Յունաստանի վարչապետ Քիրիաքոս Միցոթաքիս հանդիպում պիտի ունենայ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանին հետ, որ պիտի իրագործուի Կիրակի, 13 Մարտին, Պոլսոյ մէջ։ Հանդիպումին առիթով, յոյն վարչապետը ճաշի հիւրը պիտի ըլլայ թուրք նախագահի տան մէջ։ Նշենք, որ Փարիզի գագաթնաժողովէն ետք, յոյն վարչապետը պիտի այցելէ Յունաց տիեզերական պատրիարքութիւնը, ներկայ գտնուելու համար յոյն եկեղեցւոյ Ուղղափառութեան Կիրակիի տօնախմբութեան։
Սոյն հանդիպումը յատուկ նշանակութիւն կը ստանայ, քանի որ տեղի կ՚ունենայ Ուքրանիոյ տագնապի ու ստեղծուած նոր իրականութիւններու շուքին տակ, ուր Թուրքիա կը փորձէ առաւելագոյն շահերը քաղել միջազգային տագնապէն։
Պէտք չէ անտեսել նաեւ, ինչպէս որ յունական քաղաքական եւ դիւանագիտական շրջանակները կը նշեն, թէ անկախ իրադարձութիւններու զարգացումէն, յոյն վարչապետը փափաք յայտնած էր հանդիպելու թուրք նախագահին հետ։