Յոյն գրասէր հասարակութեան մօտ ներկայացուեցաւ Հինգշաբթի 19 Ապրիլ 2018ի երեկոյեան ժամը 6ին, Հայոց Ցեղասպանութեան պատմական փաստին անդրադարձող Եորղոս Փոլիրաքիսի նոր գիրքը։
«Կը խոստանամ չմոռնալ» գիրքի հեղինակ Եորղոս Փոլիրաքիս ծանօթ անուն մըն է յոյն գրասէր շրջանակներուն մօտ, իր քսանէ աւելի գիրքերով ու մեծաքանակ հրատարակութիւններով։ Աւելի քան երկու տարուայ հետազօտական աշխատանքի արդիւնք հանդիսացած իր գիրքը՝ նուիրուած է հայ ազգին եւ Ցեղասպանութեանէն ետք վերապրելու իր անկոտրում կամքին։
Աթէնքի «Իանոս» գրավաճառատան մէջ տեղի ունեցած ներկայացումը կազմակերպուած էր Յունաստանի Համազգայինի Շրջանային Վարչութեան, «Փսիխոեոս» հրատարակչատան եւ «Իանոս» գրավաճառատան համագործակցութեամբ։ «Υπόσχομαι να μην ξεχάσω» պատմավէպը լոյս տեսած է 472 էջով եւ 10.000 տպաքանակով։
Կազմակերպիչներու հրաւէրին ընդառաջացած էր հայ եւ յոյն գրասէր ժողովուրդ, որ հետաքրքրութեամբ հետեւեցաւ գիրքի ու հեղինակի մասին հնչած զեկուցումներուն։
Յունաստանի Համազգայինի Շրջանային Վարչութեան կողմէ խօսք առաւ ընկ. Մարի Միքայէլեան, որ խօսեցաւ հայ ժողովուրդի պատմութեան մասին, շեշտելով թէ հայութիւնը Սփիւռքի մէջ ապաստանելով հանդերձ՝ կարողացաւ դիմադրել պատմութեան արհաւիրքին, եւ պահպանելով իր մշակոյթը, լեզուն ու գրականութիւնը յաջողեցաւ պահել հայու ինքնութիւնն ու դիմագիծը։ Ազգային ինքնութեան պահպանման, յիշողութեան ու վերապրելու ուժին վրայ խարսխուած պատմավէպ մըն է նոր լոյս տեսած գիրքը, որ երկու երիտասարդ հայորդիներու՝ Գէորգի ու Նուարդի անմեղ կեանքին ու սիրոյ պատմութեան ընդմէջէն, կ’անդրադառնայ Հայոց Ցեղասպանութեան արհաւիրքի օրերուն։ Նուարդը կ’ապաստանի Թեսաղոնիկէի մէջ, իսկ Գէորգը՝ Տէր Զօրի անապատներէն ճողոպրելով, Փիրէայի նաւահանգիստը կը հասնի…
Ընկ. Մարի Միքայէլեան իր խօսքին մէջ, ամփոփ գիծերով ներկայացուց գիրքին հեղինակը, ինչպէս նաեւ լրագրող Գրիգոր Չաքիճեանը, որ ազնուօրէն ընդառաջացած էր կազմակերպիչներու հրաւէրին։
Փորձառու եւ վաւերական լրագրողի հմտութեամբ՝ Գրիգոր Չաքիճեանը խօսեցաւ հեղինակին կողմէ պատկերուած ընտանեկան պատմութիւններուն մասին, որ հիմքը կազմեցին այս գիրքին։ Ան նշեց, որ գիրքը հիացումով կարդաց, տեսնելով թէ Կրետացի այս գրագէտը ընտրած է կեդրոնանալ Հայոց Ցեղասպանութեան 1915ի առաջին ծանրագոյն հանգրուանին վրայ։ «Զարմանքով շարունակեցի ընթերցումս, տեսնելու համար թէ ինչպէ՞ս յաջողած է գրագէտը պատմութիւնը պատմել, առանց որեւէ անձնական կապ կամ ընտանեկան մօտիկութիւն ունեցած ըլլալու նման դէպքերու մէջ» ըսաւ ան, հաստատելով թէ գիրքին մէջ ճշմարտութեամբ եւ ամենայն վաւերականութեամբ նշուած են պատմական պահերը։ Ան հաստատեց թէ գիրքը միաժամանակ երկու ազգերու՝ հայ եւ յոյն ժողովուրդներու ճաշակած դաժան էջերու վաւերագրութիւն մըն է, որ ճարտարօրէն կը ներկայացուի։ Շեշտեց, թէ գիրքին մէջ կարեւորութեամբ կը շեշտուի մարդու անհատականութեան ու արժանապատուութեան զգացումը, որ անձնական ազատութեան առաջնորդող կարեւոր ազդակն է։ Ան դիտել տուաւ, թէ գիրքի հրատարակութիւնը յաւելեալ պիտի նպաստէ, որպէսզի իւրաքանչիւր յոյն եւ օտար ընտանիքի մօտ ծանօթ դառնայ Հայոց Ցեղասպանութիւնը, ճանչցուի ու դատապարտուի բոլորին կողմէ, մինչեւ մեր ազգի արդար հատուցումը։
Յաջորդաբար, կարճ խօսքով, հանդէս եկաւ գրագէտի դուստրը՝ բանասէր Էվակելիա Փոլիրաքի, որ իր հօր ապրած փորձառութեան մօտէն հետեւած ըլլալով, իր անձնական վկայութիւնը եւ գնահատանքը տուաւ գիրքի մասին։ Աւարտին, շնորհակալութեան խօսքով հանդէս եկաւ Եորղոս Փոլիրաքիս, նշելով, թէ նման նիւթով գիրքի հրատարակութիւնը չէր պատկերացուցած երբեք, սակայն Աթէնքի եւ Թեսաղոնիկէի մէջ իր հայ ընկերներու յորդորներուն հետեւելով, որոշեց ձեռնարկել գիրքի հրատարակութեան։ Իր ընկերներէն լսած հայութեան տառապանքներուն, մեծ հայրերու եւ մեծ մայրերու իրական պատմութիւններուն ծանօթանալէ ետք, ան երկու տարուայ հետազօտական աշխատանք կատարեց, վիտէօ ժապաւէններ դիտելով, այլ գիրքեր կարդալով, թերթերու արխիւներուն մէջ պրպտելով, ապա նաեւ բաւական երկար ժամանակ խորհրդածելով պատմութեան վրայ, իսկ վերջապէս՝ վեց ամսուայ ժամանակաշրջանի մէջ ամբողջացուց գիրքը։
Զգացական եւ յուզիչ արտայայտութիւններով իր խօսքը աւարտեց Եորղոս Փոլիրաքիս, որ խոստովանեցաւ թէ ծանր հոգեվիճակ ապրեցաւ, որքան աւելի կը յառաջանային իր գրի առած վայրագ նկարագրութիւնները, որ զինք դէմ յանդիման կը բերէին մարդանման գազաններու կատարած ոճիրներուն։
Աւարտին հեղինակը մակագրեց գիրքէն օրինակներ, ներկաներէն իւրաքանչիւրին համար յատուկ մաղթանք մը գրելով։
Նշենք, որ երէկ, Հինգշաբթի 26 Ապրիլին, Թեսաղոնիկէի «Իանոս» գրավաճառատան մէջ, տեղի ունեցաւ գիրքի ներկայացումը, Թեսաղոնիկէի գրասէր ժողովուրդին համար։
ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆԻ ԹՂԹԱԿԻՑ