Համացանցային որսորդութիւններ
Կինն ու օձը…
ՄԻՆՍԱՐ
Պատմութիւնը, որ ձեզի պիտի պատմեմ, ծայրէ-ծայր իրական է եւ կը վերաբերի կնկան մը, որ Միջին Դարուն Հնդկաստան կ’ապրէր…
Այդ կինը ուրեմն, իր տունին մէջ որպէս ընտանի անասուն, օձ մը կը պահէր, որուն չափազանց ալ կը սիրէր…
Օձը չորս մեթր երկարութիւն ունէր եւ առողջ կ’երեւէր: Օրին մէկը սակայն՝ սկսաւ այլեւս չուտել…
Օձին անախորժակութիւնը շաբաթներ տեւեց… յուսահատ կինը ամէն բան փորձեց, սակայն իր ըրածներէն ոչինչ օգնեց, որ օձը իր ախորժակը վերագտնէ… վերջաւորութեան՝ յուսալքուած, որպէս յետին լուծում, որոշեց օձը անասնաբոյժի մը տանիլ…
Անասնաբոյժը՝ ուշադրութեամբ մտիկ ըրաւ կնկան ըսածները եւ ապա հարցուց…
— Գիշերները օձը ձեր շուրջը ոլորուած, ձեզի հե՞տ կը պառկի…
Կինը բոլորովին զարմացած՝ անասնաբոյժին ըրած հարցումէն, բայց նամանաւանդ՝ թէ որքան ճշգրիտ ճանաչում մը ըրած էր, պատասխանեց…
— Ճիշդ այդպէս է պարոն բժիշկ… ճիշդ ձեր ըսածին պէս է… սակայն ես շատ նեղուած եմ, որովհետեւ չկարողացայ օձիս օգտակար դառնալ…
Անասնաբոյժը նախ հասկացողութեամբ գլուխը շարժեց, ապա մտահոգուած կինին ըսաւ…
— Յարգելի տիկին, ձեր օձը հիւանդ չէ… ամէն անգամ, որ ձեզի կը մօտենայ եւ դուք անմեղօրէն կ’ենթադրէք, որ ձեզի կը փաթթուի ձեզի սիրելուն համար… դժբախտաբար… ինքը ձեր հասակը կը չափէ եւ կը պատրաստուի ձեզի կուլ տալու… չուտեր, ոչ թէ ախորժակ չունենալուն, այլ… ձեզի աւելի արագ մարսելու համար…
* * *
Մօտդ բարեկամներ ունիս, որոնց հետ շաբաթը եօթը օր… օրական 24 ժամ կը խօսիս… իրենց կը սիրես, կը հոգաս ու կը կարծես, որ իրենք ալ քեզի կը հոգան ու կը սիրեն…
Դժբախտաբար սակայն, իրենց մտադրութիւնները բոլորովին տարբեր են…
Մեր պատմութեան բարեկամ-օձին նման են…
Իրենց գրկախառնութիւնները եւ համբոյրները… անկեղծ չեն միշտ…
Պէտք է սորվիս զանազանել բարեկամները օձերէն…
Մի վախնար քեզի թշնամի համարողէդ, որովհետեւ կրնայ ըլլալ, որ թշնամիդ չըլլայ…
Վախցիր քու կեղծ բարեկամներէդ… Յուդաներէն…
Պոչազուրկ օձերէն…
Որոնք քեզի համբուրած եւ գրկած պահուն նոյնիսկ…
Պարզապէս կը պատրաստուին…
Քեզի դաւելու եւ կուլ տալու…
minsar55@gmail.com