Համացանցային որսորդութիւններ
Կոյր աղջիկը…
ՄԻՆՍԱՐ
Ժամանակին կոյր աղջնակ մը կար, որ ինքզինքը չափազանց կ’ատէր, կոյր ծնած ըլլալուն համար…
Թէեւ եղածին չափ բնականոն կեանք մը ունէր, ինքզինքին գոցուած էր եւ ծնողքը նոյնիսկ, դժուարութեամբ կը յաջողէր հետը երկու խօսք փոխանակել…
Այս աղջնակը բարեկամ մը ունէր… որ իրեն կ’աջակցէր ու կ’օժանդակէր… իր մօտն էր միշտ եւ ուշադրութեամբ մտիկ կ’ընէր ըսածները…
Աղջնակը՝ իր այս բարեկամին կը վստահէր միայն եւ իրեն կը պատմէր իր հոգեկան բոլոր զգացումները…
— Կը սիրեմ աշխարհը քու աչքերուդ մէջէն տեսնել…
Ըսաւ անգամ մը իրենց ըրած մէկ պտոյտի ընթացքին, երբ երիտասարդը իրեն մանրամասնօրէն կը նկարագրէր, իրենց շուրջը պատահածը…
— Երազս այս է… կ’ուզեմ օրին մէկը աշխարհը տեսնել ճիշդ քեզի նման, (ըսաւ աղջնակը)…
— Կը խոստանամ օրին մէկը, այս քու երազդ իրականացնել, (պատասխանեց երիտասարդը)…
Տարի մը ետք վերջապէս գտնուեցաւ յարմար նուիրատու մը եւ աղջնակը (վիրաբուժական գործողութեան ենթարկուելու համար), ծնողքին հետ միասին ստիպուած արտասահման ճամբորդեցին…
Լման ամիս մը արտասահմանի հիւանդանոցը մնաց, որու ընթացքին հազուագիւտ անգամներ (մանաւանդ վերջին օրերուն), յարաբերուեցաւ բարեկամին հետ…
Հայրենի տուն իրենց վերադարձը եւս վեց ամիսով ուշացաւ, մէկ որ ծնողքը որոշեց ճամբորդութիւն մըն ալ ընել դէպի Եւրոպա…
Վերադարձին, առաջին հանդիպած անձը ան էր… քարացաւ…
— Ուրեմն դո՞ւն ալ, (հազիւ կարողացաւ փսփսալ)…
— Այո… կոյր եմ… արկած մը ունեցայ… չուզեցի քեզի հեռաձայնէն ըսել… այս բաները հեռաձայնէն չեն ըսուիր… վերջապէս…
Ըսաւ եւ գրպանէն թաւիշեայ տուփիկ մը հանելով, առջեւը ծունկի եկաւ…
— Կը յիշե՞ս… իրար խոստում մը տուած էինք… որ եթէ օրին մէկը տեսողութիւնդ գտնես… մենք պիտի միանանք… ուրեմն հիմա, որ տեսողութիւնդ գտար… կ’ուզե՞ս հետս ամուսնանալ…
Աղջիկը զարհուրած մերժեց… այսքան տարի կոյր մնալէն ետք, պատրաստ չէր մնացեալ կեանքը… կոյրի մը հետ անցնելու…
Երիտասարդը մեկնեցաւ սաստիկ վիրաւորուած… սակայն չհեռացած, ձեռքին մէջ նամակ մը ձգեց…
«Խոստացած էի օրին մէկը… աշխարհը քեզի ցոյց տալ… ի՛մ աչքերովս… յաջողեցայ խոստումիս տէր կենալ… սակայն դուն… ինծի տուած խոստումդ չյարգեցիր… սիրելիս… աչքերուս ուշադրութիւն ըրէ»…
Աղջնակը սկսաւ լալ… սակայն որքան որ ալ փնտռեց… չկարողացաւ երիտասարդին գտնել…
Այլեւս շա՜տ ուշ էր…
minsar55@gmail.com