Զաւակս չի լաս…

ՄԻՆՍԱՐ

­­Հի­ւան­դա­նո­ցին սե­նեակս երբ գաս,
Ու զիս փնտռե­լով չգտնաս տղաս,
Ան­կո­ղինս դուն երբ պա­րապ տես­նես,
Ու բժիշկ­նե­րուն խօս­քե­րը լսես…
«­­Գի­տէ՞ք, ա­մէն ինչ, ան­խոնջ փոր­ձե­ցինք,
«Ո­րե­ւէ ջանք, ճիգ, չխնա­յե­ցինք,
«­­Բայց տա­րի­քոտ էր, ու սիր­տը յոգ­նած,
«­­Ծե­րու­թեան բեռ­մամբ, սաս­տիկ սպա­ռած»…
Ի­րենց խօս­քե­րուն դուն չհա­ւա­տաս,
­­Մօր քնքուշ սիր­տը… չի յոգ­նիր տղաս,
­­Մայր մը կեան­քին մէջ, եր­բե՛ք չսպա­ռիր,
Իր զաւ­կի սի­րոյն եր­բե՛ք չի մա­շիր…
­­Պա­հա­րանս բաց, ապ­րանք­ներս առ,
­­Փոքր սրբիչս, վեր­ցուր հետդ տար,
Ան­ձե­ռո­ցը, որ՝ երբ քրտնէի,
Կնճ­րոտ ճա­կատս ես կը սրբէի…
­­Տու­նիկ­նիս գնա, կրա­կը վա­րէ,
Սր­ճա­մա­նը դիր, եր­կու սուրճ ե­փէ,
Եւ մի մտա­ծեր թէ վասն ին­չի…
­­Մէ­կը քեզ հա­մար, իսկ միւ­սը… ին­ծի…
Ա­ռա­ւօտ կա­նուխ, երբ մի­նակ էի,
Ո­չինչ խմե­լու փա­փաք չու­նէի…
­­Մի լար զա­ւակս, տուն վե­րա­դար­ձիր,
­­Կար­միր վար­դե­րուս պա­հա­պան ե­ղիր,
Ջ­րէ ա­մէն օր, հե­տեր­նին խօ­սէ,
­­Քու մօրդ նման, գուր­գու­րայ, շո­յէ,
Ու մի մտմտար զա­ւակս ան­գին,
Քու մայրդ քե­զի պիտ’ պա­հէ կրկին,
­­ Պի­տի ա­ղօ­թէ քեզ հա­մար նո­րէն,
­­Բարձր կա­պու­տակ Եր­կին­քին վե­րէն…

Սիրուն ջան մայրիկ…

ՄԻՆՍԱՐ

­ Սի­րուն, ջան մայ­րիկ,
­Տո­ւե­ցիր ինձ կեանք, ա­պա ա­սա­ցիր,
«դեհ, գնա ապ­րի՛ր»,
Ապ­րե՞մ… բայց ինչ­պէ՞ս, երբ էս աշ­խար­հը՝
վատ է ու ան­գութ…
­Տո­ւե­ցիր աչ­քեր, ու «տես» ա­սա­լուդ,
ինձ… «լա՛ց» ա­սա­ցիր…
­ Բայց լոկ ար­ձուն­քով, որ­քա՞ն հող թրջեմ…
այն էլ չա­սա­ցիր…

Ինձ հա­մո­զե­ցիր հա­ւա­տալ գու­թին,
­ Միշտ բա­րին ա­նել, օգ­նել բո­լո­րին,
Ա­մէն բան ա­սար… բայց չա­սար ինչ­պէ՞ս,
­ Մար­դա­կեր կեան­քում, յո­ռի, եր­կե­րես…

Ինձ ցոյց տո­ւե­ցիր ու­ղի­ներ դժո­ւար,
Ա­սա­ցիր «քա­լէ՛ ա­նա­չա՛ր, ար­դա՛ր»,
­ Բայց, ինչ­պէ՞ս քա­լեմ «ա­նա­չա՛ր, ար­դա՛ր»,
­ Թա­փուր աշ­խար­հում, ան­գութ, ա­նար­դար…

­Նե­րիր ինձ մայ­րիկ, խնդրում եմ նե­րիր,
­ Հո­գիս ծիւ­րե­ցին, վէր­քերս բո­լոր,
Ա­հա կը մեռ­նիմ, բայց դու զիս նե­րիր,
­ Գա­լիս եմ քո մօտ, գիրկդ ա­պա­հով…

10/04/2021
minsar55@gmail.com