Ամանորեայ շրջագայութիւն…
ՄԻՆՍԱՐ
Մեր շրջանի ակումբին սրահին մէկ ծայրը նստած, ընկերոջս Փանոսին հետ ցած ձայնով կը խօսակցինք…
— Մօտաւորապէս չորս շաբաթներ անցած են այդ օրէն, երբ վերջին անգամ ըլլալով խանութս եկար, միասնաբար սուրճ մը խմելու ու սիկարէթ մըն ալ ծխելու համար եւ անկէ ետք կորսուեցար: Ի՞նչ պատահեցաւ, ինչո՞ւ չես գար կոր, սեւ կատո՞ւ անցեր է, կը հարցնեմ իրեն…
— Չէ եղբայր, մասնաւոր բան մը չկայ, պարզապէս «Ջ.Ա.Մ.Ի.Ջ.» (Ջութակէն Ազդուած Մարդոց Ինքնագով Ջոջեր), Մշակութային միութեան մեր շրջանի մասնաճիւղի վարչութիւնը, մեզի բացառիկ հանդիպումի մը հրաւիրած էր, Ամանորեայ շրջագայութեան առիթով մեր այցելելիք տուներուն, ինչպէս նաեւ շրջիկ խումբերուն ցանկերը պատրաստելու համար…
— Բայց եթէ լաւ կը յիշեմ, դուն անցեալ տարի երդում առած էիր, որ անգամ մը եւս «Խորհուրդ Մեծ»ի շրջագայութեան պիտի չմասնակցիս, սխա՞լ կը յիշեմ կոր, անանկ չէի՞ր ըսած…
— Ճիշդ ես, անանկ ըսած էի, սակայն կը յիշե՞ս կոր թէ ես ինչու առած էի այդ երդումը…
— Շիտակը մոռցեր եմ…
— Ուրեմն քեզի յիշեցնեմ: Անցեալ տարի շրջագայութեան օրը, սաստիկ կ՚անձրեւէր կոր: Ուրիշ շրջիկ խումբերու նման մեր ալ խումբը, սկսաւ հովանոցներով շրջագայիլ: Քանի ժամը կ՚անցնէր կոր, անձրեւն ալ մէկ աւելի կը զօրանար կոր, հետեւաբար մեր խումբն ալ սկսաւ մէկ աւելի դժուարութեամբ յառաջանալ, դէպի մեզի սպասող հայրենակիցներուն տուները: Ժամը կէս գիշերը շատոնց անցած էր եւ հակառակ որ բոլորս ալ թրջուած կատուներու նման վերէն-վար խխում եղած էինք, սակայն եւ այնպէս՝ պարտաճանաչութեամբ կը շարունակէինք մեր շրջագայութիւնը…
— Աղուոր մը թրջուեցաք, ըսես նէ…
— Հէչ մ՚ըսեր… մտիկ ըրէ որ քեզի անգամ մը եւս պատմեմ այդ գիշերուան բոլոր անցած-դարձածները: Ուրեմն որոշ տուներու մէջ տանտէրները սեղան պատրաստած էին, ու իրենց ազգականներուն հետ միատեղ, ուրախ-զուարթ կ՚ուտէին կը խմէին, իրենց մօտ նստեցուցած ըլլալով նաեւ իրենց երիտասարդ զաւակները, որոնց մեծամասնութիւնը սակայն, մեր շրջանէն ներս գործող որոշ Միութիւններու եւ Կազմակերպութիւններու անդամներ էին: Մեր շատ գէշին գնաց, որ մենք՝ հակառակ մեր տարիքը առած ըլլալնուս, կը շարունակէինք տանիլ այսպիսի պարտականութիւն մը, իսկ մեր երիտասարդները չէին հետեւեր մեր օրինակին…
«Յաջորդ տուներէն մէկուն, անշուշտ քաղաքավարութեամբ, սակայն մեզի արգիլեցին որ ներս մտնանք եւ անձրեւուն տակը երգեցինք դուրսի դրան սեմին: Կը տեսնես, հիւրասենեակին մէջ փռուած գորգերը թանկարժէք էին եւ վախ կար որ մեր ցեխոտած կօշիկներովը պիտի աղտոտէինք: Հաւատա՛ ընկեր, որ պատմածներս չափազանցութիւններ չեն: Ուրիշ տիկին մը լուր ղրկած էր, որ իրեն տունը որոշ ժամու մը երթանք, որովհետեւ օտար հիւրեր պիտի ունենար եւ կ՚ուզէր կոր եղեր, որ իր այցելուներն ալ լսեն մեր «Խորհուրդ Մեծ»ը: Անշուշտ չգացինք…
«Վերջին պատահար մըն ալ պատմեմ քեզի, որ մեր գաշածները լաւ հասկնաս: Տունի մը զանգակը զարնելնէս եւ անձրեւուն տակը բաւական սպասելնէս ետք, դռախօսէն ձայն մը մեզի հարցուց մեր ով ըլլալը: Պատասխանեցինք թէ «Ջ.Ա.Մ.Ի.Ջ.» Մշակութասէր Միութեան Ամանորեայ շրջիկ խումբն էինք… աման Ալլա՜ա՜ա՜խ, ասի վրանիս իջնալ մը իջաւ, իջնալ մը իջաւ, հէչ մի հարցներ…
«Ես չամիչ-մամիչ չեմ գիտեր, դուք լուր ունի՞ք թէ ժամը քանի է, մեղա՜յ Աստուծոյ, կէս գիշերին պարկած մարդոց դո՞ւրը կը զարնեն եղեր… այլեւս սա յարգանք ըսուած բանը չէ մնացած… եղբայր, մենք վաղը կ՚աշխատինք կոր, գործ ունինք»…
«Կարծես թէ մենք վաղը չենք աշխատիր կոր, գործեր չունինք… մենք ժամանցի համար անձրեւուն տակը կէս գիշերին պտոյտի ելլեր ենք… Աստուած վկայ, եթէ ըսածս սուտ է, վաղուան առեւը չտեսնամ»…
— Կը հասկնամ ընկերս… քեզի շա՜տ լաւ կը հասկնամ: Սակայն ինչպէ՞ս որոշեցիր եւ այս տարի դարձեալ շրջագայութեան մասնակցեցար…
— Մէկ կողմէն կնիկս գլուխս արթուկեց, միւս կողմէն Միութեան վարչականները քանի մը անգամ հեռաձայնեցին եւ մասնակցութիւնս խնդրեցին, ըսելով որ մարդուժի շատ մեծ պակասութիւն կայ եղեր: Կեցայ մտածեցի, որ վերջ ի վերջոյ այս մարդիկն ալ, ինչո՞ւ պէտք էր որ ինծի նմաններուն աղաչէին, այսպիսի աշխատանքի մը մասնակցելու համար: Վերջապէս իրենք ալ իրենց գրպանին համար չեն շրջակային կոր, եա…
«Որոշուած օրը հաւաքուեցանք եկեղեցիին սրահը եւ բաւական մեծ դժուարութեամբ յաջողեցանք հինգանդամ վեց հատ խումբ կազմել:
Չմոռնամ ըսելու, որ կազմուած խումբերը, մեր շրջանին մէջ գործող բոլոր Միութիւնները ներկայացնող խառն խումբեր էին: Կէս սրտով ճամբայ ելլանք դէպի մօտակայ շրջան մը, ուր մէկ քանի հայաբնակ շէնքեր կան: Առաջին տունին զանգակը զարկինք եւ մեզի դիմաւորեց խնդումերես հայ տիկին մը…
«Բարի եկած էր, հրամմեցէք, այսօր մայրիկին աչքը ճամբան մնաց, առտու-կանուխէն ձեզի կը սպասէ կոր»…
«Ըսաւ եւ մեզի անմիջապէս ննջասենեակի մը մէջ առաջնորդեց, ուր անկողինի մը վրայ պառկած էր բաւական տարիքոտ պառաւ մայրիկ մը: Աչքերը գոցած էր եւ դժուարութեամբ կը շնչեր: Սկսանք երգել… յանկարծ մայրիկը աչքերը բացաւ եւ սկսաւ ուղղակի մեր աչքերուն մէջ նայիլ ու լալ: Յուզումէն չկրցանք մեր ալ արցունքները զսպել: Մէկ Աստուած գիտէ, թէ երգածնիս ինչպէս վերջացուցինք եւ
«շատ տարիներու» ու «առողջութիւն» մաղթելով, պատրաստուեցանք առանց որեւէ ուրիշ ակնկալութեան մեկնիլ: Ազնիւ տիկինը չձգեց…
«Անկարելի է, յետոյ մայրիկը կը նեղուի եւ հետս կը կռուի: Ինծի պատուիրեց որ այս գումարը անպայման գանձանակին մէջ նետեմ… գիտէ՞ք, իր ստացած փոքր թոշակին մէկ մասն է»…
«Կրնամ ըսել որ այդ տունէն հոգեպէս ցնցուած մեկնեցանք…
«Ըսածիս հաւատայ ընկերս… այս անգամ երդում կ՚առնեմ, թէ որքան ատեն որ այսպիսի մայրիկներ մեզի պիտի սպասեն, այնքան ատեն ես ալ պիտի մասնակցիմ Ամանորի շրջագայութեան ու պիտի աւետեմ «Խորհուրդ Մեծ»ը…
Չկրցայ բան մը ըսել… կարծես թէ կոկորդիս մէջ հանգոյց մը կար… կը տեսնէք, իմ աչքերս ալ լեցուած էին…
* * *
Սիրելի ընթերցողներս, այս յօդուածս գրած եմ առանց նկատի առնելու Պսակաժահրի խոչընդոտները… ուրեմն ձեզմէ կը խնդրեմ որ դուք ալ ճիշդ նոյն ձեւով կարդաք…
Նաեւ, Նոր Տարուան եւ Սուրբ Ծնունդին առիթով, կ՚ուզեմ ձեզ բոլորին սրտանց մաղթել՝ առողջութիւն, երկարակեցութիւն, ասպարէզի յաջողութիւն, բայց նամանաւանդ՝ ընտանեկան մշտական երջանկութիւն…
Շատ տարիներու…