Միհրան Քիւրտօղլեան
Չորս-հինգ ամիսէ ի վեր ամբողջ աշխարհը տագնապի մատնող եւ մարդկութիւնը անխնայ հարուածող սարսափազդու պսակաձեւ ժահրը պատճառ է, որ հայոց ցեղասպանութեան յիշատակումի եւ համազգային պայքարի վերանորոգման՝ Ապրիլ 24ի համար միջոցառումներ չկատարուին այս տարի:
Միջոցառումներ ըլլան թէ ոչ, մենք՝ հայերս մեր մտքին մէջ ամրագրած ենք արդէն. «ԿԸ ՅԻՇԵՄ ՈՒ ԿԸ ՊԱՀԱՆՋԵՄ»…:
Պետականօրէն եւ ազգային միասնութեամբ բանաձեւուած այս պատգամը էապէս կ’արտայայտէ ազգին 105ամեայ հետապնդած ու տակաւին վճռաբար հետապնդելիք նպատակը, որուն համար ալ արդէն ան վերածուած է հայ զանգուածները համախմբող մագնիսի , ինչ որ տեսանք ու ապրեցանք հինգ տարի առաջ՝ ցեղասպանութեան 100-ամեակին:
Անշուշտ, մեր նահատակները ոգեկոչելու, ցեղասպանութիւնը յիշելու եւ հատուցում պահանջելու համար մենք չենք սպասեր մէկ օրուան՝ Ապրիլ 24ին: Հայ մարդը մնայուն կը յիշէ, իսկ հայութեան քաղաքական կորիզը՝ Հայ դատի յանձնախումբ անունի տակ կամ այլ կոչումներով, աշխատանքի մէջ հետեւողական եւ հետապնդումի մէջ աննահանջ՝ միշտ կը պահանջէ: Կը պահանջէ ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչումը եւ հատուցում: Տարիներու երկայնքին, օրինակի համար, քաղաքական, լրագրական ու ակադեմական շրջանակներու , ինպէս նաեւ տարբեր խորհրդարաններու մէջ մեր արձանագրած յաջողութիւնները յամառ հետապնդումներու եւ ի գործ դրուած հետեւողական ճիգերու պերճախօս ապացոյցներն են, որոնցմէ նորագոյն յաղթանակը՝ Ամերիկայի միացեալ նահանգներու ծերակոյտին ճանաչումի ու դատապարտումի միաձայն քուէարկութիւնը եղաւ, նաեւ՝ Սուրիոյ: Սփիւռքի մէկ դարեայ այս պահանջքին՝ ահա քսան տարիներէ ի վեր կը ձայնակցի նաեւ վերանկախացած Հ.Հ.ի կառավարութիւնը:
Յիշե’լը եւ միջազգային հանրութեան մեր պահանջքը մշտատե՛ւ յիշեցնելը ոչ միայն ազգային արժանաւորութեան խնդիրներ են, այլեւ մեր դատը այժմէական ու կենսունակ պահելու եզակի միջոցներ են, նաեւ՝ անհրաժեշտութիւն են:
Յիշել կը նշանակէ մտքերու մէջ վերակենդանացնել մեր նահատակները, որոնք անմեղ զոհերը եղան Թորքիոյ գործադրած ցեղասպանութեան: Կը նշանակէ վերաթարմացնել նորահաս սերունդներու կոչումը, թէ իրե՛նք են տէրը սրբադասուած մեր նահատակներու կտակին: Կը նշանակէ յիշեցնել անոնց, թէ իրե՛նք են ժառանգորդը այն բոլորին, — հայրենական հող, ստացուածք, հազարամեակներու քաղաքակրթական ու մշակութային հարստութիւն, — որոնք մե՛րն են, մեզի կը պատկանին , բայց որ խլուած են մեզմէ:
Ահա թէ ինչու կը յիշենք ու կը պահանջենք:
Ահա նաեւ թէ ինչու Թուրքիոյ քաղաքական ու մտաւորական վերնախաւը, ժամանակի մոռացումին ապաւինած, ամէն դաւի ու խարդաւանանքի դիմեց, ամէն միջոց ի գործ դրաւ, որ իր գործադրած ցեղասպանութիւնը ջնջուի թէ’ իր սեփական ժողովուրդի եւ թէ’ միջազգային հանրութեան յիշողութեան մէջէն:
Քանի մը տարի առաջ, համաշխարհային սփռումի ցանցով հռչակեալ հեռատեսիլի CNN կայանի հրաւիրեալն էր Թուրքիոյ օրուան վարչապետ, ներկայի նախագահ՝ Էրտողան, որուն հարց կը տրուէր հայոց ցեղասպանութեան մասին: Վարչապետի խուսափողական պատասխաններուն դիմաց , լրագրողը կը կրկնէր հարցումը՝ իր խօսակիցը նեղի մատնելու եւ յստակ պատասխան մը կորզելու դիտաւորութեամբ: Էրտողանի՝ պետական մարդու պատասխանին խտացումը կարելի է համարել հետեւեալը.
« Ես հարց չունիմ, որ քննարկուի ցեղասպանութեան մասին հայերու պնդումը եւ ատոր համար ալ արդէն պաշտօնապէս առաջարկած եմ ու կ‘առաջարկեմ հարցը դնել պատմաբաններու սեղանին եւ սպասել անոնց եզրակացութեան: Աւելցնեմ, — կ‘ըսէր Էրտողան, — որ իմ ժողովուրդիս, թուրք ժողովուրդի յիշողութեան մէջ «հայոց ցեղասպանութիւն» գոյութիւն չունի: Որեւէ վարչապետ կամ կառավարութիւն ինչպէ՞ս կրնայ համարձակիլ իր ժողովուրդի յիշողութեանը պարտադրել, որ ցեղասպանութեան հեղինակ եղած է ինք…»:
Ահաւասիկ. յիշողութիւնը պատուար դարձնելու եւ «Համոզիչ» երեւալու թրքական նորագոյն խարդաւանանքը, որու դէմ պայքարի գլխաւոր դրօշակիրը եղած էր ցեղասպանութեան վերջին նահատակներէն՝ հանգուցեալ Հրանդ Տինք: Ան կեանքի նպատակ դարձուցած էր, որ թուրք հանրութեան յիշողութեան մէջ տեղ բանայ ու հոն զետեղէ անվիճելի իրողութիւնը հայոց ցեղասպանութեան եւ հայրենահանութեան: Երախտաշատ գործ, որու շնորհիւ թուրք մտաւորականներէ եւ հանրութենէ շերտ մը, ինչպէս Նոպելի մրցանակակիր Օրհան Փամուկ, դասախօս Թաներ Աքշամ, ցեղասպան Ճեմալի լրագրող թոռը՝Հասան Ճեմալ, իրաւապաշտպան ու հրատարակիչ՝ Ռաքըփ Զարաքոլու, քաղաքական մեկնաբան՝ Ալի Պայրամօղլու, տիկիններ՝ գրագիտուհի Էլիֆ Շաֆաք, քաղաքական գործիչ՝ Չեթին եւ շատ ուրիշներ, որոնք հալածանքի ենթարկուելու գնով կը բարձրաձայնեն հայոց բռնի իսլամացում-թրքացումը, ցեղասպանութեան իրողութինը եւ անոնց ճանաչումը կը պահանջեն քաղաքական իրենց ղեկավարութենէն:
Անշուշտ, միամիտ պիտի չըլլանք կարծելու, որ թրքական այդ «շերտը» անպայման գերագոյն արդարութեան մղումը ունի եւ պիտի զօրակցի՝ նաե’ւ հայ դատի ամբողջական լուծման՝ հայրենական հողերու ազատագրութեան մեր պայքարին: Անկասկած, որ արդարասիրութեան բաժին մը կայ անոնց վարքագծին մէջ, բայց կը կարծենք, թէ այդ մտաւորակններուն մօտ կը գերակշռէ այն հաշուարկը , թէ թուրք կառավարութեան կողմէ հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումը աւելի շահաւէտ է Թուրքիոյ համար, քան ժխտումը, պատմութեան խեղաթիւրումը: Այդքա՛ն միայն: Ատկէ անդին, ենթադրելի է, որ որեւէ թուրքի համար կը սկսի կարմիր գիծը: Անոնց հաշուարկը կը բխի իրենց երկրի շահերէն եւ մեր անյուսահատ ու սաստկացող հակաթուրք պայքարէն:
Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչումի ու դատապարտումի մեր պահանջքին բարձրաձայնումը նաե’ւ թուրք մտաւորական շերտի մը կողմէ, անպայման որ առաւել շեշտ մը կու տայ անոր արձագանգումին՝ միջազգային հանրութեան, ինչպէս նաեւ թուրք հասարակութեան յիշողութեան մէջ:
Ինչ կը վերաբերի հայրենական հողերու ազատագրութեան, շատ հաւանական է, որ մեր այդ պայքարին մէջվաղը յուախաբ ըլլանք նաեւ այն պետութիւններէն, որոնց խորհրդարանները ճանչցած են ցեղասպանութիւնը: Սակայն այս հաւանականութիւնը չի նշանակեր, որ առ ոչինչ համարելով այդ ճանաչումները, պիտի հրաժարինք ատոնցմէ:
Հայրենական հողերու ազատագրութիւնը մե’ր խնդիրն է, մե՛ր անժամանցելի դատը, մե՛ր իրաւունքը: Եւ իրաւունքի տիրացման ուրիշ ճամբայ չկայ, բացի պայքարէն: Ազգովի’ն, ոգեկանութեա՛մբ, միասնակա’ն ու ամուր շարքերով:
Սկիզբէն-վերջ անկասելի պայքար է արդէն կեանքը, իսկ պայքարն ալ կեանք է՝ թէ՛ սոսկական անհատին, թէ՛ ազգերուն համար:
Պատմութենէն անհետ կորսուած ու մոռացութեան տրուած են այն ազգերը, որոնք չեն հետեւած պայքարի տրամաբանութեան:
Մենք դարերու աւերածութիւններէն, նոյնիսկ ցեղասպանութենէն ետք կարողացած ենք յարութիւն առնել եւ պատմական մեր երթը շարունակել՝ պայքարով:
Երեսուն տարի առաջ ալ Արցախի դատը արծարծեցինք ու մեր իրաւունքը պահանջեցինք: Այդ պահմանջքը շա՜տ արժեց մեզի, բայց՝ տիրացանք իրաւունքին՝ պայքարով:
Իրաւունքը չի մեռնիր, եթէ իրաւատէրը չմոռնայ իր իրաւունքը , պահանջէ եւ պայքարի:
Ուստի՝ «ԿԸ ՅԻՇԵՄ ՈՒ ԿԸ ՊԱՀԱՆՋԵՄ»՝ ՊԱՅՔԱՐԵԼՈՎ…: