր­ջոյ կը պար­տա­ւո­րեց­նէ հայ քա­ղա­քա­կան մտքի բո­լոր թե­ւե­րը՝ չմոռ­նա­լու պատ­մու­թեան դառ­նա­գոյն դա­սե­րը, այ­լեւ բո­լորս կը դնէ թուրք պե­տա­կան ե­ղեռ­նա­գործ սպառ­նա­լի­քին դէմ միշտ ար­թուն գտնո­ւե­լու, օր­հա­սա­կան նոր հա­րո­ւած­նե­րու դի­մագ­րաւ­ման պատ­րաստ ըլ­լա­լու պար­տա­ւո­րու­թեան տակ։
Ա­տա­նա­յի կո­տո­րա­ծը ա­հա­զան­գող յու­շա­րար է մա­նա­ւանդ մեր ժո­ղո­վուր­դին ա­նող­նա­հար եւ ստրկա­միտ զա­ւակ­նե­րուն հա­մար, ո­րոնք այ­սօր ալ եւ ի լուր հա­մաթր­քա­կան այ­լա­մեր­ժու­թեան եւ, յատ­կա­պէս, հայ­րե­նի մեր բնօր­րան­նե­րը հա­յա­թափ­ման մատ­նե­լու ծան­րա­գոյն սպառ­նա­կան վտան­գին՝ կը շա­րու­նա­կեն քա­ղա­քա­ցիա­կան թէ քա­ղա­քա­կան սին երկ­խօ­սու­թեան, կեղծ հաշ­տու­թեան եւ ան­հե­ռան­կար ող­ջամ­տու­թեան քա­րոզ­ներ կար­դա­լու եւ ինք­նա­խա­բէա­կան լայ­նա­խո­հու­թեան կո­չեր ուղ­ղե­լու ի­րա­ւա­տէր հա­յու­թեան պա­հան­ջա­տէր զա­ւակ­նե­րուն։