Համացանցային որսորդութիւններ

Տիոկենիս եւ արքայի բանագնացը…

ՄԻՆՍԱՐ

Օրին մէկը Տիոկենիս, տունի մը սեմին նստած, պնակ մը ոսպ կ’ուտէր…
Լման Յունաստանին մէջ, ոսպապուրէն աժան ճաշ չկար…
Երկու խօսքով՝ եթէ մէկը ոսպապուր ուտէր, այդ կը նշանակէր, որ չափազանց աղքատ էր…
Ճաշած պահուն, արքային բանագնացը անցաւ ու իր կերածը տեսնելով ըսաւ…
— Խե՜ղճ Տիոկենի, եթէ սորվէիր անհնազանդ չըլլալ ու քիչ մըն ալ արքային սիրաշահէիր, հիմա պարտաւոր պիտի չըլլայիր, շարունակ ոսպապուր ուտելու…
Տիոկենիս ճաշելը դադրեցուց, գլուխը բարձրացուց եւ ուղղակի բանագնացին աչքերուն մէջ նայելով, պատասխանեց…
— Ա՜յ խեղճ եղբայրս… եթէ դուն ալ սորվէիր քիչ մը ոսպապուր ուտել, պարտաւոր պիտի չըլլայիր, շարունակ արքային հնազանդելու եւ սիրաշահելու…

minsar55@gmail.com