Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի անդամ, Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի Հայ Դատի եւ քաղաքական հարցերու գրասենեակի պատասխանատու Կիրօ Մանոյեան ըսած է, որ առանց Հայաստանի համաձայնութեան՝ անկարելի է Եւրասիական Տնտեսական Միութեան (Ե.Տ.Մ.) Թուրքիոյ անդամակցութիւնը:
Ըստ անոր՝ Ե.Տ.Մ.ին Թուրքիոյ անդամակցութեան հեռանկարը իրատեսական չէ հետեւեալ հասարակ պատճառով.- Ե.Տ.Մ.ին միանալը կը նշանակէ յատուկ յարաբերութիւններ մաքսային ոլորտին մէջ: «Թուրքիան Եւրոպական Միութեան (Ե.Մ.) մաքսային միութեան անդամ է: Ես չեմ կարծեր, թէ Ե.Մ. կը համաձայնի, որ Թուրքիան միաժամանակ անդամ ըլլայ իր մաքսային միութեան եւ Ե.Տ.Մ.ի։ Իսկ եթէ Թուրքիան որոշէ դուրս ելլել Եւրոպական Միութեան մաքսային միութենէն, ատիկա արդէն այլ հարց է, որ պէտք է քննարկուի: Հասկնալի է, որ առանց Հայաստանի համաձայնութեան՝ Ե.Տ.Մ.ին Թուրքիոյ անդամակցութիւնը անկարելի է»,- ըսած է Մանոյեան: Պատասխանելով լրագրողին այն հարցումին, թէ արդեօք հաւանակա՞ն է, որ Թուրքիան Ռուսիոյ եւ Ե.Տ.Մ.ին նկատմամբ իր արտաքին քաղաքական ուղղութիւնը փոխէ, Կիրօ Մանոյեան ըսած է.- «Իր վարքագիծով՝ Թուրքիան կը փորձէ ոչ թէ փոխել ուղղութիւնը, այլ աւելի շատ ճնշում գործադրել Արեւմուտքի վրայ: Դիտարկենք, թէկուզ Չինաստանէն կամ հիմա արդէն նաեւ Ռուսիայէն, այդ նոյն սպառազինութիւններու գնումը.- ՆԱԹՕի մասնակից երկիրը Ռուսիայէն կը գնէ հակաօդային պաշտպանութեան համակարգեր: Ասիկա պարզապէս ճնշում է Արեւմուտքի վրայ, քանի որ այսպէս մէկ օրուան ընթացքին կարելի չէ արտաքին քաղաքականութեան ուղղութիւնը փոխել: Ատիկա մեծ խնդիրներու առնչուած է: Այսինքն` Թուրքիան չի փոխեր իր ուղղուածութիւնը: Իսկ Ռուսիան կը փորձէ օգտուիլ Թուրքիոյ տրամադրուածութենէն, որպէսզի սեպ խրէ Արեւմուտքին հետ անոր յարաբերութիւններուն մէջ: Այսուհանդերձ, որքան ալ տարակարծութիւններ ըլլան Թուրքիոյ եւ Եւրոպական Միութեան միջեւ, Թուրքիան ու ՆԱԹՕն եղած են ու պիտի ըլլան միասին»:
Կիրօ Մանոյեան
«Առանց Հայաստանի համաձայնութեան՝ Եւրասիական Տնտեսական Միութեան Թուրքիոյ անդամակցութիւնը կարելի չէ»