(­Բան­տի ­պատ­մու­թիւն­ներ)
ՈՐՈՇՈՒՄՆԵՐ — ԾՐԱԳՐՈՒՄՆԵՐ…

ՄԻՆՍԱՐ

Աս­տո­ւած մե­զի խելք ու տրա­մա­բա­նու­թիւն տուեր է ե­ղեր, որ­պէս­զի կեան­քեր­նիս ու­զած­նո՜ւս պէս ծրագ­րենք…
­Մենք կ’առ­նենք ե­ղեր, մեր կեան­քի բո­լո՛ր ո­րո­շում­նե­րը…
­Հա, հա… խնդամ տէ պա­րա­պի չեր­թայ…
­Տա­հա չե­ղաւ եա՜…
Այ­սինքն մեր աշ­խարհ գա­լու ո­րո­շու­մը մե՞նք ա­ռեր ենք…
Ան­շո՛ւշտ եւ ոչ…
­Չէ՛, ե­կէք հի­մա ծուռ նստինք շի­տակ խօ­սինք…
­Մեր հայ­րը ու մայ­րը ո­րո­շեց, ծրագ­րեց եւ ա­ռանց մե­զի հարց­նե­լու, օ­րին մէ­կը՝ չո­ւո՜­ւո՜ւբ, սո­խի գլու­խի պէս, այս պա­րապ աշ­խար­հը բու­սանք… ու այդ օ­րէն սկսեալ… հի­մա պի­տի ը­սէի թէ մեր մա­րը ինչ ե­ղաւ եա՜… վեր­ջա­պէս…
Եւ հայ­տէ տե­սակ մը ըն­դու­նինք, ե­թէ մե­զի աշ­խարհ բե­րե­լու ո­րո­շում-ծրագ­րու­մը, ը­րած է… թա­գա­ւոր մը, նա­խա­գահ մը, վար­չա­պետ մը, ե­րես­փո­խան մը, վեր­ջա­պէս… մե­ծա­նուն անձ մը…
­Հա­պա ե­թէ՞ այդ ո­րո­շում-ծրագ­րու­մը ը­րած են, (օ­րի­նակ՝ իմ պա­րա­գա­յիս), «զի­պիլ­ճի» (աղ­բա­հա­ւաք) Աբ­գար Աբ­գա­րեա­նը, ու իր յար­գե­լի կո­ղա­կից՝ տի­կին Եւ­փի­մէ չեմ գի­տեր ին­չեա՞­նը…
Աղ­քա՜տ, չքա­ւո՜ր, խե՜ղճ ու կրակ է­րիկ-կնիկ մը, ո­րոնց տու­նը հաց մտած օ­րը, կը կար­ծէին թէ ­Կա­ղանդ է…
­Ծօ Աս­տու­ծուն Ա­րե­ւը նոյ­նիսկ, ի­րենց ճամ­բայ ել­լած օ­րը, ամ­պե­րուն ե­տե­ւը կը պա­հո­ւը­տէր, միայն ու միայն ի­րենց այս սեւ «հա­լը» (վի­ճա­կը) չտես­նա­լու հա­մար…
Երբ հօ­րը կը հարց­նէին, «ծօ Աբ­գար, այս­քան չո­ճուխ­նե­րը ի՞նչ պի­տի ը­նես… ի­րենց ինչ­պէ՞ս պի­տի կերց­նես, խմցնես, հագց­նես»…
­Բե­րա­նին մէջ պա­տաս­խա­նը ար­դէն պատ­րաստ էր…
«­Չո­ճուխ­նե­րը օրհ­նու­թիւն են, չո­ճուխ­նե­րը Աս­տո­ւած ­Պա­պան կու տայ ե­ղեր… ու­րեմն Իր տուա­ծին պէս ալ՝ թող կերց­նէ, խմցնէ, հագցնէ… ես կրցածս կ­’ը­նեմ կոր, մնա­ցա­ծը Ին­քը թող մտա­ծէ»…
Է չէ՛, պա­րոն Աբ­գար, ը­սա­ծիդ պէս չէ, սխա՛լ ես… Աս­տո­ւած քե­զի խելք ալ տո­ւեր է որ­պէս­զի գոր­ծա­ծես եղ­բայր… քե­զի հետ չհա­մա­ձայ­նե­ցաւ, որ՝ «Ին­ծի նա­յիր Աբ­գար, դուն «եաւ­րում» աշ­խար­հը միայն զա­ւակ ցա­նէ-բեր, ու բնաւ մի՛ մտա­ծեր, Ե՛ս կը մեծց­նեմ»…
­Բան­տի իր նեղ խու­ցին ան­կո­ղի­նին վրայ փռուած, այս բա­նե­րը կը մտա­ծէր մե­ծա­յարգ պա­րոն ­Սա­գօ Աբ­գա­րեա­նը…
Ան­շուշտ ե­թէ չա­րա­գործ­նե­րու, գող-ա­ւա­զակ­նե­րու, ու ա­ռաւ-բա­խաւ­նե­րու շրջա­նակ­նե­րուն մէջ, ի­րեն ա՛յդ ա­նուն-մա­կա­նու­նով փնտռե­լու ըլ­լա­յիր, մարդ պի­տի չհասկ­նար թէ փնտռողդ ով կ­’ըլ­լար…
Այդ փա­ռա­հե՜ղ, մե­ծա­շո՜ւք, ու պան­ծա­լի շրջա­նակ­նե­րուն մէջ, ­Սա­գօն ծա­նօթ էր որ­պէս… «Ստոր ­Սա­գօ», «Ճ­կուն ­Սա­գօ», «­Մուկ ­Սա­գօ», «­Թե­թեւ­մա­տիկ ­Սա­գօ», ե­ւ այլն, ե­ւ այլն, ե­ւ այլն…
­Տիտ­ղոս­ներ, ո­րոնց ար­ժա­նա­ցած էր տա­րի­նե­րու չա­րա­չար, ու դժնդակ «աշ­խա­տան­քէ» ետք…
­Մե­լա­մաղ­ձո­տու­թեամբ մտա­բե­րեց իր ճար­պիկ ու կա­րող դաս­տիա­րակ՝ «Փ­րօ­ֆէ­սէօր»ին, ի­րեն տո­ւած անձ­նա­կան դա­սե­րը…
«Փ­րո­ֆէ­սէօր»ին կնուն­քի ա­նու­նը պա­րապ տե­ղը մի հարց­նէք, ո­րով­հե­տեւ բա­ցի ոս­տի­կա­նու­թե­նէն, ո­ղոր­մա­ծին բուն ա­նուն-մա­կա­նու­նը, մարդ-մար­դա­սանկ չէր գի­տեր…
«Տ­ղաս, ա­սոր դրա­մա­պա­նա­կը ա­սանկ պի­տի թռցնես… սա տու­նը այդ ծա­կէն պի­տի մտնաս, սա «ախ­մա­խին» ա­սանկ պի­տի խա­բես»…
­Հէյ կիւ­տի կիւն­լէ՜ր…
Ա՜խ, սի­րե­լի «Փ­րօ­ֆէ­սէօր»ս, Աս­տո­ւած թող հո­գիդ լու­սա­ւո­րէ…
­Յու­զու­մէն աչ­քե­րը լե­ցո­ւե­ցան…
Հ­պարտ էր «Փ­րօ­ֆէ­սէօր»ին նման մէ­կու մը քո­վը ա­շա­կեր­տած ըլ­լա­լուն հա­մար, եւ վստահ էր որ փո­խա­դար­ձա­բար, դաս­տիա­րակն ալ հոն վե­րէն, հպարտ էր իր ա­շա­կեր­տին յա­ջո­ղու­թիւն­նե­րով…
Այս բո­լո­րը սա­կայն… մին­չեւ այդ չըլ­լա­լի՛ք, ա­նի­ծեա՛լ վեր­ջին գոր­ծը…
Այս վեր­ջին գոր­ծին մէջ, ա­մէն բան սխալ գա­ցած էր, կար­ծես թէ վրան ա­նէծք մը կար… չար աչք մը կար…
­Բայց ա­ւե­լի լաւ, ե­կէք պատ­մու­թիւ­նը սկիզ­բէն բռնենք…
­Նախ ընտ­րո­ւե­ցաւ թեկ­նա­ծու զո­հը…
­Բե­ղուն ու ճոխ ոս­կէ­վա­ճա­ռա­տուն մը…
­Շա­բաթ ա­ռա­ւօտ մը, «Ճ­կուն ­Սա­գօ»ն, տա­րի­նե­րու իր մեղ­սա­կից՝ «­Կա­տու ­Սօ­նիկ»ին հետ, վե­րէն-վար փա­ռա­ւո­րա­պէս հա­գո­ւած, շտկո­ւած, մտան ոս­կե­րի­չին խա­նու­թը…
— ­Բա­րի լոյս ձեզ, պա­րոն ոս­կե­րիչ…
— ­Բա­րի լոյս ձեզ՝ տի­կին, պա­րոն, խնդրեմ ինչ­պէ՞ս պի­տի կա­րե­նա­յի ձե­զի օգ­տա­կար դառ­նալ…
­Սա­գօն, իբ­րեւ թէ քի­չիկ մը տա­տամ­սե­լով, խօ­սիլ սկսաւ…
— ­Գի­տեմ, որ վեր­ջին ժա­մուն մնա­ցինք, բայց գե­տէ՞ք ինչ է, ­Կի­րա­կի օր մեր աղ­ջի­կը կ­’ա­մուս­նացնենք կոր, եւ կ’ու­զենք կոր ի­րեն ա­սանկ՝ գե­ղե­ցիկ մա­տա­նի մը նո­ւէր առ­նել… գի­նի մա­սին հէ՛չ մի մտա­ծէք, միայն խնդրեմ մե­զի ցոյց տո­ւէք, ձեր ոս­կէ­վա­ճա­ռա­տան ա­մե­նա­յար­գի ու ա­մե­նա­սուղ ոս­կե­ղէն­նե­րը…
«­Տէր ու տի­կի­նին» առ­ջե­ւէն… հա­սա­կի կար­գով տո­ղան­ցել սկսան, ոս­կէ­վա­ճա­ռա­տան՝ ա­մե­նա­յար­գի, ա­մե­նա­թան­կա­գին ու ա­մե­նա­ծանր գո­հա­րե­ղէն­նե­րուն արկ­ղիկ­նե­րը…
­Մէ­կը… գե­ղե­ցիկ չէր…
­Միւ­սը… ա­սանկ տե­սակ մըն էր կար­ծես…
Ու­րիշ մը… քա ա­դա­մանդ­նե­րը հէչ չէին փայ­լեր կոր…
­Չէ, չէ, այդ մէ­կը շատ ա­ժան­նոց կ­’ե­րե­ւար կոր…
­Վեր­ջա­պէս, բա­ւա­կան ժամ անց­նե­լէն ետք, ու ոս­կե­րի­չին ալ հո­գին բո­լո՛­րո­վին հա­նե­լէն ետք, զա­տե­ցին բա­ւա­կան սուղ­նոց ու յար­գի ոս­կե­ղէն մը…
— ­Գի­նը որ­քա՞ն կ’ըլ­լայ, հար­ցուց «Ճ­կուն»ը…
­Նախ դա­ռա­կին մէ­ջէն կշիռք մը ե­լաւ, ոս­կե­ղէ­նը կշռո­ւե­ցաւ, ու ա­պա տրո­ւե­ցաւ վերջ­նա­կան գի­նը…
— ­Ձե­զի հա­մար՝ 25.000 եւ­րօ միայն…
— ­Շատ ալ սուղ չէ ե­ղեր, ը­սաւ «Ճ­կուն ­Սա­գօն», եւ իս­կոյն դրա­մա­պա­նա­կը բա­նա­լով, ապ­շա­հար ոս­կե­րի­չին հա­շո­ւեց ճիշդ 25.000 եւ­րօ, սա­կայն խնդրանք մը եւս ու­նինք…
— Խնդ­րեմ պա­րոն, ինչ որ կ’ու­զէք…
— ­Հի­մա մենք պէտք է որ շու­կայ իջ­նանք, ո­րոշ մանր-մունր գնում­ներ ալ ը­նե­լու հա­մար, մի­թէ պի­տի կա­րե­նա­յի՞նք մա­տա­նին ձեր մօ­տը ձգել, եւ շու­կա­յէն վե­րա­դարձ­նուս գալ առ­նել…
Ոս­կե­րի­չը մա­տա­նիին փո­խար­ժէ­քը ար­դէն գրպա­նած ըլ­լա­լուն, ա­ռանց երկ­րորդ մտա­ծու­մի ըն­դու­նեց…
— Ան­շո՜ւշտ, ան­կաս­կա՜ծ… շա՜տ սի­րով…
— ­Շա՜տ շնոր­հա­կալ ենք, խա­նու­թը ժա­մը քա­նիի՞ն կը գո­ցէք…
— Այ­սօր ­Շա­բաթ ըլ­լա­լուն, կէ­սօ­րո­ւան ժա­մը ե­րե­քին…
— Վս­տահ այդ ժա­մէն ա­ռաջ հոս կ’ըլ­լանք…
Ան­գամ մը եւս շնոր­հա­կա­լու­թիւն յայտ­նե­լով ել­լան գա­ցին…
Ոս­կե­րի­չը, իր այս բա­րի բախ­տին չու­զեց հա­ւա­տալ… ծօ ա­սանկ յա­ճա­խորդ ո՞ր խա­նութ­պա­նը չու­զեր ե­ղեր… եղ­բայր, ա­սի Եր­կին­քէն ին­կած «եա­նա­սիպ» (բախ­տա­տոմ­սիկ) էր, «եա­նա­սի՜պ»…
­Ժա­մը կէ­սօ­րո­ւան ե­րե­քը հա­սաւ… ե­րե­քը ան­ցաւ… բայց տա­կա­ւին ո­րե­ւէ յա­ճա­խորդ չե­րեւ­ցաւ…
«­Ծօ սա­ւոնք ո՞ւր մնա­ցին, մտա­ծեց ոս­կե­րի­չը, կ­’ը­սես ի­րենց բա՞ն մը պա­տա­հե­ցաւ… ա­ւե­լի լաւ… դրամն ալ մա­տա­նին ալ ին­ծի կը մնան»…
­Ճիշդ ե­րե­քու­կէ­սին, խա­նու­թին հե­ռա­ձայ­նը հնչեց…
— Հ­րամ­մե­ցէք… ա­յո՞… ո՞վ է խօ­սո­ղը…
— ­Մենք ենք, պա­րոն ոս­կե­րիչ, թաք­սի նստած կու­գանք կոր, սա­կայն սաս­տիկ խճո­ղում կայ… մի­թէ պի­տի կա­րե­նա­յի՞ք քիչ մը եւս սպա­սել մե­զի…
— Ի՞նչ կրնամ ը­նել, մէկ որ ու­րիշ ճար չկայ, պի­տի սպա­սեմ, սա­կայն ժա­մը ան­ցած ըլ­լա­լուն, ու կե­ցած տե­ղեր­նիս տուրք մըն ալ չվճա­ռե­լու հա­մար, խա­նու­թին եր­կա­թեայ փեղ­կե­րը ի­ջե­ցու­ցած պի­տի ըլ­լամ, երբ որ հաս­նիք դու­ռը զար­կէք, որ­պէս­զի ձե­զի բա­նամ…
­Ժա­մը չոր­սի ա­տեն­նե­րը, «է­րիկ-կնիկ» թաք­սիով մը հա­սան ոս­կէ­վա­ճա­ռա­տուն, եւ դու­ռը զար­կին…
Ոս­կե­րի­չը ստու­գե­լէն ետք թէ ո­րոնք էին զար­նող­նե­րը, բա­ցաւ դու­ռը, եւ զոյ­գը ա­րագ մը խա­նութ մտաւ…
Ան­կէ ետք ա­մէն բան, տե­ղի ու­նե­ցաւ սաս­տիկ ա­րա­գու­թեամբ…
­Նախ եր­կու­քով վրան ին­կան, ու խե՜ղճ մար­դուն «սա­լա­մի» (եր­շիկ) նման կա­պել­նէն ետք, տա­րին, ու խա­նու­թին ե­տե­ւի մա­սը գտնո­ւող, փոք­րիկ աշ­խա­տա­նո­ցին մէջ նե­տե­ցին…
­Յա­ջոր­դա­բար՝ դա­րա­կէն ետ ա­ռին 25.000 եւ­րօն, ու սկսան պար­պել խա­նու­թին բո­լոր ոս­կե­ղէն­նե­րը…
Ոչ մա­տա­նի մնաց, ոչ ա­պա­րան­ջան մնաց, ոչ օղ մնաց, ոչ ժա­մա­ցոյց մնաց, ոչ ալ ո­րե­ւէ ու­րիշ ոս­կե­ղէն մնաց…
Ի­րենց պա­յու­սակ­նե­րը բեր­նէ-բե­րան ա­ղո­ւոր մը լեց­նել­էն ետք, փոր­ձե­ցին ա­րագ մը փա­խուստ տալ…
­Բա՞յց…
­Բայց ա­ւա՜ղ, որ ե­րազ էր…
­Խա­նու­թին եր­կա­թեայ փեղ­կե­րը դար­ձեալ գո­ցո­ւած էին, ու բա­նա­լը ան­կա­րե­լի էր…
­Վա­զե­ցին դէ­պի փոք­րիկ աշ­խա­տա­նո­ցը, վստահ ըլ­լա­լով որ փեղ­կե­րը ոս­կե­րի­չը գո­ցած էր…
Անհ­նար ե­ղաւ մտնա­լը… փոք­րիկ աշ­խա­տա­նո­ցին եր­կա­թեայ դու­ռը… ներ­սէն կղպո­ւած էր…
­Մու­կի նման ծու­ղա­կը բռնո­ւած էին…
­Քա­նի մը վայր­կեան անց, վրայ հա­սան նաեւ մէկ-եր­կու ոս­տի­կանա­կան ինք­նա­շարժ­ներ, ու ոս­տի­կան­նե­րը փեղ­կե­րը բա­նա­լով եր­կուք­նուն ալ ձեր­բա­կա­լե­ցին…
* * *
­Դա­տի ըն­թաց­քին ա­մէն բան բա­ցա­յայ­տո­ւե­ցաւ…
Ոս­կե­րի­չը յա­ջո­ղած էր ձե­ւով մը ձեռ­քե­րը ա­զա­տել, խա­նու­թին փեղ­կե­րը ե­լեկտ­րա­կան պա­տուէ­րով գո­ցել, աշ­խա­տա­նո­ցին դու­ռը ներ­սէն ա­ղո­ւոր մը կղպել ու ան­մի­ջա­պէս ոս­տի­կա­նու­թեան լուր տալ…
­Դա­տա­ւո­րը հի­նէն ի­րեն ծա­նօթ ըլ­լա­լուն, եւ նկա­տի առ­նե­լով որ ան­ցեա­լէն ալ ո­րոշ «պարտքեր» ու­նէր օ­րէն­քին հան­դէպ, բնաւ չու­շա­ցաւ վճի­ռը ար­ձա­կե­լու…
Եօ­թը տա­րո­ւան բան­տար­կու­թիւն, ա­ռանց ո­րե­ւէ թե­թե­ւա­ցու­մի…
Ան­կո­ղի­նին վրայ պար­կած, «Ճ­կուն ­Սա­գօ»ն­ այ­լեւս վստահ էր…
Եղ­բայր… ա­սի աչք էր… խօսք չի վերց­ներ…
Այ­սինքն դուք ու­րիշ ի՞նչ ձե­ւով պի­տի բա­ցատրէիք, այս­քան ման­րա­մաս­նու­թեամբ, բծախնդրու­թեամբ ու խո­րա­ման­կու­թեամբ պատ­րաս­տո­ւած ծրա­գի­րի մը ձա­խո­ղու­թիւ­նը…

12/05/2021
minsar55@gmail.com