Համացանցային որսորդութիւններ
Երեք կիները եւ երջանկութիւնը…
ՄԻՆՍԱՐ
Հին տարիներուն, երեք կիներ միասնաբար կը ճամբորդէին, երբ յանկարծ տեսան, հսկայ ու խորունկ փոսի մը մէջ ինկած չորրորդ կին մը…
Անակնկալի եկան, բայց անմիջապէս հասկցան, որ այդ կինը՝ Երջանկութիւնն էր…
Երեք կիներէն առաջինը ըսաւ…
— Երջանկութիւն, կ’ուզեմ ինծի գեղեցկացնես…
Անմիջապէս վերածուեցաւ շատ գեղեցիկ կնկան մը եւ ուրախ-զուարթ մեկնեցաւ…
— Երկրորդ կինը ըսաւ…
— Երջանկութիւն, կ’ուզեմ ինծի հարստացնես…
Անմիջապէս՝ ոսկիներով եւ ադամանդներով լեցուն տոպրակ մը ներկայացաւ առջեւը… կինը յափշտակեց տոպրակը եւ ինքն ալ, ուրախ-զուարթ մեկնեցաւ…
Երրորդ կինը լուռ կը մնար…
Ինկած փոսին մէջէն, Երջանկութիւնը հարցուց…
— Ըսէ նայիմ, դուն ի՞նչ կ’ուզես որ տամ քեզի…
Երրորդ կինը դէպի փոսը ծռեցաւ եւ ձեռքը երկարելով ըսաւ…
— Ձեռքդ տուր ինծի…
Եւ օգնեց, որ երջանկութիւնը ինկած փոսէն դուրս ելլայ…
Ետքը՝ շարունակեց իր ճամբան…
Երջանկութիւնը ժպտեցաւ եւ իրեն հետեւեցաւ…
minsar55gmail.com