Համացանցային որսորդութիւններ
Քամերը…
ՄԻՆՍԱՐ
Կար ու չկար, երիտասարդ մը կար, որ որոշ անգամներ, իր շուրջիններուն բռնութեամբ կը վարուէր…
Հայրը չափազանց մտահոգուած, իր զաւակի վարուելակերպէն եւ ուսումնասիրելէ ետք բոլոր իմաստուններուն ասացուածքները, տղուն քամերով լեցուն տոպրակ մը տալով ըսաւ…
— Տղաս, ամէն անգամ որ համբերութիւնդ պիտի կորսնցնես եւ մէկու մը հետ կռուիլ պիտի ուզես, այս տոպրակէն քամ մը առնելով, մեր պարտէզին առջեւը գտնուող մայթին վրայ պիտի գամես…
Առաջին օրը տղան, մայթին վրայ՝ 37 հատ քամ քամեց…
Յաջորդող շաբաթներու ընթացքին, վարժուեցաւ ինքզինքը մէկ աւելի կառավարել ու այսպէսով, մայթին վրայ քամած քամերուն թիւն ալ, կամաց-կամաց նուազիլ սկսաւ…
Հասկցաւ, որ քամ քամելէն շատ աւելի դիւրիւն էր, ինքզինքը զսպելը…
Հասաւ օրը, որ մայթին վրայ քամ մը նոյնիսկ չքամեց…
Վազեց հօրը մօտ եւ ուրախութեամբ ըսաւ…
— Հայրիկ, այսօր քամ մը նոյնիսկ չքամեցի…
Հայրը ըսաւ…
— Ապրի՛ս տղաս, ուրեմն այսօրուընէ սկսեալ, ամէն անգամ, որ պաղարիւնութիւնդ պիտի պահես, պարտէզի մայթին քամած քամերէդ, հատ մը պիտի հանես…
Անցաւ ժամանակ եւ օրին մէկը երիտասարդը կրցաւ հօրը ըսել, որ վերջապէս բոլոր քամերը հանած էր…
Հայրը զաւակին պարտէզի մայթին առաջ տանելով ըսաւ…
— Զաւակս, ճիշդ վարուեցար… սակայն տես թէ մայթը որքա՜ն ծակեր ունի… երբե՛ք առաջուայ նման պիտի չըլլայ… երբ մէկու մը հետ կը կռուիս ու զինքը կ’անարգես, ասոր նման վէրք մը կը ձգես վրան… կրնայ պատահիլ, որ մարդու մը դանակես եւ յետոյ դանակը հանես… բայց… իր մարմինին վրայ ձգած վէրքդ, մնայուն պիտի ըլլայ… կարեւորութիւն չունի թէ յետոյ, քանի անգամ ներողութիւն պիտի խնդրես… խօսքերով եղած վէրքը, նոյնքան վնասակար ու խորունկ է… որքան դանակով եղած վէրքը… զաւակս… նախընտրելի է վէրքեր չբանաս… քան թէ… բացած վէրքերդ բուժել ջանաս…
minsar55@gmail.com