Կէս լուրջ — կէս կատակ

0
145

Ան­հանգս­տա­նա­լու բան չկայ…

ՄԻՆՍԱՐ

«­Բե­րանդ գո­ցէ՛, ձա՛յնդ չլսեմ,
Պա­տաս­խան մի՛ տար, խե՛րդ կ­’ա­նի­ծեմ…
Ծօ ալ հե՛­րիք է, կեանքս ծծե­ցի՛ր,
Հարս հա­գած ժա­մէս հո­գի՛ս հա­նե­ցիր…
Քեզ ա­ռած օրս, ա՜խ… պա­կա՛ս ըլ­լար,
Ո՛տքդ կոտ­րէիր պսակ­նիս չըլ­լա՛ր…
Լե­զո՛ւդ բռնո­ւէր, կա­թո­ւա՛ծ ըլ­լա­յիր,
­Թող ա՛չքդ քէօր­նար դէմս չել­լա­յի՛ր…
Ծօ քեզ­մէ ա­ռաջ մէկ սի­րի ան­ձեր,
­Տոք­թոր­ներ յայտ­նի, մե՜ծ փաս­տա­բան­ներ…
Ե­տե­ւէս ին­կան, շա՜տ ա­ղա­չե­ցին,
Տու­ներ­նիս ե­կան ձեռքս խնդրե­ցին…
­Բայց դուն ե­կուր տես, որ իմ սեւ բախ­տէս,
­Դէմս դո՛ւն ել­լար… լի՛րբ, կո՛շտ, ա­նե­րե՛ս…
Բա­րի բախտ ե­ղե՜ր… եա­նա­սի՜պ, պար­գե՜ւ,
Շ­նո՜րհք, հրի­տա՜կ, փալփ­լուն Ա­րե՜ւ…
Գ­նա՛, կոր­սո­ւէ՛ աչ­քիս առ­ջե­ւէն,
­Փոր­ձանք մը չե­կած գլուխդ նո­րէն»…
Դեռ շա՜տ խօ­սե­ցաւ տի­կին Եպ­րաք­սին,
­Խայ­տա­րակ ը­րաւ խե՜ղճ ա­մու­սի­նին…
«Իշ­հալ­լայ սատ­կի՛ս, քէօր­նա՛ս իշ­հալ­լայ»,
­Ծօ այս­քան ա­նէծք մարդ կը դի­մա­նա՞յ…
* * *
Թ­շո­ւա՜ռ ­Զա­քա­րեան բա­րի մը նստած,
Ան­ցած դար­ձա­ծէն բան չհասկ­ցած…
Գ­լու­խը ծռած, նա­յո­ւած­քը գե­տին,
Փոր­ձանք մը նո­րէն չե­կած գլու­խին…
Պա­պան­ցում կտրած հէչ չխօ­սե­ցաւ,
Սու­սիկ ու բու­սիկ խո­հա­նոց մտաւ…
Ա­թոռ մը քա­շեց, սրտնե­ղած նստաւ,
Ու խոր­հուրդ­նե­րուն մէ­ջը թա­ղո­ւե­ցաւ…
Ար­դէն ճա­շե­լու ա­խոր­ժակ չու­նէր,
­Վեր­ջին շրջա­նին շա՜տ նի­հար­ցած էր…
«­Ժամ ա­ռաջ ել­լամ, խա­նութս եր­թամ,
«Ան­գամ մը նո­րէն սա տու­նը չգամ…
«­Սա­ւոր չէ­նէէն ալ ձեր­բա­զա­տո­ւիմ,
«Ես կնի՞կ ա­ռի, կա՞մ ­Վել­զե­վու­լին…
«­Կեանքս Դ­ժոխք է, ժանտ, ան­մարդ­կա­յին,
«­Բան­տար­կու­թիւն է, բիրտ, խո­ժո­ռա­յին…
«­Խե՛­րը ա­նի­ծեմ ես ա­սանկ բախ­տին,
«Ե­րա­նի մի­նակ, ա­զատ ապ­րո­ղին…
«­Հե՛­րիք է եղ­բայր, ես ալ հո­գի եմ,
«Այս­քան գէ­շու­թեան ինչ­քա՞ն համ­բե­րեմ…
«­Դեռ որ­քա՞ն տո­կամ վի­րա­ւո­րան­քին,
«­Կար­ծես թէ ու­րիշ տէ՜րտ մէ՜րտ ես չու­նիմ»…
Ա­սանկ յո­ռե­տես մտա­ծում­նե­րով,
­Զա­քա­րեան ել­լաւ հա­գո­ւե­ցաւ շու­տով…
Ու ճամ­բայ ին­կաւ կի­նը լուր չա­ռած,
­Դու­ռը ե­տե­ւէն գո­ցե­լով կա­մաց…
* * *
Ան­ցան մէկ քա­նի եւս ա­միս­ներ,
­Բայց ­Զա­քա­րեա­յին կեան­քը նոյնն էր…
Աս­տու­ծուն օ­րը, կռիւ, բա­նա­վէճ,
­Վի­րա­ւո­րա­կան ա­նէծք­ներ ան­վերջ…
Ալ ան ոչ կ­՚ու­տէր, ոչ ալ կը խմէր,
­Ճա­շին չէր դպնար, ա­նանկ կը ձգէր…
­Կար­ծես ապ­րե­լու ա­խոր­ժակ չու­նէր,
­Սա­ռի կտո­րի նման կը հա­լէր…
Մ­նա­ցեր էր ճի՜շդ, ոս­կոր ու կա­շի,
­Քա­մին որ փչէ… կ­՚առ­նէ կը տա­նի…
­Խօս­քին շի­տա­կը… նաեւ Եպ­րաք­սին,
Մ­տա­հո­գո­ւե­ցաւ հա­լով ա­մուս­նին…
«­Սա­ւոր ես այ­սօր, ան­պայ­ման պէտք է,
«­Լաւ բժիշ­կի մը տա­նիմ, որ քննէ»…
Ու ա­ռանց եր­կար բա­րակ խոր­հուր­դի,
­Տա­րաւ փրո­ֆե­սոր մէկ հո­գե­բոյ­ժի…
Որ նախ ­Զա­քա­րեան ա­ղո­ւոր մը քննեց,
Ա­պա Եպ­րաք­սին գրա­սե­նեակ կան­չեց…
«Հ­րամ­մե­ցէք տի­կին, ներս ան­ցէք խնդրեմ,
«­Պէտք է որ ձե­զի բա­ներ մը ը­սեմ»…
«Ի՞նչ ու­նի տոք­թոր, ին­չո՞ւ չու­տեր կոր,
«Ա­խոր­ժա՞կ չու­նի, կա՞մ նազ կ­՚ը­նէ կոր…
«Ը­սէ՛ք, բա՞ն մը կայ, հի­ւա՞նդ է մի­թէ,
«Այս կա­ցու­թիւ­նը դի­մա­ցո­ւե­լիք չէ»…
Փ­րո­ֆե­սո­րը նախ կո­կոր­դը մաք­րեց,
­Թաշ­կի­նա­կով մը ակ­նո­ցը սրբեց…
Ա­պա խօ­սե­ցաւ՝ հան­դա՜րտ, մե՜ղմ, հան­գի՜ստ,
­Դի­մա­ցը նստած տիկ­նոջ ան­հան­գիստ…
«­Յար­գե­լի տի­կին խնդրեմ մի նե­ղո­ւիք,
«Մ­տա­հո­գո­ւե­լու պատ­ճառ մը չու­նիք…
«­Նի­հար է՝ սա­կայն, ձու­լի պէս հզօր,
«­Վատ հո­գե­կանն է խնդի­րը բո­լոր…
«­Պար­զա­պէս պէտք է աս­կէ ետք փո­խո­ւիք,
«Ու տար­բեր ձե­ւով իր հե­տը վա­ռո­ւիք»…
«­Նե­րե­ցէք տոք­թոր», ը­սաւ Եպ­րաք­սին,
Ի­րեն խրա­տող հմուտ տոք­թո­րին…
«Այ­սինքն ինչ­պէ՞ս… որ սխալ չը­նեմ,
«­Լու­սա­բա­նե­ցէք, ի՞նչ պէտք է ը­նեմ»…
­Գի­տու­նը կրկին կո­կոր­դը մաք­րեց,
­Նոյն թաշ­կի­նա­կով ճա­կա­տը սրբեց…
Ա­պա խօ­սե­ցաւ հա­մո­զիչ կեր­պով,
Այս ան­գամ սա­կայն, օ­րի­նակ­նե­րով…
«Օ­րի­նակ… սի­րած ճա­շը ե­փե­ցէք,
«­Խօս­քին դէմ մեր­թաք, միշտ մտիկ ը­րէք…
«­Բա­րե­կամ­նե­րով երբ կ­’ել­լէ կ’եր­թայ,
«­Թող ու­զած ժա­մուն տուն վե­րա­դառ­նայ…
«­Հա­գուս­տը մա­քուր, ար­դու­կո­ւած գտնէ,
«Չ­պա­տաս­խա­նէք խօսք մը ը­սէ նէ…
«­Հե­ռա­տե­սի­լին դի­մա­ցը ձեր տան,
«Ին­քը թող նստի բազ­կա­թո­ռին լայն…
«­Յայ­տա­գի­րը միշտ թող ին­քը ընտ­րէ,
«­Սի­րած ժա­պա­ւէ­նը ձգե­ցէք դի­տէ…
«Աս­տու­ծուն օ­րը զին­քը գո­վե­ցէք,
«­Ձեր բա­րի բախ­տին… ե­րա­նի՜ տո­ւէք…
«Ա­մէն ա­ռա­ւօտ իր մեկ­նած ժա­մուն,
«­Մէ­կա­կան համ­բոյր տո­ւէք այ­տե­րուն…
«Իր տուն ետ գա­լուն, տան սե­մին կանգ­նած,
«­Դի­մա­ւո­րե­ցէք… սաս­տիկ կա­րօտ­ցած…
«­Գո­վա­բա­նե­ցէք մի՜շտ ա­նուշ լե­զո­ւով,
«­Սիր­տը մի՛ կոտ­րէք պա­րապ բա­նե­րով…
«­Կօ­շի­կը, գուլ­պան, ոտ­քէն հա­նե­ցէք,
«Ու լո­ւա­լէ ետք մու­ճակ հագ­ցու­ցէք…
«­Հո­գե­կա­նը ցած պէտք չէ որ մնայ,
«Այլ՝ ա­մէն ձե­ւով պէտք է բարձ­րա­նայ…
«Իր այս վատ հա­լը թէ շա­րու­նա­կո­ւի,
«­Ձեզ դժբախ­տա­բար… կը տես­նեմ այ­րի…
«­Պէտք է ան­պայ­ման իր կեան­քը փո­խո­ւի,
«­Թէ ոչ… տաս­նը­հինգ օ­րէն կը մեռ­նի»…
* * *
Ինք­նա­շար­ժին մէջ, տուն վե­րա­դար­ձին,
­Ղե­կը ձեռ­քե­րուն բռնած Եպ­րաք­սին…
­Մէկ կող­մէն օ­թօն խրսով կը քշէր,
­Միւս կող­մէն ներ­սէն… գէշ կը հայ­հո­յէր…
«Առ քե­զի հի­մա, կե­ցած տե­ղեր­նիս,
«­Նոր պէ­լա դրինք հան­դարտ գլուխ­նիս…
«Ու­զա­ծը ե­ղեր պէտք է որ ը­նեմ,
«­Քա ա­ւե­լի լաւ… թոյն տո­ւէք խմեմ…
«­Հո­գե­կա­նը շատ ին­կեր է ե­ղեր,
«Ա­տոր հա­մար ալ այս­քան նի­հար­ցէր…
«­Բան մըն ալ չու­նի… եւ ի՞նչ կ­՚ըլ­լայ որ,
«Ը­րա­ծը նազ է, կեղ­ծիք պո­չա­ւոր…
«Ախ­տա­ճա­նա­չում ան­կեղծ թէ կ­՚ու­զէք,
«­Դուք ե­կէք միայն ին­ծի՛ հար­ցու­ցէք…
«­Հո­գե­բոյժ ե­ղեր, գի­տո՜ւն, ա­նո­ւա­նի՜,
«­Քա ա­սանկ մար­դու տիպ­լո՞մ կը տրո­ւի»…
Ու ճիշդ ա՛յդ պա­հուն, մեր խե՜ղճ ­Զա­քա­րեան,
Կն­կան կողմ դար­ձաւ, դէմ­քով հար­ցա­կան…
«Եպ­րաք­սի, հո­գիս, քե­զի ի՞նչ ը­սաւ,
«Բ­ժիշ­կը հետդ ին­չո՞ւ խօ­սե­ցաւ…
«­Վի­ճակս ծա՞նր է, ա­զա­տում չու­նի՞մ,
«Ի՞նչ պէտք է ը­նենք, որ ա­պա­քի­նիմ»…
Եպ­րաք­սին ար­դէն սաս­տիկ բոր­բո­քած,
­Կոշտ պա­տաս­խա­նեց, բուռն զայ­րա­ցած…
«­Տոք­թո­րը ը­սաւ բնաւ չնե­ղո­ւիս,
«Մ­տա­հո­գո­ւե­լու պատ­ճառ մը չու­նիս…
«­Միայն գիտ­ցիր, որ տաս­նը­հինգ օ­րէն,
«­Պիտ՚ սատ­կիս եր­թաս դուն այս աշ­խար­հէն»…

minsar55@gmail.com