Laptop on a wooden table

­­Հա­մա­ցան­ցա­յին որ­սոր­դու­թիւն­ներ

Աղ­քատ վա­ճա­ռոր­դը…

ՄԻՆՍԱՐ

-Որ­քա՞ն կ­’ար­ժեն հաւ­կիթ­նե­րը, (հար­ցուց հա­րուստ տի­կի­նը)…
— ­­Հա­տը ե­րե­սուն սէնթ տի­կին, (պա­տաս­խա­նեց տա­րի­քոտ վա­ճա­ռոր­դը)…
— ­­Տա­սը հաւ­կիթ պի­տի գնեմ, բայց փո­խան 2,50 եւ­րո­յի… ե­թէ ոչ՝ չեմ ու­զեր, պի­տի մեկ­նիմ, (ը­սաւ հաս­տատ ու վերջ­նա­կան)…
— ­­Լաւ տի­կին, ձեր ու­զած գի­նո­վը ա­ռէք, կը տես­նէք այ­սօր հաւ­կիթ մը նոյ­նիսկ չեմ ծա­խած, ո՞ւր գի­տէք, դե­րեւս ձեր գնու­մը ին­ծի յա­ջո­ղու­թիւն կը բե­րէ, (պա­տաս­խա­նեց պա­պի­կը)…
­­Հա­րուստ տի­կի­նը հաւ­կիթ­նե­րը ա­ռաւ եւ մեկ­նե­ցաւ յաղ­թա­ծի զգա­ցու­մով…
­­Հաւ­կիթ­նե­րը նախ տե­ղա­ւո­րեց իր եր­կու նստա­տեղ­նոց նո­րա­ձեւ ինք­նա­շար­ժին մէջ եւ ա­պա գնաց մօ­տա­կայ, (ըն­տիր դա­սա­կար­գին պատ­կա­նող), ճա­շա­րա­նը, ուր եւ ժա­մադրուած էր ըն­կե­րու­հիին հետ…
Ըն­կե­րու­հին ե­կաւ եւ ապսպ­րե­ցին ի­րենց սրտին ու­զա­ծը…
­­Հա­կա­ռակ բա­ւա­կան ճա­շեր ապսպ­րել­նուն, շատ քիչ կե­րան եւ մնա­ցեալ պնակ­նե­րը, ե­ղա­ծին պէս ձգե­ցին սե­ղա­նին վրայ… յա­ջոր­դա­բար հա­շի­ւը ու­զե­ցին…
Վ­ճա­րո­ւե­լիք գու­մա­րը 37 եւ­րօ եւ 30 սէնթ էր… 40 եւ­րօ տո­ւին սպա­սար­կուին, պա­տո­ւի­րե­լով, որ վրա­դի­րը իր մօ­տը պա­հէ…
Ն­ման կե­ցո­ւածք մը շա՜տ ու­րա­խա­լի էր սպա­սար­կո­ւին հա­մար, սա­կայն սաս­տիկ ցա­ւա­լի, հաւ­կիթ­ներ վա­ճա­ռող աղ­քատ պա­պի­կին հա­մար, որ դի­մա­ցի մայ­թը նստած, կը դի­տէր եր­կու տի­կին­նե­րուն…
Խն­դի­րը այն է սա­կայն…
­­Թէ ին­չո՞ւ մեր ու­ժը ցոյց կու տանք… միշտ մեզ­մէ տկար­նե­րուն…
­­Թէ ին­չո՞ւ այս­քան ա­ռա­տա­ձեռն կ’ըլ­լանք հան­դէպ ա­նոնց, ո­րոնք ի վեր­ջոյ… այս մեր շռայ­լու­թեան, այդ­քան ալ կա­րի­քը չու­նին…
­­Ժա­մա­նա­կին տեղ մը կար­դա­ցած էի…
«­­Հայրս, սո­վո­րու­թիւն ու­նէր, (հա­կա­ռակ պէտք չու­նե­նա­լուն), շրջիկ վա­ճա­ռորդ­նե­րէ սուղ գի­նով պարզ բա­ներ գնել, ո­րոշ ան­գամ նոյ­նիսկ ի­րենց պա­հան­ջա­ծէն ա­ւե­լի մեծ գի­ներ վճա­րե­լով… կը զար­մա­նա­յի իր այս սո­վո­րու­թե­նէն, այն­պէս որ ան­գամ մը հար­ցու­ցի, թէ ին­չո՞ւ կ­’ը­նէր այս բա­նը… պա­տաս­խա­նեց…
«­­Զա­ւակս, ը­րածս մար­դա­սի­րա­կան պարզ ա­րարք մըն է…
«­­Միայն որ ես… ար­ժա­նա­պա­տո­ւու­թեամբ կը փաթ­թեմ»…

minsar55@gmail.com