Համացանցային որսորդութիւններ
Այն ինչ որ չես կրնար փոխել, սորվէ սիրել…
ՄԻՆՍԱՐ
Երիտասարդ մը, իր տունին բակին մէջ պարտէզ մը շինեց ու ցանեց՝ գոյնզգոյն, գեղեցիկ ու բուրաւէտ ծաղիկներով…
Այս իր ցանած գեղեցիկ ու բուրաւէտ ծաղիկներուն միջեւ սակայն, զանազան վայրի խոտեր ալ սկսան բուսնիլ…
Երիտասարդը, Աստուծուն օրը, արմատախիլ կ’ընէր ու կը մաքրէր այս վայրի խոտերը, բայց ապարդիւն… քանի մը օր յետոյ, անոնք կրկին կը բուսնէին…
Չափազանց նեղացած, սկսաւ մօտակայ, ինչպէս նաեւ զանազան հեռաւոր շրջաններու մէջ ապրող պարտիզպաններուն ալ խորհուրդները առնել… դժբախտաբար սակայն, որեւէ խրատ դրական արդիւնք մը չբերաւ…
Ճարահատ ու վերջին յոյսով մը, ճամբորդեց դէպի թագաւորին արքունիքը, արքայական պարտէզներու իմաստուն պարտիզպանին խորհուրդն ալ խնդրելու համար…
Դժբախտաբար սակայն, ինք նախապէս արդէն փորձած էր արքայական պարտիզպանին տուած բոլոր խորհուրդները…
Բաւական ժամանակ քով-քովի անխօս մնացին…
Վերջաւորութեան, իմաստուն պարտիզպանը ըսաւ…
— Այն ժամանակ, միակ խրատը, որ քեզի կրնամ տալ այն է, թէ…
Այն ինչ որ չես կրնար փոխել… սորվէ սիրել…
minsar55@gmail.com