Մօտէն հետեւելով Լիբանանահայութեան ապրած ահաւոր ճգնաժամին եւ գիտակցելով Լիբանանի մէջ տիրող ճնշուած իրավիճակին, Հ.Յ.Դ. Յունաստանի Կեդրոնական Կոմիտէն եւ գաղութի Ազգային ու Միութենական կառոյցները՝ օգնութեան եւ համերաշխութեան խորհրդանշական քայլի մը դիմեցին, ներքին հանգանակութիւն մը կատարելով, ուրկէ գոյացաւ 10.000 եւրոյի գումարը, որը պիտի յանձնուի Լիբանանի «Քորոնա»ի Ճգնաժամային Շտապին։
Հանգանակութեան մասնակցութիւն բերին՝ Յունահայոց Ազգային Վարչութիւնը իր Թաղային Խորհուրդներով, Հ.Յ.Դ. Յունաստանի Կեդրոնական Կոմիտէն, Հայ Կապոյտ Խաչի, Հայ Գթութեան Խաչի, Համազգայինի եւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Շրջանային Վարչութիւնները եւ Հ.Յ.Դ. Երիտասարդական Միութեան Կեդրոնական Վարչութիւնը։
Նիւթական այս նուիրատուութիւնը կուգայ մասամբ միայն թեթեւցնելու մեր հայրենակիցներուն տնտեսական ճնշուած բեռը, պարզ այն հաւաստիացումով թէ Լիբանանահայութիւնը առանձին չէ եւ մեր բոլորի օգնութեան ու հոգածութեան կարիքը ունի։
Յունահայութիւնը, ինք եւս խստօրէն ենթարկուած ըլլալով տնտեսական շատ լուրջ սեղմումներու, վերջին 10 տարիներուն ընթացքին, կրնայ լաւապէս գիտակցիլ ու ըմբռնել մեր հայրենակիցներուն ապրած անձկութիւնը։ Այս իմաստով, շեշտակիօրէն կը զգայ Լիբանանի մէջ ապրող մեր հայրենակիցներուն զօրակցութեան պահանջքը։
Յունահայոց Ազգային Վարչութիւն
Հ.Յ.Դ. Յունաստանի Կեդրոնական Կոմիտէ
Հայ Կապոյտ Խաչի Շրջանային Վարչութիւն
Հայ Գթութեան Խաչի Շրջանային Վարչութիւն
Համազգայինի Շրջանային Վարչութիւն
Հ.Մ.Ը.Մ.ի Շրջանային Վարչութիւն
Հ.Յ.Դ. Երիտասարդական Միութեան Կեդրոնական Վարչութիւն