Կէս լուրջ — կէս կատակ

0
231

­Կար ու չկար, հո­վիւ մը կար…

ՄԻՆՍԱՐ

­Կափ կա­նաչ ար­տին մէկ ծայ­րը մե­կու­սա­ցած, ոտ­քը ոտ­քին՝ խո­շոր ծա­ռի մը շու­քին տակ փռո­ւած, սրին­գը շրթնե­րուն, հո­վիւ Ա­բոն մէկ կող­մէն կը նո­ւա­գէր, միւս կող­մէն ու­շադ­րու­թիւն կ’ը­նէր, ­Մա­յիս ամ­սուն բու­սած թարմ ե­ռա­տե­ւուկ­նե­րը որկ­րա­մո­լու­թեամբ ա­ռա­ծող, ոչ­խար­նե­րու իր մեծ հօ­տին…
Աչ­քե­րը ա­մուր փա­կած, ե­րա­նու­թեա՜մբ կ’ե­րա­զէր իր ապ­րող բախ­տա­ւոր կեան­քի մա­սին, մտա­ծե­լով, որ…
«­Ծօ, կեանք ը­սածդ աս է ե­ղեր… ե­րա­նի՜ գալ աշ­խարհ գա­լուս, նո­րէն հո­վիւ ծնէի… ու­տէի, խմէի, պառ­կէի, սրինգս նո­ւա­գէի եւ ա­մէն ը­նե­լիքս… սա ոչ­խար­նե­րուս պա­հա­կու­թիւն ը­նե­լը ըլ­լար միայն»…
­Յան­կարծ հե­ռո­ւէն՝ ա­ռա­քու­թեամբ, աղ­մու­կով, ե­տե­ւը փո­շիի հսկայ ու խիտ ամպ մը բարձ­րաց­նե­լով, ինք­նա­շարժ մը սկսաւ մօ­տե­նալ, խան­գա­րե­լով հո­վիւ Ա­բո­յի ե­րազ­նե­րուն, այս եր­ջա­նիկ ու խա­ղաղ վայր­կեան­նե­րը…
«­Սա պա­րապ տա­կա­ռը ո՞վ է հի­մա, (հարց տո­ւաւ ինքն ի­րեն), ծօ, մարդ է­շուն սատ­կած տե­ղը նոյ­նիսկ հան­գիստ չու­նի ե­ղեր», ա­ւել­ցուց սրտնե­ղած…
­Հե­ռո­ւէն մօ­տե­ցող ինք­նա­շար­ժը, բաս փայ­լուն BMW մըն էր…
Ար­տի ան­դին ծայ­րը կանգ ա­ռաւ ու դու­ռը բա­ցո­ւե­լով, ներ­սէն դուրս ե­լաւ… Versace հա­մազ­գեստ մը հա­գած, ոտ­քե­րուն Gucci կօ­շիկ­ներ ան­ցու­ցած, աչ­քե­րուն Ray Ban ակ­նոց­ներ դրած եւ վի­զին ալ Yves Saint Laurent փող­կապ մը կա­պած, ե­րի­տա­սարդ վա­րորդ մը…
­Հա­զար մեթր հե­ռա­ւո­րու­թե­նէն կը հասկ­ցո­ւէր, որ անհ­րա­ւէր այս ե­րի­տա­սարդ «հիւ­րը», շփա­ցած նո­րա­հա­րուստ մըն էր…
— ­Բա­րի­լոյս ձեզ պա­րոն հո­վիւ, (ի­րեն մօ­տե­նա­լով բա­րե­ւեց նո­րա­հա­սը)…
Ա­բոն՝ ձախ աչ­քը միայն բա­նա­լով, նախ վե­րէն-վար ա­ղո­ւոր մը քննեց ե­րի­տա­սար­դը ու ա­պա մտա­ծեց…
«­Պա­րոն հո­վի՞ւ մը… ծօ հի­մա քե­զի ալ, պա­րոն հո­վի­ւիդ ալ բան մը պի­տի ը­սէի եա, վեր­ջա­պէս»…
— ­Բա­րի լոյս, (կէս բե­րան)…
— Ե­թէ ձե­զի ը­սեմ ձեր ոչ­խար­նե­րուն ճիշդ թի­ւը, հատ մը կու տա՞ք ին­ծի…
Ա­բոն՝ մէյ մը նո­րա­հա­րուս­տին նա­յե­ցաւ, մէյ մը ոչ­խար­նե­րուն նա­յե­ցաւ, եւ…
— Ա­յո, ին­չո՞ւ չէ, կու տամ, (ը­սաւ)…
Ան­մի­ջա­պէս ե­րի­տա­սար­դը, ինք­նա­շար­ժէն Iaptop Dell մը հա­նե­լով, միա­ցուց հա­մաշ­խար­հա­յին AT&T ու­նե­ցող, բջի­ջա­յին Motorola հե­ռա­ձայ­նի մը: Internet-ով, զօ­դո­ւե­լէ ետք, գնաց NASA-ի էջ մը, ուր եւ ընտ­րեց, վայ­րե­րու GPS նոյ­նա­կա­նա­ցու­մի ար­բա­նեա­կա­յին հա­մա­կարգ մը, ո­րու մի­ջո­ցաւ կրցաւ հա­շո­ւար­կել ճիշդ վայ­րը, ուր այդ պա­հուն կը գտնո­ւէր եւ որ այս տո­ւեալ­նե­րը, փո­խան­ցեց NASA-ի ու­րիշ ար­բա­նեա­կի մը, որ իր կար­գին՝ վայ­րը նկա­րա­հա­նե­լով, հա­նեց ու տպեց բա­ւա­կան բարձր վեր­լու­ծու­թեամբ պատ­կեր մը…
­Պատ­կե­րը, Adobe Photoshop ծրագ­րով մշա­կե­լէ ետք, ղրկեց ­Գեր­մա­նիոյ ­Համ­պուրկ քա­ղա­քը գտնո­ւող, հե­տա­զօ­տա­կան ար­հես­տա­նոց մը եւ հա­զիւ քա­նի մը երկ­վայր­կեան անց, իր Palm Pilot-ին ստա­ցաւ e-mail մը, որ կը հաս­տա­տեր, թէ պատ­կե­րը վեր­լու­ծո­ւած է եւ ամ­բողջ տո­ւեալ­նե­րը, գրան­ցո­ւած են փաս­տա­կան յե­նա­րա­նի մը մէջ…
ODBC միա­ցու­ցի­չի մը մի­ջո­ցով, մտաւ MS-SQL database-ի մէջ, ուր եւ ար­ձա­նագ­րեց այս բո­լոր տո­ւեալ­նե­րը, Excel աշ­խա­տան­քի է­ջի մը վրայ…
­Յա­ջոր­դա­բար՝ e-mail-ով մը, այս բո­լոր տո­ւեալ­նե­րը ղրկեց իր Blackberry-ին…
­Քա­նի մը վայր­կեան ետք, 150 էջ­նոց եւ գու­նա­ւոր պատ­կեր­նե­րով լե­ցուն շա­րադ­րու­թիւն մը ստա­ցաւ…
Տ­պեց իր նոփս­նոր HP Laserjet տպագ­րի­չով եւ ու­շադ­րու­թեամբ կար­դա­լէն ետք, ը­սաւ հո­վիւ Ա­բո­յին…
— ­Ճիշդ 1.586 հատ ոչ­խար ու­նիք…
— Իս­կա­պէս, շի­տակ ես, (ը­սաւ Ա­բոն), լաւ, ու­րեմն գնա՛ եւ ու­զած ոչ­խարդ ա՜ռ…
Ե­րի­տա­սարդ նո­րա­հա­րուս­տը, գո­հու­նա­կու­թեան ժպի­տը դէմ­քին, հատ մը զա­տե­լով դրաւ ինքն­շար­ժին մէջ…
­Նոյն վայր­կեա­նին, Ա­բոն հար­ցուց ե­րի­տա­սար­դին…
— Ե­թէ ես ալ գտնեմ, թէ ճիշդ ինչ գոր­ծով կը զբա­ղիս… ին­ծի կը վե­րա­դարձ­նե՞ս ա­նա­սունս…
­Նո­րա­հա­րուստ պա­րո­նը վայր­կեա­նի մը հա­մար մտա­ծե­լէ ետք, խնդա­լով ը­սաւ Ա­բո­յին…
— ­Հա­մա­ձայն, ին­չո՞ւ չէ…
— ­Դուն ձեռ­նար­կու­թիւն­նե­րու խորհր­դա­տու ես, այն­պէս չէ՞…
— Ան­հա­ւա­տա­լի՜… ա­յո, ճի՛շդ ձեր ը­սա­ծին պէս է, (ապ­շա­հար ը­սաւ ե­րի­տա­սար­դը), սա­կայն ինչ­պէ՞ս կա­րո­ղա­ցաք գու­շա­կել…
— Այդ­քան ալ դժո­ւար չէր, (ը­սաւ Ա­բոն), նախ եւ ա­ռաջ ե­կար ա­ռանց ո­րե­ւէ հրա­ւէ­րի… ու­զե­ցիր գտնել պա­տաս­խան մը, որ ես ար­դէն գի­տէի… հար­ցու­մի մը, որ ոե­ւէ մէ­կը քե­զի չը­րաւ… վրա­յէն՝ վճա­րո­ւիլ ալ ու­զե­ցիր…. եւ ա­մէ­նէն կա­րե­ւո­րը… դուն տղաս ձեռ­նար­կու­թիւն­նե­րէ գա­ղա­փար չու­նիս…
— ­Սա­կայն ին­չո՞ւ այդ­պէս կ’ը­սէք պա­րոն հո­վիւ…
— Կ’ը­սեմ տղաս… ո­րով­հե­տեւ այս­քան ոչ­խար­նե­րուն մէ­ջէն… գա­ցիր ե­կար… եւ դուն իմ մէկ հա­տիկ շունս զա­տե­ցիր…

minsar55@gmail.com